Լրահոս

Օզի Հայատեաց Պնդումներուն Դէմ Բուռն Բողոքներ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Մետիքեր»-ի եւ «Մետիքէյտ»-ի սպասարկութիւններու կեդրոններու վարիչ տոքթ. Մէհմետ Օզի հայատեաց յայտարարութիւններուն դէմ բողոքի ալիքը կը շարունակուի աճիլ եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ, դատապարտելէ ետք Օզի անպատասխանատու քայլը եւ շեշտելէ ետք, թէ զեղծարարութեան դէմ պայքարը պէտք է անհերքելի փաստերու վրայ հիման վրայ կատարուի, քաղաքացիական իրաւանց ոտնակոխումի բողոք ներկայացուց անոր դէմ, շեշտելով, թէ նման յայտարարութիւններ Լոս Անճելըսի հայութեան դէմ խտրականութիւն կը հրահրեն։ «Ատելութեան բոլոր տեսակի արարքները տեղի չունին Քալիֆորնիոյ մէջ։ Նկատի ունենալով պատմական զգայնութիւնները, մենք լրջութեամբ կը մօտենանք այս հարցին», յայտարարեց Նիւսըմ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, որ Օզի խտրական քայլը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով անմիջապէս կապ հաստատած էր Նիւսըմի եւ դաշնակցային շարք մը ղեկավարներու գրասենեակներուն հետ, իր կարգին քաղաքացիական իրաւանց ոտնակոխումի բողոք ներկայացուց Օզի դէմ։ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան անընդունելի համարեց ամբողջ համայնքին վարկը ոտնակոխելու Օզի փորձը, շեշտելով, որ համայնքը դիւրութեամբ տեղի պիտի չտայ նման հալածանքներու եւ անպատասխանատու արշաւներու դէմ։

Հայ Դատի յանձնախումբը 2022-ին տեղի ունեցած միջանկեալ ընտրութիւններուն ընթացքին, իր գլխաւորած համախմբումին ջանքերով, կրցած էր Օզը դուրս պահել Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտէն: Նշեալ համախմբումին մաս կը կազմէին յունական, հրէական, քրտական եւ այլ համայնքային կազմակերպութիւններ։ Հայ Դատը բացայայտեց Անգարայի հետ Օզի սերտ եւ կասկածելի կապերը, քաղաքական ծագումը եւ անհամապատասխանութիւնը՝ ամերիկեան քաղաքական մշակոյթին: Հայ Դատը նաեւ Օզի դէմ շարք մը բողոքի ցոյցեր իրականացուց:

Ծերակուտական Էտըմ Շիֆ ազգայնամոլ քայլ մը համարեց Օզի ամբաստանութիւնը, շեշտելով, թէ հիմնաւորուած ամբաստանութիւնները պէտք է իրաւական միջոցներով հետապնդուին եւ չէ թէ ամբողջ համայնքը թիրախ դարձնելով։

Քոնկրէսականներ Լօրա Ֆրիտմըն, Պրետ Շըրմըն, Լուզ Ռիվազ եւ խումբ մը Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիրներ, առաջնորդութեամբ Ճան Հայրապետեանի, նմանապէս դատապարտեցին Օզի յայտարարութիւնները։

Նշենք, որ Օզ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտերիմ թուրք քաղաքական գործիչ մըն է, որ բացայայտ կերպով կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շրջան մը նոյնիսկ թրքական բանակին մէջ ծառայած է:

 

 

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button