Լրահոս

Պուտափեշտի Մէջ Համաժողով՝ «Հայկական Սփիւռքները» 

Երկուշաբթի 2 Փետրուարին, Հուգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ կայացաւ հայկական սփիւռքներու նուիրուած համաժողով մը։

Հունգարիոյ խորհրդարանի շէնքին մէջ համախմբուած 17 երկիրներու ներկայացուցիչներէն իւրաքանչիւրը զեկուցեցին իրենց համայնքներուն յուզող հարցերը։

Լիբանանէն իր մասնակցութիւնը բերաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծռ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զահթէրեան։

Գերպծռ. Մաշտոց շեշտը դրաւ Լիբանանի եւ տարածաշրջանի մէջ տիրող քաղաքական անկայուն եւ անբարենպաստ պայմաններու շուրջ, նաեւ ծայրահեղական իսլամիստներու ահաբեկչական գործողութիւններուն ստեղծած ահ ու սարսափին, որոնց հետեւանքներով` քրիստոնեայ եւ հայ քաղաքացիները տուայտանքի մէջ խարխափած կը լքեն երկիրը եւ կը գաղթեն համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր։

Գերպծռ. Զահթէրեան։ իր խօսքի աւարտին դիմեցի համաժողովը  կազմակերպողներուն, որ անյապաղ օգնութեան հասնին Միջին Արեւելքի մէջ դարեր շարունակ հաստատուած քրիստոնեաներուն, որպէսզի գէթ մնացած փոքրաթիւ հատուածը եւս չլքէ տարածքը, որ եղած է քրիստոնեաներու բնօրրան եւ չամայանայ տարածաշրջանը։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button