Ազատ, Անկախ, Առցանց…
Վրէժ-Արմէն
Արդեօ՞ք։ Արդեօ՞ք մեր նշանաբանը պիտի փոխուի եւ «միացեալ»-ը փոխարինուի «առցանց» բառով՝ ըլլալու համար աւելի ժամանակակից, աւելի գործնապաշտ, թերեւս նաեւ աւելի… իրականանալի։
Կասկած չկայ, մեծ առաւելութիւններ կրնայ ներկայացնել այս արդի բառը՝ տարբեր ոլորտներու մէջ, ներառեալ ազգի համախմբման եւ մեր ժողովուրդի «ազգացման» տեսակէտէն, եթէ նման յղացք մըն ալ կրնանք երեւակայել։ Ոլորտներէն մէկը, առաջի՛նը՝ լեզուն է, լեզուի պահպանումն ու զարգացումը։ Արդարեւ, որքա՜ն կը դիւրանայ հայերէնի մնայուն գործածութիւնը, եթէ մեր առօրեայ բոլոր հաղորդակցութիւնները, թէկուզ մի քանի բառով, հայերէն կատարուին, հայատա՛ռ հայերէն, ըլլա՛յ արեւելահայերէն, ըլլա՛յ արեւմտահայերէն։ Ահա աշխատանքի լայն դաշտ մը՝ հրահրելու համար մեր բոլոր կազմակերպութիւնները եւ ազգակիցները՝ իրենց հաղորդագրութիւնները, յիշեցումները, սիրայի՛ն թէ այլ զեղումները հայերէնով ընելու համար։ Համացանցը այս տեսակէտէն մեր բարեկամն ու զօրավիգը պէտք է նկատել, փոխանակ մեր հակառակորդը կամ թշնամին։ Մանաւանդ որ միջոցներ ալ կը հայթայթէ ինքնասրբագրման, ուղղագրական թէ քերականական առումով։ Կարեւորը՝ գիտնանք օգտուիլ անկէ ու մեր զաւակներուն թէ մեր թոռներուն փոխանցենք զայն գործածելու սովորութիւնը։ Երկրորդ ոլորտը մշակոյթն է։ Մշակոյթը՝ իր բոլոր մարզերով։ Առանց որեւէ դժուարութեան, հնարաւոր է ամէն տեղեկութիւն ստանալ, գրաւոր, պատկերաւոր թէ ձայնաւոր՝ մեր գրականութեան, կերպարուեստին, ճարտարա պետութեան թէ երաժշտութեան վերաբերեալ, գտնել որեւէ գիրք, թերթել որեւէ նիւթի նուիրուած ալպոմ, մէկ-երկու ստեղի չխկացումով՝ ունկնդրել որեւէ հոգեւոր թէ աշխարհիկ երգ, դասական թէ արդի յօրինում. Նոյնը՝ բոլոր այլ մարզերու պարագային՝ գիտական թէ մարզական, ընկերային թէ բժշկական եւ այլն։ Երրորդ ոլորտը պատմութիւնն է, եւ ինչպէս միւս ոլորտներուն պարագային, հոս ալ կարելի է մեր տարեգրութեան որեւէ էջը բանալ, որեւէ դէմքի կամ դէպքի մասին մանրամասնութիւններ գտնել՝ ուզուած խորութեամբ, քանի մը տողով թէ բազմահարիւր կամ նոյնիսկ բազմահազար էջերով։ Կարելի է առցանց մեր բոլոր դասաւանդութիւններուն ու դասընթացքներուն, նոյնպէս ներկայ ըլլալ ձեռնարկներուն, անոնք դասախօսութիւն ըլլան թէ թատերական ներկայացում, կարելի է մասնակից ըլլալ պատարագներուն ու կրօնական այլ արարողութիւններուն, տակաւին անհատական գետնի վրայ՝ կարելի է տարեդարձ շնորհաւորել, իրարու բաժակ վերցնել, քուէարկել եւ այլն, եւ այլն։
Գիտենք, թէ ո՛րքան ցրուած ենք այսօր։ Եթէ առաջ տարագրութիւնը ողբերգութիւն մըն էր, – եւ է՛ տակաւին շատ ժողովուրդներու, ներառեալ մեզի՛ համար, – այսօր մենք յաճախ կամովին կը հեռանանք մեր բնակած վայրերէն, ձեւով մը՝ կամովին կ՚աքսորենք մենք զմեզ՝ յանուն յաւելեալ շահի, յանուն յաւելեալ հանգիստի։ Երբեմն ալ՝ ստիպողաբար. «ուր հաց՝ հոն կաց»։ Առանց համացանցին, ինչպէ՞ս կրնանք կապուիլ մեր հարազատներուն հետ, մեր ծնողներուն թէ մեր զաւակներուն ու թոռներուն հետ, վայելել անոնց ժպիտն ու ծիծաղը, զրուցել, պատմել մեր անցուցած օրուան կամ շաբթուան մասին, մեր կատարած ճամբորդութեան, մեր յաջողութեան կամ հանդիպած մէկ դժուարութեան մասին։
Այս օրերուն աւելի ու աւելի կը շեշտուի մեր ցրուածութեան երեւոյթը, Սփիւռքը կը գրաւէ մեր ուշադրութիւնը, Սփիւռքը վերակազմակերպելու կամ նոյնիսկ կազմակերպելու հրամայականը կը շեշտուի։ Հզօրացնելո՛ւ։ Զայն օժտելու կառավարման նոր կառոյցներով։ Կարելի՞ է երեւակայել Սփիւռք՝ առանց առցանց հաղորդակցութեան հնարաւորութեան։ Տեւակա՛ն հաղորդակցութեան։ Հայրենիքի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայութեան միջեւ։ Տարբեր գաղթօճախներու, տարբեր համայնքներու միջեւ։
Կը խօսինք Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան մասին։ Ինչո՞ւ նկատի չունենանք Արեւմտեան Հայաստանը, Ջաւախքն ու Նախիջեւանն ալ։ Նկատի ունենանք համայն հայկական միասնութիւնը՝ հայաբնակ թէ անհայաբնակ մեր բոլոր հողերով, աշխարհի բոլոր վայրերով, ուր կ՚ապրին անհամար հայեր, թէ թէկուզ մէկ հայորդի։ Այսինքն հայաշխարհի՛ միասնութիւնը։ Իսկ այս բոլորը՝ առա՞նց համացանցի։
Սակայն՝ արդեօ՞ք։ Արդեօ՞ք մեր երազը պարզապէս համացանցային երազի պիտի վերածուի։
«Ազատ, անկախ եւ առցանց Հայաստա՞ն»։
Երբ գրի կ՚առնեմ այս տողերը, քիչ մը հեգնանքով, բայց շատ ալ տառապանքով, կը զգամ, որ գրասեղանիս վրայ թիզուած գիրքերուն մէջէն ծուռ-ծուռ ինծի կը նայի Յակոբ Օշական։ Կը ստիպուիմ բանալ Մարկ Նշանեանի խմբագրած «ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐ. Յակոբ Օշական» հատորը (Արաս, 2024, Իսթամպուլ), որուն առաջին էջերուն վրայ կը կարդամ հետեւեալ պատգամը (այստեղ երեք պարբերութիւն, առանց նոր տողի, միասին ներկայացնելով). «“Հայաստանեայց գրականութիւն”ը [որ Օշականի ստորագրած յօդուածն է «Մեհեան»ի մէջ 1914ին] հրաւէր մըն է ցեղին զաւակներուն։ Հրաւէր մըն է ան դէպի այն ափերը, դէպի այդ տարածութիւնները, ուր դարաւոր ընտելացման մը հետեւանքով ցեղը ինքզինքը աւելի համարձակ, իր հաճոյքներուն մէջ աւելի սրտազեղ ու տառապանքին ատեն աւելի երկիւղած ու տրոփուն կը գտնէ։ Հրաւէր մըն է ան դէպի հայրենի երկիրը, որ մեզի պէս ստրուկ ցեղերուն մէջ ոտքի մնացող միակ աստուածութիւնը պէտք է ըլլայ»։
Որքան ալ առցանցը իր ներկայութիւնը պիտի պարտադրէ, ու մենք ալ պիտի օգտուինք անկէ, իրաւունք ունի՞նք սակայն հրաժարելու մեր այդ աստուածութե նէն։ Ո՛չ, ամե՛նեւին։ Ուստի, միշտ՝
– Ազատ, անկախ ու միացեալ…

