

Մթնոլորտը տաք է եւ կը մրցի կլիմային հետ…Այսպէս, Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր սահմանային գիւղերը, ամէն հայ կը սպասէ հեռաւոր Հարաւային Ափրիկէի մէջ կատարուող Աշխարհի Ոտնագնդակի ախոյեանութեան մրցումներու ազդանշանին եւ հեւ ի հեւ, մեծ խանդավառութեամբ կը հետեւի արդիւնքներուն:
Փոքր տարիքէն, մինչեւ ալեհեր պապուկը, կը կատարեն իրենց վերլուծումներն ու »եթէ«ական հարցադրումները: »Եթէ, գնդակը սիւնին չզառնուէր եւ մուտք գործէր բերդէն ներս, Ճափոն կարիքը պիտի չունենար տուգանքային հարուածներու…ուր տեղի տուաւ« կը յայտնէր մէկ հանդիսատեսը, լափալիսեան իրականութիւն մը աւելցնելով եւ հրահրելով Փարակուէյի կազմի պաշտպան դրացի մը, որ իր կարգին, կը պատասխանէր թէ. »Ճափոնի բերդն ալ հրաշքով փրկուեցաւ, Փարակուէյի գրոհներէն…«:
Այսպիսի բիւզանդական (թէեւ Իտալիոյ կազմը դուրս մնացած է…) բնոյթ ունեցող վիճաբանութիւններ շատ են, Երեւանի թէ աշխարհի բոլոր տուներէն եւ յատկապէս փողոցներէն ներս:
Մինչ այդ փոքր թէ լայնատարած դաշտերու, լքուած հողաշերտերու եւ նոյնիսկ երկրորդական փողոցներու վրայ, արդէն իսկ լաճ տնաւերներ, իրենց նախընտրած երկրին եւ մարզիկին շապիկը կրելով, կը կատարեն իրենց թաղային…ռայոնական մոնտիալը:
Երիտասարդներն ալ մաս կը կազմեն այս փաղանգին, կրելով իրենց նախասիրած կազմին ու մարզիկին շապիկը: Դեռ յառաջիկայ օրերուն, մթնոլորտը աւելի խանդավառութիւն պիտի ստեղծէ: Ի վերջոյ իսկական ֆութպոլը՝ ոտնագնդակը իր բոլոր անարդար սուլոցներով շատ աւելի հետաքրքրական է քան »ֆութպոլային քաղաքականութիւն«ը:

Նոյնիսկ, կարգ մը շրջաններ այնքան մը խանդավառութիւն ստեղծած են, որ նաեւ հանդիսատեսներու թիւն ալ շօշափելի յաւելում կրած է: Նաեւ Կանաչ դաշտերուն վրայ, նշելի են յիշատակելի եղափոխութիւններ: Միջազգային գաղթ, արտագաղթ, ներգաղթ…Այնքան մը որ եւրոպական կարգ մը կազմերու մէջ ափրիկեան եւ միջին արեւելեան անուններ կրող մարզիկներ, կը մրցին »Հին ցամաքամաս«ի երկիրներու շապիկներով: Ամէնէն աւելի հետաքրքրականը, մէկ այն երեւոյթն էր, որ երկու եղբայրներ կը կրեն տարբեր երկիրներու ազգային խումբին շապիկները: Եւ աւելին այդ »թշնամի« եղբայրները՝ գերմանացի Պոաթէնկ եւ ղանացի Փրինս առիթն ալ ունեցան իրարու դէմ ճակատելու…:
Ալ աւելին, այդ հնչող եւ ականջը ծակող փողերուն՝ »վուվուզելա«ներուն նման գործիքներ կը հնչեն: Երբ Մայիս 15, 2004ին յայտարարուեցաւ, թէ Հարաւային Ափրիկէ պիտի հիւրընկալէր 2010ի Աշխարհի բաժակի մրցումները, թափ առաւ վուվուզելայի ժողովրդականութիւնը, եւ նոյն օրը շուրջ 20 հազար գործիքներ վաճառուեցան փողոցներու մէջ:
Սակայն վուվուզելան աղմկալից գործիք մըն է, հետեւաբար կասկած չկայ, թէ ոմանք չեն սիրեր զայն:
Հարաւային Ափրիկէի մէջ, փողային գործիքներ միշտ ալ օգտագործուած են, յատկապէս ծանօթ է փողահար Նիու Մասիքիլան, որ բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցաւ իր կազմին հետ: Ափարթէյտի օրերուն, ան տարիներ շարունակ ապրած էր Միացեալ Նահանգներ: Իր նուագած գործերէն (յօրինում՝ Ֆիլեմոն Հու) մէկը՝ »Grazing in the grass« մեծ խանդավառութիւն ստեղծած ու շաբաթներ շարունակ ամէնէն աւելի ունկնդրուող գործը: