ՕՐԸ ՕՐԻՆ.- ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՄՆԱՅ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ

0 0
Read Time:9 Minute, 12 Second

Յակոբ Վարդիվառեան

Չէինք խորհէր որ քաղաքական դէպքերու զարգացումը Սուրիոյ մէջ ա՛յսքան արագ պիտի տարածուէր: “Արաբական Գարուն“ ըսուած յեղաշրջումը, որ անկասկած Արեւմուտքին քաջալերութեամբն ու դրդումներովը ծրագրուեցաւ, պիտի այրէր “չորին հետ թաց խոտն ալ“ …:

Որքան Միջին Արեւելքի մայր գաղութներու քաղաքական ու կրօնական մեր պատասխանատուները, այս անգամ նո՛յնքան եւս հայրենի մեր պետութեան պատկան մարմինները օրը-օրին, հետեւեցան Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ, մօտ մէկ ու կէս տարիէ ի վեր տեղի ունեցող անցուդարձերուն:  Աւելի քան քսանամեակ մը առաջ յեղաշրջումի նման փորձ մը եւս փորձած էին ընել ընդդիմադիր կոչուած ծայրայեղ մահմետական ոյժեր, որոնք օրուան նախագահ Հաֆէզ Ասատի երկաթեայ բազուկին արժանանալով տեղի տուած էին իրենց ծրագիրներուն:  Այսօրուան նախագահը` Պաշար Ասատ ուզած էր հաւանաբար ըլլալ աւելի քաղաքակիրթ եւ համերաշխութեան եւ երկխօսութեան մը մթնոլորտին  մէջ լուծել իր երկրին ներքին տագնապը:  Անշո՛ւշտ, յետադարձ ակնարկով մը եթէ նայինք ետեւ, համաշխարհային քաղաքական այսօրուան շիկացած մթնոլորտին մէջ, պարզապէս միամտութիւն էր ըլլալ քաղաքակիրթ այն մարդոց նկատմամբ, որոնք այլեւս կրօնքն ու քաղաքականութիւնը շփոթելով պատրաստ էին վասն “Ալլահ“ին զոհաբերելու իրենց կեանքը:

Բայց այս իրարանցումին մէջ մեր ուշադրութեան կիզակէտը անշուշտ որ կը մնար սուրիահայութեան ապագան:  Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ, Հոմս, Քամիշլի …, ուր կեդրոնացուած ու կազմակերպուած համայնքներ կ՛ապրէին խաղաղ ու ապահով:  Մա՛նաւանդ որ այլեւս սուրիահայութիւնը քաղաքականապէս հասունցած, անցեալի արկածախնդիր քաղաքականութեան վերջ տուած, սկսած էր լրջանալ եւ դառնալ շրջահայեաց:

Անկասկած առաջին օգնութեան կոչը գալու էր Բերիոյ Թեմի առաջնորդէն, որուն անմիջապէս արձագանգեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հրապարակելով կոչ մը, այս տարուան Օգոստոսի առաջին շաբաթը, օգնելու Սուրիոյ հայութեան:  Իմանալէ ետք կարգ մը հայ ընտանիքներու տնտեսական դժուարութիւնները` վեհափառ հայրապետը, դարձաւ առաջին օրինակը, եւ անմիջապէս կաթողիկոսութեան կողմէ գումար մը տրամադրեց Հալէպի ազգային առաջնորդարանին, յատկացուելու համար սննդեղէնի եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներու:

Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց Սուրիոյ հայութեան գործնապէս նեցուկ կանգնելու հրամայականը. “Միջին Արեւելքի գաղութներու կենսունակ ու կազմակերպ պահպանումը առաջնահերթութիւն է` մեկնելով մեր ազգին ընդհանրական եւ գերագոյն շահերուն, տալով օրինակը Լիբանանի հայութեան, որ մնացած էր կանգուն լիբանանեան ահաւոր պատերազմի օրերուն, շնորհիւ իր հաւաքական կամքին, հաւատքին ու միասնականութեան: Նոյնը կոչուած է կատարելու Սուրիոյ հայութիւնը“:  Յստակ եւ տեղին էր օրուան հրամայականը եղող Հայրական կոչը, որուն ընթացք սկսան տալ մեր զանազան գաղութները:

Վերջին օրերու ահազանգային վիճակը, մա՛նաւանդ Հալէպի հայկական թաղերուն սպառնացող թրքատիպ յայտարարութիւններն ու մարտագրգռիչ հրաւէրները, պատճառ եղան որ Արամ կաթողիկոս աշնան իր ծրագրած այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ յետաձգէր, որպէսզի ուշի-ուշով կարենար հետեւիլ իր Աթոռին ենթակայ Բերիոյ թեմի համայնքային  դէպքերուն:

Կ՛ըսենք թրքատիպ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար գրել անմիջական թրքական միջամտութեամբ իսկ հրահարումներու: “Ռոյթըրզ“ գործակալութիւնը Օգոստոս 10ին արդէն յայտարարած էր որ Թուրքիա գործակցելով Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի հետ, Սուրիոյ ապստամբներուն զինուորական օժանդակութիւն կատարելու համար Ատանայի մէջ զինուորական գաղտնի խարիսխ մը հաստատած է:  Թուրքիան այսպիսով սուրիական պատերազմին կը դառնար մասնակից եւ այս ռազմակայանի հաստատումով գլխաւոր կազմակերպիչն ու դիւրացնող ոյժը:  Այս լուրէն քանի մը օր վերջ երեւան ելած էր որ Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամա Թուրքիոյ հրամանատարութեան կեդրոնի մը հետ համագործակցելով Սուրիացի ընդդիմադիրներուն զօրակցելու մասին հրաման արձակած է:  Այս մասին պնդուեցաւ որ հրաման արձակելու կեդրոնը կը գտնուի Ատանայի մէջ:

Մինչ երբ Թուրքիա ընդդիմադիրներ կը զինէ, անդին իր մարդասիրակա~ն ձեռքը կ՛երկարէ Թուրքիա ապաստանելու խնդրանքով դիմող սուրիացի գաղթականներուն: Սուրիացիներու յատկացուած վրանաքաղաքները բոլորովին լեցուած ըլլալով, իշխանութիւնները սկսան սուրիացիներուն տեղ ապահովել գիշերօթիկ վարժարաններու մէջ: Մասնաւոր հակակշռի մը ենթարկուելու պայմանաւ այդ գաղթողները ներս կ՛ընդունուին Քիլիսի Էօնճիւփընար զինուորական հրամանատարութեան կողմէ:  Անշուշտ գաղթականի տարազին տակ եղողներէն ոմանք, անպայմանօրէն կը պատրաստուին զինուիլ, ինչու չէ նաեւ նախնական զինուորական կրթութիւն ստանալէ ետք անցնիլ սահմանը եւ կռուիլ սուրիական բանակին դէմ:

Թուրքիոյ համար, այս օրերուն, առաջնահերթ նշանակութիւն սկսաւ ունենալ հարաւի իր սահմանները, ուր կեդրոնացած է քիւրտ ազգաբնակչութիւնը:  Հիւսիսային Իրաքի ինքնանկախ քրտական մարզը, որ հարուստ է քարիւղի հանքերով, ինքնին արդէն օրին մտահոգել սկսած էր թրքական հանրապետութեան վարիչները.  ու ասոր վրայ կ՛աւելնար ահա՛ սուրիական տագնապի բերումով, այդ երկրի քրտական ինքնավարութեան մը սաղմային ծնունդը, որ առիթ պիտի տար Թուրքիոյ քիւրտերուն տարիներու երազին թափ տուող հին ծրագրին` ստեղծել անկախ Քիւրտիստան մը:  Այս խառնաշփոթ իրարանցումին մէջ սուրիահայութեան երկրի մէջ ունեցած տնտեսական ուժական ներկայութիւնը եւ այժմու կառավարութեան հետ ունեցած տասնամեակներու վրայ երկարող բարի յարաբերութիւնները, անշուշտ որ պիտի մտահոգէին Անգարայի կառավարութիւնը:

Անմիջապէս ու վստահաբար թելադրուած կառավարութենէն, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կը ծանուցէր թէ թրքահայութիւնը պատրաստ է օգնելու սուրիահայ իրենց եղբայներուն:  Միւս կողմէ Թուրքիոյ գիտութեան, արդիւնաբերութեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Նիհաթ Էրգունը քիւրտերով բնակուած Տիարպեքիրի նահանգապետի հետ հանդիպման յայտարարած է. “Այս երկրի դրօշը վերցուած է մեր բոլորի թափած արեան գոյնէն:  Մեր հայ քաղաքացիներու արիւնն ալ թափուէր է այս հողերուն համար:  Անոնց արեան գոյնն ալ կայ մեր դրօշին վրայ“:  Այս ո~րքան համեստութիւն այս օրերուն թուրք նախարարի մը կողմէ:

Տակաւին մարդասիրակա~ն իր ձեռքը կ՛երկարէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տավուտօղլուն եւս, երբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Վրդ. Անուշեանի միջոցով պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ տալ ամէն օգնութիւն, իսկ ցանկութեան պարագային անոնց հը հրաւիրէ Թուրքիա` բնակութիւն հաստատելու:  Սիրով կ՛ընդունին:  Այս կը կարդանք “Սապահ“ օրաթերթի Օգոստոս 24ի թիւով: Կը մոռնան որ, Սուրիա բնակող 100 հազարի հասնող հայերուն ճնշող մեծամասնութիւնը 1915ի ցեղասպանութեան հետեւանքով Օսմանեան Կայսրութեան սահմանները լքած հայերու սերունդներն են …:

Անճիշդ լուրերու արձագանգները խուճապահար ընելու յետին նպատակներով, լրագրական անպարկեշտութիւնը դժբախտաբար Հալէպի համար ալ իր տխուր դերը խաղցաւ, մա՛նաւանդ սկզբնական օրերուն:

Հալէպահայ երիտասարդի մը` Յովսէփ Պալմանուկեանի առեւանգումը վերագրեցին ըմբոստ կամ ընդդիմադիր խումբերու, ապա պարզուեցաւ որ այդ առեւանգումը պարզապէս հասարակ հրոսակներու եւ չարագործներու գործն էր եղած, երկրի քաոսային վիճակէն օգտուելով:  Հալէպահայութիւնը  իր դժգոհութիւնը յայտնեց որ յաճախակի կերպով կարգ մը արարքներ կը վերագրուին ընդդիմադիր կամ ըմբոստ շրջանակներու եւ ասիկա որդեգրուած թէ՛ հալէպահայերու կողմէ, թէ ալ հայաստանեան բոլոր լրատուամիջոցներու կողմէ:  Ըստ ոմանց, այս վերջինները Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ռուսամէտ ծիրին մէջ գտնուելով, տեւաբար այսպէս կը վարուին լուրերու հետ:

Հայրապետական պատգամով Արամ Ա. կը թելադրէր հետեւեալը. “Հեռու մնալ ցուցական եւ քարոզչական քայլերէ ու միակողմանի մօտեցումներէ“:  Սուրիահայութիւնը բոլոր կողմերու հետ յարաբերութիւններու ընթացքին` յայտնած է իր երախտագիտութիւնը Սուրիոյ հայրենիքին եւ ժողովուրդին նկատմամբ:  Վարչակարգերը մնայուն չեն, մնայունը Սուրիոյ հայրենիքն է, իր ժողովուրդը ու անոր գերագոյն շահերը:

Երկար շրջան մը հայկական թաղերը հեռու մնալով ռազմադաշտերէն, անոնք եւս շրջան մը սաւառնակներու եւ ուղղաթիռներու ռմբակոծական թռիչքներուն զոհ գացին, մասնաւորաբար Պոսթան Փաշա թաղամասին մերձակայքը, որ մօտ է հայաբնակ Նոր Գիւղ թաղամասին, ուր կը գտնուի միջ համայնաքային հայ ծերանոցը:

Օգոստոս 5ին, Նիւ Եորքի իր կեդրոնատեղիէն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովը կը յայտարարէր թէ Սուրիոյ հայաշատ համայնքին անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով, Բարեգործականը մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Հալէպի, Դամասկոսի եւ Քամիշլիի ՀԲԸՄի կեդրոններուն,  իրենց աշխատանքները համակարգելու նպատակով, որպէսզի օգնութիւն ցուցաբերուի այն ընտանիքներուն, որոնք կարիք ունին` անկախ անոնց բնակութեան վայրէն:

Վերահասու ըլլալով Դամասկոսի հայոց առաջնորդ Արմաշ Եպս. Նալպանտեանէն, Սուրիոյ հայութեան եւ ազգային կառոյցներու տնտեսական տագնապին, Օգոստոս 24ին, Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ. կոչին  անսալով, Մայր Աթոռի թեմակալ առաջնորդները, որոնց կարգին, Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան, յայտարարեցին անյապաղ նիւթական օժանդակութեան արշաւ մը սկսիլ Սփիւռքի տարածքին:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին այս ընդհանրական կոչը սուրիահայութեան օգնելու, արդէն կ՛ունենար համահայկական բնոյթ առանց քաղաքական, թեմական կամ տեղայնական արգելքներու, թիկունք կանգնելու`  Սուրիոյ մեր հարազատներուն:

Հայկական լրատուադաշտը, մա՛նաւանդ Լիբանանի մեր օրաթերթերը, որոնք մեր աւանդական կուսակցութիւններու պաշտօնական օրկաններն են,  իր կարգին, եղաւ զգոյշ եւ շրջահայեաց:  Չափաւորեալ լրատուութեամբ, յաճախ հեռու արեւմտեան քարոզչութեան ուղղակի հայացման, նման լրատուութիւններու բառացի կրկնօրինակացումին եւ բնականաբար անկէ ազդուած մեկնաբանութիւններուն:  Եւ “Ազդակ“ իր Յուլիսի վերջին թիւով գրած խմբագրականով իրաւացիօրէն կը գրէր. “Արդիւնքը` խուճապային մթնոլորտի տարածումն է, “ժողովրդավարացման“ քաղաքականութեան տարածումի քարոզչութեան ալիքներուն տակ իյնալը եւ ապա լուսաբանելը“:  Այդպէս ալ մեր լրջախոհ մամուլը նկատի ունենալով սուրիահայութեան տագնապին երկրի իրավիճակին հետ երկար տեւելու հանգամանքը, մնաց զգօնութեան, սթափութեան եւ թշնամիին քայլերը հաշուարկելու հրամայականին առջեւ:  Հեռու` խուճապայնութենէ, շահարկումներէ եւ ազդեցութեան ալիքներուն յանձնուելու փորձութիւններէ:

Սուրիահայութիւնը մեր աւանդական ամենահին գաղութներէն եւ երկար տարիներու վրայ երկարող սփիւռքահայ կեանքին մարդուժի հայթայթման միջնաբերդն է եղած:  Ասկէ մեկնելով ալ, մեր երեք կուսակցութիւններու համար իրենց գործօններու ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ ունին մասնաւոր հանգամանք եւ նշանակութիւն:  Գոնէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հերթապահ Հրանդ Մարգարեան օրին հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. “Սիրիահայութիւնը նախ ինքը պէտք է կարողանայ ներքին կազմակերպուածութիւն ցուցաբերել, ներքին փոխ-օգնութեան կազմակերպուածութիւն պէտք է ստեղծի, դրանից յետոյ բնականաբար կարեւորութիւն է ստանում համայն հայութեան զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը սիրիահայութեան:  Սիրիահայ գաղութը պէ՛տք է գոյատեւէ … եւ չկորսնցնէ իր կենսունակութիւնը“:

Օգոստոս 17ին Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճէմեան մասնաւոր հանդիպում մը ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգիսեանի հետ, ուր քննուեցան Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած հայերուն առնչուող հարցերը եւ վերահասու դարձաւ համայնքին ապահովման հետ կապուած Հայաստանի կառավարութեան ձեռնարկած քայլերուն:  Իսկ Պոստոնի Ռ.Ա.Կ. “Տը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր“ շաբաթաթերթին մէջ, Օգոստոս 4ի խմբագրականով, Երուանդ Ազատեան իր մտահոգութիւնը աւելի խորացնելով, սուրիական հարցին կը կապէ  ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու` Եգիպտոսի, Պաղեստինի, Իրաքի, Յորդանանի եւ Լիբանանի ապագան եւ այլեւս այդ տարածաշրջանի քրիստոնէական համայնքներու դիմագիծը ընդհանրապէս խնդրական կը դարձնէ, օր ցերեկով, նոյնիսկ անոնց անհետացման` զոհը դառնալով ընչաքաղց Արեւմուտքի քաղաքական խուլ հաշիւներուն:

Անշուշտ Հայաստանը ձեռնածաւալ չէր կրնար մնալ սուրիահայութեան նկատմամբ եղած այս համազգային ուշադրութենէն:

Առաջին հերթին, տեղի ունեցան հերթական հանդիպումներ Սուրիայէն ժամանած եւ երեւաբնակ սուրիահայերու հետ, ուր քննարկուեցան ներկայացուած հիմնախնդիրները:  ՀՀ սփիւռքի նախարարը տեղեկացուց որ ՀՀ նախագահին Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ` սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող գլխաւոր նախարարութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնն է:  Առաջին առթիւ իսկ որոշում գոյացաւ.  ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած սուրիահայերը առաջին անգամ ըլլալով իրենց հայկական անձնագիրները կրնան ստանալ Սուրիոյ մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ:  Նաեւ` ՀՀ կառավարութեան մէկ ալ որոշումով, սուրիահայերը մուտքի արտօնութիւն (վիզա) կրնան ստանալ ոչ միայն դեսպանատունէն, այլեւ` Հայաստանի սահմանին վրայ:  Այսպիսով Հայաստան իր դռները լայն բացած կ՛ըլլար բովանդակ սուրիահայութեան գալու հայրենիք:

Անշուշտ, առաջին անգամ չէ որ հայրենիքը իր դռները լայն կը բանար արտասահմանի հայութեան առաջ. Մեր հայրենի պետութիւնը նո՛յնը ըրաւ Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, երբ նոյն դիւրութիւնները ընծայուեցան լիբանանահայերուն, երկրին ներքին քաղաքական պատերազմի հետեւանքով:

Նոյնպէս, դիմումներ կատարուեցան քննելու համար հնարաւորութիւններ սուրիահայերը Երեւանի պետական համալսարաններ ընդունելու նպատակով կայացուելիք հարցազրոյցները առաւել պարզեցուած կարգով կատարելու եւ նախնական կրթութիւններու համար կրթական ծրագրի մը մշակումին սկսելու:  Նոյնպէս վերջերս որոշում առնուեցաւ Երեւանի մէջ բանալ դպրոց մը, սուրիահայերուն արեւելահայերէն սորվեցնելու: Իսկ պետական թոյլտուութիւններ շնորհել այն սուրիահայերուն, որոնք պիտի ուզէին իրենց ճարտարարուեստական կամ առեւտրական աշխատանքները կատարել Հայաստանի կամ Արցախի մէջ:

Զգուշաւոր լաւատեսութեամբ ալ, մինչ այդ, հայրենի պետական մարդիկ  կը յորդորեն սուրիահայութիւնը մնալու իրենց համայնքներու մէջ:  “Սուրիահայերու հարցով ըլլալ զուսպ եւ զգոյշ“ մի՛շտ յայտարարած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նկատի ունենալով տակաւին նախագահ Ասատի իշխանութեան ոյժը երկրի տարածքին, նաեւ` Սուրիական կառավարութեան բարի յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ռուսաստանի զոյգ հանրապետութեանց հետ:

Ամառնային արձակուրդի համար մեծ թիւով սուրիահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար մշակուեցան նոր ծրագիրներ, որոնց մէջ կ՛ընդգրկուէին “Արի Տուն“, “Իմ Հայաստան“, “Ամառնային Դպրոց“, որոնց միջոցով հայրենի հողին վրայ սուրիահայ պատանին կրնար ըլլալ ազատ եւ հեռու առօրեայ ռմբահարումներէն:

Այս ամէնուն մէջ, ողջունելի են նաեւ այն առաջարկները հայրենի քաղաքացիներու կողմէ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց բնակարանները ժամանակաւորապէս տրամադրելու սուրիահայ հայրենակիցներուն:

Բոլոր ճիգերը ողջունելով հանդերձ, ժամանակը հասած է արդէն կազմելու սուրիահայութեան օգտակար ըլլալու կեդրոնական մարմին մը, գոյացուած նիւթական թէ այլ օգնութիւնը աւելի արդիւնաւոր դարձնելու համար:  Ու պէ տք է շեշտենք որ այս տագնապին մէջ հատուածական վարկեր փնտռել անտեղի է:  Վարկը պէ՛տք է համազգային բնոյթ ստանայ:

Այսպիսով, կը խորհինք որ Հայաստան թէ Սփիւռք աւելի հասուն քաղաքականութիւն մը որդեգրած պիտի ըլլան, այսուհետեւ,  սուրիահայութեան նկատմամբ:  Սփիւռքեան տարիներու փորձառութիւնը մէկ կողմէն եւ անկախ հայկական պետականութեան մը ընձեռած կարելիութիւնները միւս կողմէն, ամէն յոյս կը ներշնչեն, որ ազգովին պա՛տրաստ ենք շարունակելու մեր նեցուկը տալու եւ եղբայրական ձեռքը երկարելու բովանդակ սուրիահայութեան:

Կ՛եզրափակեմ յիշելով բարեկամիս` Բժ. Թորոս Թորանեանի այս խօսքերը, իր հետ ունեցած հարցազրոյցիս, դեռ Նոյեմբեր 1, 1984ին.

“Հալէպի գաղութը ես կը նմանցնեմ այն բաժակին, որ լեցուն է եւ եթէ շարունակես լեցնել բաժակը կը յորդի. ինչ որ գացած է յորդող մասն է, մնացողը դարձեալ լեցուն բաժակն է, Հալէպի բաժակը մի՛շտ կը մնայ լեցուն“:

Այս լաւատեսութեամբ ալ կը շարունակենք հաւատալ սուրիահայութեան պայծառ ապագային եւ վստահ ենք թէ այդ բաժակէն յորդած բաժին մը միայն պիտի մնայ Հայաստան եւ շուտով ետ պիտի կարենայ լեցնել իր բաժակը:

Նիւ Եորք

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles