Լրահոս

Հայ Դատի Համայնքային Արշաւը՝ ճէյ․ Տի․ Վենսի Հայաստան Այցելութեան Ընդառաջ

Հայ Դատի յանձնախումբը, Ա․Մ․Ն․ փոխնախագահ Վենսի մօտալուտ տարածաշրջանային այցելութեան ընդառաջ, ելեկտրոնային հարթակին միջոցով սկսած է ամերիկահայ համայնքին հետ կապ հաստատե, որպէսզի նամակ յղեն Վենսին եւ նշել հետեւեալ կէտերը,-

  • Պահանջել հանդիպում Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի կալանքի տակ գտնուող հայ գերիներուն հետ եւ հրապարակաւ պահանջել անոնց անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակումը։ Հայաստանի մէջ գտնուելու ընթացքին հանդիպիլ վերջերս ազատ արձակուած հայ գերիներուն, անոնց իրաւական ներկայացուցիչներուն եւ տակաւին կալանքի մէջ գտնուողներու ընտանիքներուն։
  • Հանդիպիլ Հայաստան ապաստանած տեղահանուած արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ հրապարակաւ աջակցիլ արցախահայերուն՝ իրենց տուները ապահով կերպով վերադառնալու հիմնարար իրաւունքին։
  • Կոչ ուղղել Ատրպէյճանին՝ անմիջապէս եւ անվերապահ կերպով դուրս բերելու իր զինուած ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն։
  • Կոչ ուղղել Ատրպէյճանին դադրեցնելու Արցախի հազարամեակներու հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան եւ քաղաքացիական սեփականութեան պղծումն ու ոչնչացումը։

Կը սպասուի, որ Վենսի գրասենեակը ստանայ տասնեակ հազարաւոր նամակներ։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button