Քուէարկութիւնը Աւարտեցաւ, Ընտրութիւնը Սպասողական Վիճակի Մէջ Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները աւարտեցան կիրակի, 7 յունիսի ժամը 20:00-ին (մեր ժամով` երեկոյեան ժամը 7:00-ին): Կէս գիշերէն ետք, առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Երբ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը (ԿԸՅ) ստացած էր արդիւնքներուն հազիւ 30 առ հարիւրը միայն, Նիկոլ Փաշինեան մամլոյ ասուլիս հրաւիրեց յայտարարելու համար, որ իր Քաղաքացիական պայմանագիր (ՔՊ) կուսակցութիւնը յաղթած է եւ պիտի կարողանայ ինքնուրոյն կառավարութիւն կազմել: Շատեր այս փութկոտ յայտարարութիւնը համարեցին թելադրանք ԿԸՅ-ին` ձայներու հաշուարկը ընել այնպէս, որ ՔՊ-ի յաղթանակը ապահովուի: ԿԸՅ-ը առաւօտուն ամփոփեց նախնական արդիւնքները հետեւեալ ձեւով. Քաղաքացիական պայմանագիր 49,825 առ հարիւր, «Ուժեղ Հայաստան» 23,281 առ հարիւր, «Հայաստան» դաշինք 9,934 առ հարիւր, Բարգաւաճ Հայաստան 3,996 առ հարիւր: Այս չորսը կ՛անցնին խորհրդարան յաջորդաբար 61, 28, 11 եւ 5 պատգամաւորներով: Ընդհանուր թիւ` 105: Մնացեալ 14 թեկնածու կուսակցութիւնները հաւաքաբար ապահոված են ձայներու շուրջ 13 առ հարիւրը…
Այս արդիւնքը, որ լայնօրէն կը տարբերի նախընտրական նախատեսութիւններէն ի նպաստ ՔՊ-ին, չգոհացուց Նիկոլ Փաշինեանը: Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կը տնօրինէ կարգ մը կարեւոր, սահմանադրական բնոյթի օրէնքներ ընդունիլ երեք հինգերորդով, այսինքն` 63 ձայնով: Նմանապէս խորհրդարանին կողմէ ընտրութեամբ կատարուող կարգ մը նշանակումներ պէտք է կատարուին ձայներու երեք հինգերորդով: Հեռատեսիլի առջեւ, հրապարակայնօրէն նախնական արդիւնքները ստորագրելէ ետք, ԿԸՅ-ը անդրադարձաւ, որ Բարգաւաճ Հայաստան ոչ թէ ձայներու 4 առ հարիւր ունեցած է, այլ նուազ` 3,9996, ուրեմն չէ թեւակոխած անցողիկ շէմը: Բարգաւաճ Հայաստանի վերապահուած 5 աթոռները կը բաշխուին միւս երեքին եւ այսպէս` ՔՊ-ն կ՛ունենայ 63 պատգամաւոր եւ ճիշդ երեք հինգերորդի մեծամասնութիւն: Բարեբախտաբար քուէներու վերահաշուարկը հաստատեց, որ Բարգաւաճ Հայաստանի ունեցած ձայներու համեմատութիւնը 3,999986 է, որ 4-էն կը տարբերի… մէկ միլիոներորդով: Աթոռներու վերաբաշխումը ձախողեցաւ:
Նիկոլ Փաշինեան ունի դժգոհելու աւելի հիմնաւոր պատճառ մը: Նոր Սահմանադրութիւնը հանրաքուէի դրուելու համար պէտք է հաստատուի Ազգային ժողովին կողմէ երկու երրորդ մեծամասնութեամբ` 70 ձայնով: 9 ձայն կը պակսի Փաշինեանին նոր Սահմանադրութիւն մը պարտադրելու համար հայ ժողովուրդին:
Բարգաւաճ Հայաստանի ստացած ձայներուն արկածախնդրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ միւս կուսակցութիւնները եւս մաղէ անցընեն իրենց արդիւնքները: Բազմաթիւ անճշդութիւններ երեւան կու գան, որոնք կրնան նախնական կոչուած արդիւնքները հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկել: Վերջնական պաշտօնական արդիւնքները պիտի յայտարարուին 14 յունիսին: Մինչ այդ, պէտք է կատարուի ընդհանուր վերահաշուարկ, ունենալու համար կատարուած ընտրութեան թուային գէթ ճշգրիտ արդիւնքը:
Նախատեսուած արդիւնքը «գէթ ճշգրիտ» որակեցի անոր համար, որ ոչ միայն նախընտրական պայքարը անցաւ բիրտ ճնշումներու, ձերբակալութիւններու, պախարակիչ որակումներու տարափի մը տակ, այլ նոյնիսկ 6 յունիսի լռութեան օրը եւ նոյնիսկ 7 յունիսի ընտրութեան օրը, այլազան պատրուակներով բերման ենթարկուեցան ընդդիմադիր բազմաթիւ աշխատողներ: Նոյնիսկ ընտրական տեղամասի մը նախագահը ձերբակալուած էր ընտրութեան նախորդող գիշերը: Կը բաւէ կարդալ «Ազդակ»-ի լրատուութեան մէջ ԵԱՀԿ-ի (Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) յատուկ համակարգող Ֆարահ Քարիմի զեկոյցը: Այսքան խախտումներով խճողուած եւ պետական կարելիութիւններու բացայայտ օգտագործումներով յղփացած ընտրութիւն չէ եղած Հայաստանի մէջ, հակառակ բազմաթիւ բացթողումներուն:
«Հայաստան» դաշինքը, օրէնքով սահմանուած կարգով, 19 Յունիսին պիտի դիմէ Սահմանադրական դատարան: Նոր Ազգային ժողովի պաշտօնավարութիւնը կը սկսի 2 Օգոստոս 2026-ին: Մինչ այդ շատ ջուրեր կրնան հոսիլ կամուրջին տակէն: Յուսանք լաւագոյնը մեր հայրենիքին:

