
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ հերթական այց՝ Արցախի սահմանային զօրամասեր: Այցին մասնակցեցան Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Տիանա Յովսէփեանը, վարչութեան միւս անդամները, Հ.Օ.Մ.-ի ,Ուժեղ Բանակ, Ամուր Սահման` Հզօր Հայրենիքե յանձնախումբը, միութեան Արցախի մէկուսի միաւորի վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Դադայեանը եւ փոխատենապետուհին, նաեւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի Հ.Օ.Մ.-ի գրասենեակի տնօրէն եւ Արցախի բարերար Ժասմէն Բունիաթեանը:
Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Տիանա Յովսէփեանը իր խօսքին մէջ նշեց, թէ.- ՝՝Մեր ազգային պայքարում պարտադիր չէ բոլորի ձեռքին զէնք լինի, սակայն պարտադիր է բոլորս լինենք զէնք բռնողների կողքին, որովհետեւ դա էլ է պայքար, որովհետեւ հզօր զէնք է նաեւ թիկունքում համախմբուած ու անկոտրում աշխատանքը: Զէնք բռնողի թիկունքն ամուր պահելը վեհ առաքելութիւն է, եւ այդ առաքելութիւնը արդէն 126 տարի է իր ուսերին է կրում համահայկական սփռում ունեցող, բարեսիրական կազմակերպութիւն Հ.Օ.Մ.-ը՝՝:
Հ.Օ.Մ.-ուհիները այցելութեան ընթացքին հանդիպեցան հրամանատարական կազմի եւ դիրքապահ զինուորներու հետ, ծանօթացան անոնց առօրեային, իրենց մայրական երախտագիտութեան եւ բարեմաղթանքի խօսքը յղեցին մաղթելով բարի եւ խաղաղ ծառայութիւն: Պատուիրակները յանձնեցին նուէրներ, անհրաժեշտ պիտոյքներ եւ դեղօրայք: Նաեւ, Երկօրեայ այցի ընթացքին պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Արցախեան պատերազմի հերոսներ՝ Պետրոս Ղեւոնդեանի, Շահէն Մեղրեանի եւ Վահէ Պաղտասարեանի յուշաքարերուն` մատուցելով իրենց յարգանքի տուրքը անմահ հերոսներուն: