Յօդուածներ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան առաջնորդ կրնայ դառնալ Ռեճէփ Էրտողանի զաւակը՝ Պիլալ Էրտողանը։

Ըստ «Պիրկիւն» պարբերականի յօդուածագիր Եաշար Այտընի, Էրտողան հանդիպում մը ունեցած է Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլէթ Պահչելիի հետ՝ քննարկելով Պիլալ Էրտողանը իշխող կուսակցութեան առաջնորդի դիրքին հասցնելու խնդիրը։ Քննարկման ժամանակ նկատի առնուած են Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին լարուած վիճակը, տնտեսական խնդիրները եւ արտաքին մարտահրաւէրները։ Ապա համաձայնութիւն գոյացած է, որ Պիլալ Էրտողան Նոյեմբերին ստանձնէ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութիւնը։

Իշխող կուսակցութեան վերնախաւին մէջ թէեւ բացայայտ դժգոհութիւն չկայ, սակայն  քուլիսներու ետին կը նշուի, որ այս ընթացքը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ, որովհետեւ յար եւ նման է սուլթաններու վարքագիծին։

*

    Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ արձանագրուեցաւ ծեծուըրտուք եւ իրարանցում՝ արդարադատութեան նոր նախարար Աքին Կուրլեքի երդմնակալութեան ընթացքին։

Երբ Կուրլեք մօտեցաւ ամպիոնին, ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան երեսփոխաններ գրաւեցին ամպիոնը եւ թոյլ չտուին, որ Կուրլեք իր երդումը կատարէ։ Այս պատճառով ալ ծեծուըրտուք եւ քաշքշուկ արձանագրուեցաւ՝ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու միջեւ։

Հակառակ ստեղծուած կացութեան, Կուրլեք եւ ներքին գործոց նոր նախարար Մուսթաֆա Չիֆթճի յաջողեցան իրենց երդումները կատարել։ Ընդդիմութիւնը չափազանց դժգոհ է Կուրլեքի նշանակումէն, որովհետեւ ան ընթացք տուած էր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան դէմ արշաւին։

*

Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս յայտարարեց,որ Թուրքիա կարեւոր գործընկեր մըն է Եւրոպական Միութեան համար՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ գործակցութեան հաստատման իմաստով։

Քոս, որ 6 եւ 7 Փետրուարին Անգարա այցելեց, նշեց,որ պէտք է գտնել նոր միջոցներ՝ նոր իրականութիւններու հակազդելու համար։ Ան սակայն կենսական համարեց, որ փոխադարձ վստահութեան նպաստող քայլեր առնուին՝ աւելի ընդգրկուն միջոցներու ձեռնարկելէ առաջ։

Ըստ Քոսի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ Կովկասի մէջ՝ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը խթանելով։ «Այս բոլորը անկարելի է իրագործել՝ առանց Թուրքիոյ գործակցութեան», ըսաւ ան։

*

Թրքական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այցելեց Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, ուր պաշտօնատարներու հետ քննարկումներ կատարեց թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններուն առաւել բարելաւման, ինչպէս նաեւ՝ շրջանային եւ ապահովական հարցերու շուրջ։

Թրքական պատուիրակութիւնը տեսակցութիւններ ունեցաւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին, Ներկայացուցիչներու Տան նախագահին, ինչպէս նաեւ՝ ծերակուտականներու եւ քոնկրէսականներու հետ։ Օրակարգի վրայ եղան Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի եւ Կազայի իրավիճակները։

*

Թուրքիա կը դիմագրաւէ վտանգաւոր երաշտ մը, որ կրնայ կառուցային եւ մնայուն ըլլալ։

Թրքական պետական օդերեւութաբանական ծառայութեան հրարապարակած յատուկ քարտէսները կը բացայայտեն երաշտի իրավիճակ մը, որ ամէնէն վտանգաւորն է վերջին յիսուն տարիներուն ընթացքին։

Օդերեւութաբանական հարցերու մասնագէտ Միքտաթ Քատիօղլուի համաձայն, անձրեւներու ցած մակարդակը  տկարացուցած է հողին խոնաւութիւնը, ինչպէս նաեւ նուազեցուցած է ստորգետնեայ ջուրերուն չափը։

*

      Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա ստորագրեցին յուշագիր մը՝ թրքական «Կէօքպէյ» ուղղաթիռը Սէուտական Արաբիոյ մէջ միացեալ նախաձեռնութեամբ  արտադրելու մասին։

Յուշագրին ստորագրման արարողութիւնը կատարուեցաւ Համաշխարհային Պաշտպանութեան Ցուցահանդէսին ծիրին մէջ՝ թրքական տիեզերային ճարտարարուեստներու եւ Սէուտական Արաբիոյ ներդրումներու, ընդհանուր իշխանութեան եւ զինուորական ճարտարարուեստներու նախարարութեան միջեւ։

Թուրքեւսէուտական այս արտադրութիւնը կարելի պիտի ըլլայ վաճառել դրացի երկիրներու։ Ուղղաթիռը ատակ է թռչելու կլիմայական ծանր պայմաններու մէջ։ Անիկա կը գործածուի  պետական պաշտօնատարներու ճամբորդութեան, բեռներու եւ հիւանդներու փոխադրութեան, ինչպէս նաեւ հետախուզական նպատակներու համար։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button