Յօդուածներ

Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի Մէջ՝ Իտէալական Դաշնակի՞ց, Թէ՞ Աշխարքաղաքզական Բեռ

 

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

18 Փետրուար 1952-ին, Թուրքիա պաշտօնապէս միացաւ ՆԱԹՕ-ի դաշինքին՝ ինքզինք ներկայացնելով իբրեւ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական բարձր նշանակութիւն ունեցող դաշնակից։ Աշխարհագրական դիրքը՝ Սեւ ծովու, Արեւելեան Միջերկրականի եւ Միջին Արեւելքի կեդրոնը ըլլալով, ՆԱԹՕ-ն ընդարձակեց իր ազդեցութիւնը, իսկ Թուրքիան ունեցաւ իր պաշտպանութիւնը երաշխաւորող ուժեղ դաշինք մը։ Թուրքիա-ՆԱԹՕ յարաբերութեան առաջին դաշտը կ՚ըլլայ Քորէական պատերազմը, որուն Անգարա իր մասնակցութիւնը բերելով՝ տրամադրեց ռազմավարական աջակցութիւն եւ յստակօրէն ինքզինք տեղակայեց արեւմտեան անվտանգութեան համակարգի կազմին մէջ՝ հակադրուելով Արեւելեան՝ այսինքն Խորհրդային Միութեան ղեկավարած պլոքին։

74 տարի ետք, Թուրքիան յաջողած է պահպանել ռազմավարական իր նշանակութիւնը եւ նոյնիսկ զայն ընդլայնած՝ այդ մէկը ըլլայ ՆԱԹՕ-էն ներս թէ դուրս։ Այսինքն, Անգարան աշխարհաքաղաքական, ռազմական, տնտեսական, առեւտրական եւ ռազմարդիւնաբերութեան բոլոր մարզերուն մէջ անտեսելը անկարելիութիւն է։ Ներկայիս, Միացեալ Նահանգներէն ետք, Թուրքիան ունի ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծագոյն բանակը՝ Մոնթրէոյի համաձայնագիրին հիման վրայ վերահսկելով Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցները։

2025-ի ՆԱԹՕ-ի ռազմական ծախսերուն համաձայն՝ Թուրքիոյ պաշտպանական պիւտճէն կը կազմէ 22.1 միլիառ տոլար, այսինքն՝ համախառն ներքին արդիւնքի 2.33 տոկոսը։ Սակայն, այս պատկերը յստակօրէն տեսնելու համար պէտք է նշել, որ 2014-2025 տասնամեակին Թուրքիոյ պաշտպանական պիւտճէն 163.6 առ հարիւր աճ արձանագրած է։

Այս թիւերուն հիման վրայ կարելի է նկատել, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի դաշինքէն միակողմանի շահ ապահովող պետութիւններէն չէ։ Իրականութիւնը ամբողջութեամբ հակառակն է։ Թուրքիան դարձած է ՆԱԹՕ-ի հիմնական եւ ամենէն նշանակալի դաշնակից անդամներէն մէկը։ Դիւանագիտական ու քաղաքական կեցուածքները եւս ռազմավարական նշանակութիւնը կը վերածեն իսկական ազդեցութեան եւ ՆԱԹՕ-ի քայլերն ու որոշումները այս կամ այն կողմ մղելու գործիքի։ Հետեւաբար, վիճակը այնպէս մըն է, որ ՆԱԹՕ-ն օգուտ կը քաղէ Թուրքիոյ անդամակցութենէն, սակայն, միաժամանակ՝ սուղ գին կը վճարէ Անգարան պահելու ու գոհ պահելու համար։ Ի վերջոյ, ՆԱԹՕ-ի համար Թուրքիոյ գործնական կարիքը վերածուած է քաղաքական կաշկանդումի։

Advertisement Subscribe Today

Պաղ պատերազմի տարիներուն Թուրքիոյ դերը եւ վիճակը տարբեր էին։ Անգարա Խորհրդային Միութեան հետ սահմանային պետութիւն էր եւ հաւանական որեւէ հակամարտութեան պարագային առաջնագիծը ստանձնող ուժ։ Այսինքն, Թուրքիոյ նշանակութիւնը բարձր էր։ Այս իմաստով, Ինճիրլիքի ռազմական օդակայանը օրին դարձաւ ամերիկեան եւ դաշնակից ուժերու կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը։ Այսպիսով, Թուրքիան դաշնակից պետութիւն ըլլալու կողքին նաեւ Մոսկուայի դէմ ճնշում բանեցնելու դաշտ էր։

Սակայն, նոյնիսկ այդ տարիներուն, Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ կամ Թուրքիա-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններուն մէջ անվստահութեան որոշ երեւոյթներ սկսած էին զարգանալ։ 1963-ի Քուպայի հրթիռային տագնապին լուծման հետեւանքով, Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած ամերիկեան հրթիռները վերցուեցան՝ դառնալով Ուաշինկթըն-Մոսկուա լարուածութեան մեղմացման ուղղութեամբ քայլերէն մէկը։ Այսինքն, Անգարայի համար Թուրքիոյ անվտանգութիւնը դարձաւ սակարկութեան առարկայ մը հակամարտող գերտէրութիւններուն կողմէ։ 1974-ին Կիպրոսի մէջ թրքական գործողութիւնները եւս խորացուցին անվստահութիւնը, որովհետեւ թրքական անօրէն ռազմական միջամտութեան արդիւնքով, Ուաշինկթըն արգելակեց Անգարային զէնքի մատակարարումը։

Տասնամեակ մը առաջ, 1964-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Լինտըն Պէյնզ Ճոնսըն, Կիպրոսի մէջ թրքական հաւանական ռազմական գործողութեան մը լոյսին տակ, նամակ մը յղած էր Թուրքիոյ վարչապետ Իսմէթ Ինէօնիւին՝ հաստատելով. «Թուրքիոյ կողմէ ռազմական գործողութեան մը իրականացումը չի համապատասխաներ ձեր կառավարութեան՝ մեզի հետ լիովին խորհրդակցելու պարտաւորութեան… Ուստի, առաջին հերթին ես ձեզ պէտք է կոչ ուղղեմ խորհրդակցութիւն կատարելու Միացեալ Նահանգներուն հետ՝ նախքան նման քայլ մը առնելը… Մենք ձեզ կը համարենք մեծ դաշնակից մը, եւ ձեր անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը ամերիկացի ժողովուրդին հոգածութեան առարկան եղած են»։

Պաղ պատերազմէն ետք, Թուրքիոյ նշանակութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Անգարա աշխուժ եւ տեսանելի մասնակցութիւն բերաւ Պոսնիոյ, Քոսովոյի, Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ զանազան այլ երկիրներու մէջ ՆԱԹՕ-ի ռազմական գործողութիւններուն։ 2012-ին Իզմիրի մէջ հաստատուեցաւ ՆԱԹՕ-ի ցամաքային ուժերու հրամանատարական կեդրոն մը։ Սակայն, լարուածութեան մակարդակը շարունակեց ոչ միայն բարձրանալ, այլեւ՝ բարդանալ։

Առաջին. ՆԱԹՕ-ի մէջ որոշումները միաձայնութեամբ պէտք է կայանան։ Այս մէկը երեւութապէս կրնայ միասնականութեան շեշտադրում ըլլալ, սակայն Թուրքիոյ նման պետութեան մը համար քաղաքական ազդեցութեան գործիք է։ Վերջին տարիներուն, Թուրքիա արգելակեց Ֆինլանտայի եւ Շուէտի մուտքը ՆԱԹՕ։ 2023-ին Ֆինլանտա յաջողեցաւ մաս կազմել ՆԱԹՕ-ի, մինչ Շուէտը՝ 2024-ին։ Այս երկու պետութիւնները, Թուրքիոյ համաձայնութիւնը ստանալու համար, իրականութեան մէջ պարտաւորուեցան վերացնել դէպի Անգարա ռազմական սարքերու արտածման սահմանափակումները, խստացնել Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ նկատուող խումբերու դէմ իրենց կեցուածքները, արտօնել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ընդդիմադիր դէմքերու յանձնումը Անգարա եւ կատարել նման այլ զիջումներ։

Երկրորդ. 2017-ին ռուսական S-400 հակաօդային սարքերու ներածումը պատճառ դարձաւ, որ Անգարա հեռացուի ամերիկեան F-35 ռազմական օդանաւերու ծրագիրէն։ Միւս կողմէ, Թուրքիոյ այս քայլը ստեղծեց այն տրամադրութիւնը, որ Անգարա կրնայ որեւէ ժամանակ, դժգոհութեան պատճառով, լքել արեւմտեան ռազմական համակարգը եւ միանալ Ռուսիոյ։ Հետեւաբար, ՆԱԹՕ-ի մէջ Թուրքիոյ ռազմական լայն ներդրումներն ու նշանակութիւնը միաժամանակ կը ներկայացնեն ինքնուրոյն գործելու եւ որեւէ դժգոհութիւն ռազմական կամ դիւանագիտական հարցի վերածելու տրամադրութիւն։

Երրորդ. Սուրիոյ, Լիպիոյ, Հարաւային Կովկասի, Ուքրանիոյ, Կիպրոսի եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ Յունաստանի դէմ Անգարայի ռազմական, դիւանագիտական եւ քաղաքական ինքնագլուխ գործելակերպը եւ յատուկ շահեր հետապնդելու ընթացքը յաճախ հակադրուած են Միացեալ Նահանգներուն կամ ընդհանուր ՆԱԹՕ-ի որդեգրած քաղաքականութեան։ Պէտք է նաեւ նշել, որ այս երկիրներուն մէջ Թուրքիան շատ անգամ նաեւ հակադրուած է Ռուսիոյ։ Հաւասարակշռուած դիւանագիտութիւնը ընդհանուր առմամբ դրական կրնայ նկատուիլ որեւէ պետութեան պարագային, սակայն ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր մը որքան հաւասարակշռուած կրնայ ըլլալ, երբ կը գործակցի դաշինքին հետ հակամարտող պետութիւններու հետ կամ կը հակադրուի նոյնինքն դաշինքի քաղաքական կեցուածքներուն։

Չորրորդ. 2016-ի այսպէս կոչուած ռազմական ձախող յեղաշրջումէն ետք, Թուրքիոյ մէջ տարուէ տարի նուազեցան ժողովրդավարական սկզբունքները կամ ընդհանրապէս ազատութիւնները։ ՆԱԹՕ-ի անդամ բոլոր երկիրները ազատական ժողովրդավար համակարգեր ունեցող պետութիւններ են։ Այսինքն, Թուրքիա-ՆԱԹՕ լարուածութիւնը այսպիսով կը ստանայ նաեւ պետական համակարգային բնոյթ՝ չմոռնալով իսլամիստական եւ նէօ-օսմանեան ձգտումներու պատճառած գաղափարական տարակարծութիւնները։

7-8 Յուլիս 2026-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովը։ Իբրեւ հիւրընկալ պետութիւն՝ Թուրքիա պէտք է ինքզինք ներկայացնէ իբրեւ դաշինքի կայունութիւնը եւ միասնականութիւնը պահպանող անդամ։ Բնականաբար, ներկայիս Թուրքիան դաշինքի անդամ է, սակայն պէտք չէ զայն անփոխարինելի նկատել, որովհետեւ այդ պարագային ամբողջ դաշինքը պիտի իյնայ Անգարայի ճանկերուն մէջ։ Սակայն, արդեօք ՆԱԹՕ պիտի կարենա՞յ պահել դաշինքի կարգապահութիւնը եւ զսպել Թուրքիոյ ախորժակները։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button