Գլխաւոր
ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Չորեքշաբթի, Յունիս 24-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչները, գլախաւորութեամբ Հրանդ Մարգարեանի։
Առաւել քան ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, վերջերս Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան, Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին եւ Սուրիոյ Հայութեան հետ առնչուած հարցեր:


