Լրահոս

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԹՈՒԱՅԻՆ ՊԱՀՈՑԸ (HU REPOSITORY)

 


Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք, որ Հայկազեան համալսարանի Տէրեան եւ Պարսումեան գրադարաններու թուային պահոցը (HU Repository), ո-րուն մեկնարկը տրուեցաւ 28 Ապրիլ 2025-ին Տէրեան հայագիտական գրադարանին մէջ, բաց է հանրո-թեան առջեւ եւ իր մէջ կ’ընդգրկէ գիտական ու ակադեմական բազմաթիւ նիւթեր, որոնք եթէ մէկ կողմէ կ’արտացոլեն Սփիւռքի ու Հայաստանի գիտական մտքի բեղուն արգասիքը, միւս կողմէ անկեղծ ու հա-ւաստի վկայարան կը հանդիսանան համալսարանի եօթանասունամեայ կրթական վեհ առաքելութեան եւ ուսումնական բարձր մակարդակին:
17 Փետրուար 2026-ի դրութեամբ պահոցը կ’ընդգրկէ 1137 նիւթ. այսպէս՝

  • «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» 48 հատոր (1970-2025) եւ 757 յօդուած (1970-2016)
  • Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատուն 25 գիրք
  • Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն 2 գիրք, 8 գիտաժողովի նիւթ եւ վեր-ջինէս առանձնացուած 39 զեկոյց
  • Faculty of Business Administration and Economics 83 աւարտաճառ
  • Faculty of Social and Behavioral Sciences 175 աւարտաճառ

Վերոնշեալ նիւթերը ստացած են թուային առարկայի նոյնականացուցիչ (Digital Object Identifier – DOI), որ անհրաժեշտ է ո՛չ միայն անոնց տեսանելիութեան ու հասանելիութեան բարձրացման, այլեւ  թուային ինքնութեան հաստատման ու գիտական հետազօտութիւններու մէջ պատշաճ յիշատակման ու միջազգային ճանաչման համար:
Նշենք, թէ սոյն նոյնականացուցիչները ստանալու նպատակով համալսարանը 29 Մարտ 2024-էն պաշտօնապէս անդամակցած է Crossref միջազգային կազմակերպութեան, որ կը համակարգէ գի-տական հրատարակութիւններու նոյնականացուցիչի նշանակման գործընթացը՝ միաժամանակ ապա-հովելով անոնց միջազգային գրանցումն ու տարածումը:
Այսպիսով համալսարանը իր համեստ ներդրումը կը բերէ գիտա-ուսումնական աշխատութիւն-ներու համախմբման ծառայող թուային ենթակառուցուածքներու ձեւաւորման մէջ, ինչը կը նպաստէ գի-տելիքի պահպանման ու մատչելիութեան՝ փրկելով զայն ամբողջական կորուստէ:
Պահոց մուտք գործելու համար պարզապէս պէտք է սեղմել ներքոբերեալ յղումին վրայ.                                  https://haigrepository.haigazian.edu.lb/home

Որոնումներ կարելի է կատարել մատենագիտական տարբեր տուեալներու միջոցով. հեղինակի անուն, նիւթի վերնագիր, հրատարակութեան թուական, թեմա եւ այլն:
Բոլոր նիւթերը, բացի մագիստրոսական աւարտաճառերէն, կարելի է ազատօրէն ներբեռնել ու օգտագործել: Իսկ աւարտաճառերուն հասանելիութեան իրաւունք ստանալու համար պէտք է կապուիլ մեզի հետ՝ գրելով library@haigazian.edu.lb ե-հասցէին:
Ծրագիրը աւարտած չէ, եւ պահոցը պարբերաբար պիտի հարստանայ նորանոր նիւթերով՝ իր մէջ ընդգրկելով այն բոլոր մտաւոր արտադրութիւնները, որոնք գիտական ու կրթական երկարամեայ գործունէութիւնը կը բնորոշեն Հայկազեան համալսարանի:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button