Օրը Օրին.- ՈՂԻՄՊ­Ի­Ա­ԿԱՆ ԽԱ­ՂԵ­ՐԸ ԱՌԻ՞Թ ԵՐ­ԿՈՒ ՇԱ­ԲԱԹ ՄՈՌ­ՆԱ­ԼՈՒ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ԴԱՇ­ՏԸ – ԱՅՈ՛ ԵՒ Ո՛Չ

0 0
Read Time:12 Minute, 38 Second

 ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

Մօտ ու­թը տա­րի­նե­րէ ի վեր Լոն­տոն կը պատ­րաստ­ուէր ըն­դու­նե­լու նոր ժա­մա­նակ­նե­րու 30րդ Ամառ­նա­յին Ողիմպ­եա­կան խա­ղե­րը:  Այս եր­րորդ ան­գամն է որ Լոն­տոն կը հիւ­րըն­կա­լէ աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն մար­զիկ­նե­րը, դառ­նա­լով‘ մի­ա՛կ քա­ղա­քը որ ըն­դու­նած կ՛ըլ­լայ Ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րը երեք ան­գամ. առա­ջի­նը‘ 1908ին իսկ երկ­րոր­դը‘ 1948ին:  Այս տա­րի մաս­նակ­ցե­ցան 205 եր­կիր եւ ոչ ան­կախ երկ­րա­մա­սեր իրենց 15 հա­զար մար­զիկ­նե­րով: Չորս տա­րի­ներ առաջ Փէյ­ճին­կի մէջ մաս­նակ­ցած էին 10,942 մար­զիկ 204 եր­կիր­նե­րէ հա­ւա­քե­լով 302 մե­տալ:  Յի­շենք որ 1896ի Աթէն­քի առա­ջին Ողիմպ­ի­ա­կա­նին կը մաս­նակ­ցէ­ին 241 մար­զիկ եկած 14 եր­կիր­նե­րէ հա­ւա­քե­լով‘ 43 մե­տալ: 112 տա­րի­նե­րուն նուաճ­ուած է 4503 ոս­կէ մե­տալ:

Ամէն աշ­խա­տանք տար­ուած էր ապա­հո­վե­լու Լոն­տո­նի Ողիմպ­ի­ա­կան կղզի­ին կեն­սո­լոր­տա­յին պայ­ման­նե­րը ապա­հո­վե­լով կա­նա­չա­պա­տու­մը եւ ստեղ­ծե­լով օդա­յին ամե­նա­մա­քուր մի­ջա­վայ­րը: 4000 ծա­ռեր տնկուած էին 2009 թուա­կա­նէն սկսեալ, առա­ջի­նը‘ ին­քը Էլի­զա­պէթ Բ. Թա­գուհի­ին ձեռ­քով:  Ողիմպ­ի­ա­կան կո­մի­տէն յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն ու­զած էր դարձ­նել, այս ան­գամ, բնա­պահ­պա­նա­կան կա­յու­նու­թեան:

Զու­գա­հեռ այս ողիմպ­ի­ա­կա­նին, այս ան­գամ եւս, 147 եր­կիր­նե­րէ եկած 4 հա­զար հաշ­ման­դամ մար­զիկ­ներ եւս պի­տի մաս­նակ­ցին իրենց ողիմպ­ի­ա­կա­նին, որ ծնունդ առած էր 1948ին, առա­ջին ան­գամ, Լոն­տո­նի մէջ:  Կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բը կա­րե­լին ըրած էր ամէն յար­մա­րա­ւէտ մի­ջոց­ներ ստեղ­ծե­լու հաշ­ման­դամ մար­զիկ­նե­րուն հա­մար:

Անգլ­իոյ եղա­նա­կին ծա­նօթ է մար­զի­կը, անս­պա­սե­լի անձ­րեւն ու հո­վը կրնայ  ամէն արե­ւի երե­ւու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք ներ­կա­յա­նալ եւ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը խան­գա­րել:  Հա­կա­ռակ այս օդե­րե­ւու­թեան ան­յար­մա­րու­թեան, դարձ­եալ Ողիմպ­ի­ա­կա­նի նա­խա­գա­հու­թիւնը քու­է­ար­կած էր Լոն­տո­նը որ­պէս հա­ւա­քա­վայր 2012 թուա­կա­նի խա­ղե­րուն:

Չորս տա­րի առաջ, Չի­նաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք‘ Փէյ­ճինկ ան­նա­խըն­թաց գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րով մը բա­ցու­մը կա­տա­րած էր 29րդ Ամառ­նա­յին Ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րուն:  Կը սպաս­ուէր որ Անգլ­ի­ան գե­րա­զան­ցէր ատոր:  Բնու­թիւնը եղաւ ար­դար գո­նէ ան­գա­մի մը հա­մար եւ Յու­լիս 27, Շա­բաթ երե­կոյ­եան նո­րա­կա­ռոյց մար­զա­դաշ­տին մար­զիկ­նե­րը, մար­զա­սէր­ներն ու հիւ­րե­րը կրցան վա­յե­լել հրամց­ուած մե­ծա­ծախս եւ մե­ծա­ծա­ւալ յայ­տա­գի­րը:

Մեծն Բրի­տան­իոյ Մի­աց­եալ Թա­գա­ւո­րու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­ուէր ամ­բողջ երեք ժա­մեր հոն, իր ծնուն­դէն սկսեալ մին­չեւ 17-18րդ դա­րե­րու ճար­տա­րար­ուես­տա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւնը: Այ­նու­հե­տեւ իր գրա­կա­նու­թիւնը, մշա­կոյ­թը, վեր­ջա­պէս քա­ղա­քակր­թու­թիւնը հասց­նե­լով մին­չեւ դա­սա­կան ու “Պի­թըլզ“նե­րով աշ­խարհ եկող ար­դի երաժշ­տու­թիւնը:  Ու դեռ ներ­կա­յաց­ուե­ցան Հե­րի Փո­թերն կա­խար­դը ու “101 տալ­մադ­եան շու­նե­րը“, Մե­րի Փո­փըն­զը …: Վեր­ջա­պէս Բրի­տա­նա­կան Կայս­րու­թեան մը փառ­քը դի­տե­ցին մար­զա­դաշ­տի ներ­կա­նե­րը մինչ մօտ երեք միլ­ի­առ մար­զա­սէր­ներ աշ­խար­հի բո­լոր ան­կիւն­նե­րէն հե­ռա­տե­սի­լով  եւ այլ էլեքտ­րո­նա­յին կազ­մած­նե­րով հե­տե­ւե­ցան յայ­տագ­րին:  42 միլի­ոն տո­լար ծախս­ուած էր “հրաշք­նե­րու կղզի“ կոչ­ուած այս այգի­ին մէջ:

 

Բաց­ման հան­դի­սու­թեամբ, առա­ջին իսկ ռո­պէ­էն,  ար­դէն քա­ղա­քա­կա­նաց­ուած էր մար­զա­կան այս հա­ւա­քը:  Բրի­տա­նա­կան գա­ղու­թա­տի­րու­թիւնը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու արդ­ի­ա­կան մի­ջոց­նե­րով մուտք կը գոր­ծէր իւ­րա­քան­չիւ­րիս տու­նէն ներս, հա­մո­զիչ հան­րա­յին կար­ծիք մը ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով անգլ­ի­ա­ցի ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մա­մաբ:  Ծախ­սա­լից այս յայ­տագ­րին հա­մար ար­քա­յա­կան գան­ձէն ամէն մի­ջոց տրա­մադ­րե­լի էր ցոյց տա­լու աշ­խար­հին թէ տա­կա­ւին Մեծն Բրի­տան­ի­ան կը մնայ գերհ­զօր պե­տու­թիւն:  Էլի­զա­պէթ Բ. թա­գու­հին իր շքա­խում­բով պատ­ւոյ թրի­պիւ­նէն կ՛իշ­խէր մար­զա­դաշ­տին, երբ տո­ղան­ցող եր­կիր­նե­րու աւե­լի քան մէկ եր­րոր­դին առաջ­նոր­դը ան (Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան (Commonwealth)  եր­կիր­նե­րու կը վե­րա­բե­րի գրածս) յայ­տագ­րին բո­լոր տե­ւո­ղու­թեան կը շա­րու­նա­կէր քամ­ուած մնալ իր գա­հին վրայ, վստա­հա­բար մի՛շտ յի­շե­լով իր նախ­նի­նե­րու կա­տա­րած մե~ծ գոր­ծը Կայս­րու­թեան մի­աց­նե­լու Գա­նա­տա­յէն մին­չեւ Աւստ­րալ­իա ու Ափ­րի­կէ­էն մին­չեւ Գա­րիպ­եան կղզի­նե­րու եր­կիր­նե­րը:

ՄԱ­Կի գլխա­ւոր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն Ողիմպ­ի­ա­կան Խա­ղե­րու նա­խօ­րէ­ին կո­չով մը յայ­տա­րա­րած էր “ողիմպ­ի­ա­կան հրա­դա­դար“ ու­նե­նալ Յու­լի­սի 27էն Սեպ­տեմ­բեր 9 օրե­րուն, որով­հե­տեւ ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րը կզօր ազ­դակ են, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուրդ­ներն ու պե­տու­թիւն­նե­րը կա­րե­նան մէկ կողմ դնել ամէն տա­րա­ձայ­նու­թիւն ու մի­ա­սին աշ­խա­տիլ:  Ան կ՛ըսէր“ “թող ողիմպ­ի­ա­կա­նի կրա­կը Լոն­տո­նի մէջ դառ­նայ խա­ղա­ղու­թեան լու­սար­ձակ“ յի­շեց­նե­լով պատ­մա­կան աւան­դոյ­թը հին Յու­նաս­տա­նի:  Ինք եւս, այդ օր բռնած էր ողիմպ­ի­ա­կա­նի դրօ­շը:

Մի՛շտ ալ իտ­է­ա­լա­կան հե­ռան­կար­նե­րով աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­նան յայ­տա­րա­րե­լով թէ մարմ­նա­մար­զը կրնայ աշ­խար­հը մի­ա­ւո­րել եւ հաս­տա­տել խա­ղա­ղու­թիւն:  Գո­նէ հին ժա­մա­նակ, ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րու օրե­րուն աշ­խար­հը կը յար­գէր այդ սկզբուն­քը, երբ զի­նա­դա­դար կ՛ըլ­լար եւ մարտն­չող եր­կիր­նե­րու մար­զիկ­ներ կը մեկ­նէ­ին Յու­նաս­տա­նի Օլիմբ­իա լե­ռը եւ կը վե­րա­դառ­նա­յին խա­ղա­ղու­թեամբ:

Սա­կայն, ար­դէն բաց­ման հան­դի­սու­թե­նէն շա­բաթ­ներ առաջ լոն­տոն­ցի­ներ կ՛ապ­րէ­ին ահու­թո­ղի օրեր, վախ­նա­լով ահա­բեկ­չա­կան արարք­նե­րէ:  Անգլ­ի­ա­կան տա­րազ հա­գած կամ գաղտ­նի ոս­տի­կա­նու­թեան առաջ­նա­հերթ պար­տա­կա­նու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ շուրջ 16 օրե­րուն ապա­հո­վե­լու խա­ղե­րուն հե­տե­ւող 9 միլի­ոն հան­դի­սա­կան­նե­րու ֆի­զի­քա­կան ապա­հո­վու­թիւնը: 32 մար­զա­կան կա­ռոյց­նե­րու թէ փո­ղոց­նե­րու վրայ ամ­բող­ջա­կան հսկո­ղու­թեան լծուած ոս­տի­կան­նե­րու հա­մար կը խոր­հինք որ ան­քուն օրեր պի­տի դի­մա­ւո­րեն:

Եր­թե­ւե­կու­թիւնը կա­նո­նա­ւո­րե­լու հա­մար ար­դէն Լոն­տո­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը եր­կա­թու­ղա­յին եւ այլ ճա­նա­պարհ­նե­րու շի­նու­թեան հա­մար ծախ­սած է 6.5 միլ­ի­առ սթեր­լինկ եւ հրա­հան­գած մար­զա­դաշ­տե­րու դրա­ցի գոր­ծա­տե­ղի­նե­րուն հա­մար իրենց պաշ­տօն­եա­նե­րուն աշ­խատց­նել իրենց բնա­կա­րան­նե­րէն:

Շի­կա­ցած այս մթնո­լոր­տին մէջ, Արեւ­մուտ­քի մար­զա­կան լրագ­րող­ներ դարձ­եալ սկսած են իրենք իրենց տխուր պար­տա­կա­նու­թիւն տալ տե­ղի-ան­տե­ղի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով եւ յի­շա­տա­կագ­րու­թիւն­նե­րով հրահ­րե­լու տի­րող մա­քուր մար­զա­կան մթնո­լոր­տը:  Արեւ­մուտ­քի եւ յատ­կա­պէս Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան գոր­ծին չե­կած երկ­րի նկատ­մամբ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ինք­նին քա­ղա­քա­կա­նաց­նել կը ջա­նան այս խա­ղե­րու բա­րի ըն­թաց­քը:  Դարձ­եալ Իրա­նի մար­զիկ­նե­րը “խո­մէյ­նի­ներ“ով կը ներ­կա­յաց­ուին, Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի մար­զիկ­նե­րը‘ “անօ­թի-ծա­րաւ“, Ռու­սաս­տա­նի մար­զիկ­նե­րը նախ­կին սո­վե­տա­կան “սա­տա­նա­յա­կան կայս­րու­թեամբ“ ու “Ստա­լին“ով, Սուր­ի­ան “Ասատ­եան“ բռնա­տի­րու­թեամբ, ու դեռ կը շա­րու­նակ­ուի Քու­պա­ցի մար­զիկ­նե­րը կը ներ­կա­յա­նան որ­պէս “Ֆի­տել Քասթ­րո­յի գոր­ծա­կալ­ներ“, ան­շուշտ ասոնց շար­քին կը շա­րու­նակ­ուին թու­նա­ւո­րել Վե­նեզ­ուե­լա­յի, Աֆ­ղա­նիս­տա­նի, Փա­քիս­տա­նի, Լիպ­իոյ, Եգիպ­տո­սի … մար­զիկ­նե­րը:  Ու չեն մոռ­նար Հիթ­լե­րա­կան նա­ցի “ող­ջա­կի­զու­մը“, առանց որուն կար­ծէք ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րու ոգի­էն բան մը պակ­սած պի­տի ըլ­լար:

Աւե­լի՛ն.  հրեայ-ամե­րի­կա­ցի լրագ­րող մը ինք­զին­քին իրա­ւունք կու տայ բո­ղո­քե­լու Ողիմպ­ի­ա­կան Կեդ­րո­նա­կան Մար­մի­նին թէ ին­չո՞ւ ար­գի­լած է բաց­ման հան­դի­սու­թեան մէկ վայրկ­եան  յոտն­կայս լռու­թիւն պա­հանջ­քի իրա­ւուն­քը Իս­րա­յէ­լի, տա­սը իս­րա­յէ­լա­ցի մար­զիկ նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար:  Ու­րեմն այն հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր ան­մեղ զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը ո՞վ պի­տի յար­գէ, գու­ցէ նստած, որոնք զոհ կ՛եր­թան մին­չեւ այ­սօր ամե­րիկ­եան բա­նա­կա­յին­նե­րու թէ իս­րա­յէլ­եան մո­սատ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ մի­ջամ­տու­թեամբ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի ու Փա­քիս­տա­նի լեռ­նե­րու, արա­բա­կան անա­պատ­նե­րու, մի­ջա­գետ­քի տա­րածք­նե­րու, Սուրբ Տեղ­եաց գաղ­թա­վայ­րե­րու, Օմա­յատ­նե­րու հայ­րե­նի­քին թէ Նե­ղո­սի ափե­րուն:  Ո՞վ կը պա­հէ թիւը այն միլի­ո­նա­ւոր ան­մեղ զո­հե­րուն, որոնք Ափ­րի­կէի տա­բաս­տան­նե­րուն վրայ զո­հը կ՛եր­թան անօ­թու­թեան, ան­պատս­պար խեղ­ճու­թեան եւ անօգ­նա­կան բժշկա­կան խնամ­քին:

Քա­ղա­քա­կա­նա­ցած կ՛ու­զեն տես­նել այն խա­ղե­րը, երբ հրեայ մար­զի­կի մը հա­մար ժա­մեր ամ­բողջ յայ­տա­գիր­ներ կը նուիր­ուին, հրեայ մաս­նա­կից­նե­րու մրցում­ներ ամ­բող­ջու­թեամբ կը հե­ռասփռ­ուին, մինչ այդ ան­դին ափ­րի­կե­ցի, աս­ի­ա­ցի ողիմպ­ի­ա­կան չա­փա­նիշ­ներ կոտ­րած մար­զիկ­նե­րու յի­շա­տա­կումն ան­գամ կը զլա­նան յայ­տա­րա­րել:

Բայց, դարձ­եալ աշ­խար­հի ամէն ան­կիւ­նէ եկած մար­զիկ­ներ, 15 օրով հե­ռա­ցած տխուր քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րէն եկած են խա­ղա­լու իրենց մար­զա­կան խա­ղը:

Հպար­տու­թեամբ ալ, մենք հա­յերս, աշ­խար­հով մէկ հե­տե­ւե­ցանք մեր հայ­րե­նի­քի խրոխտ24 հո­գի­նոց պատ­ուի­րա­կու­թեան շքեր­թին:  Հա­յաս­տա­նի եռա­գոյ­նը ան­գամ մը եւս հպար­տու­թեամբ կը տո­ղան­ցէր.   այո՛ հպարտ, որով­հե­տեւ հին յու­նահ­րով­մէ­ա­կան անց­եա­լի ողիմպ­ի­ա­կան­նե­րուն մաս­նա­կից գու­ցէ մէկ ձեռ­քի մա­տի վրայ հա­շուուող ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն մենք հա­յերս է որ ահա՛ շալ­կած երեք հա­զա­րամ­եայ աւան­դոյթ մը որ դարձ­եալ կը քա­լէ հպարտ ու ճա­կա­տա­բաց:  Հա­յաս­տա­նի մեր սի­րե­լի նա­խա­գա­հը‘ Սերժ Սարգս­եանն է որ կ՛առաջ­նոր­դէ մեր տղա­քը դէ­պի Լոն­տոն:

Ու դեռ տար­բեր եր­կիր­նե­րու դրօ­շին տակ խաղ­ցող մեր տասն­եակ մը այլ մար­զիկ­ներ, կը շա­րու­նա­կեն իրենց հայ­եաց­քը ուղ­ղած պա­հել մեր դրօ­շին ու ան­կէ ոգե­ւոր­ուիլ ու յաղ­թու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու պատ­րաստ կը շա­րու­նա­կեն հա­յօ­րէն իրենց մար­զա­կան ոգին ցու­ցա­բե­րել:

Խորհր­դա­յին եւ ապա ան­կախ Հա­յաս­տա­նով ար­ձա­նագ­րած եղանք մեր հե­րո­սա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րը ամէն ողիմպ­ի­ա­կա­նի. Ալ­պերթ Ազար­եան­ներ, Իկոր Տէր Յով­հան­նիս­եան­ներ, Եու­րի Վար­դան­եան­ներ վկա­ներն են մեր մար­զա­կան ըն­դու­նա­կու­թեան եւ որոնք վե­րա­դար­ձան հայ­րե­նի տուն իրենց հետ բե­րե­լով նոր դափ­նի­ներ ու ոս­կի մե­տալ­ներ:

Պա­տի՛ւ մեր մար­զիկ­նե­րուն:

 

Նիւ Եորք

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles