Գլխաւոր

Քոնկրէսի Մէջ Մամլոյ Ասուլիս Հայ Գերիներու Բանտարկութեան Հազարերորդ Օրուան Առիթով 

ՈՒԱՇՒՆԿԹԸՆ.- Յունիս 23ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Պրետ Շըրմընը, ինչպէս նաեւ քոնկրէսականներ Թամ ՄըքՔլինթոք, Ճուտի Չու եւ Լորա Ֆրիտմըն, Քոնկրէսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս՝ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պատանդ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներուն եւ քաղաքացի պատանդներուն բանտարկութեան հազարերորդ օրուան առիթով։

Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ասուլիսին մասնակցեցաւ գործադիր վարիչ՝ Արամ Համբարեան։

Մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ այն միջոցին, երբ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը կը պատրաստուէր քննարկել Շըրմընի օրէնսդրական փոփոխութեան առաջարկը, որ Պաքուէն կը պահանջէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները։

Իր խօսքին մէջ, Շըրմըն յիշեց 2023ին Արցախը հայաթափելու Ատրպէյճանի արշաւը, սկսելով շրջափակումէն ու հասնելով ռազմական գործողութիւններուն, որոնց հետեւանքով աւելի քան 100,000 հայեր բռնի կերպով տեղահանուեցան իրենց պատմական հայրենիքէն։ Ան արտայայտուեցաւ Արցախի ղեկավարներուն բեմականացուած դատավարութիւններուն եւ անոնց ընթացքին ներկայացուած երեւակայածին ամբաստանութիւններուն մասին, շեշտելով, թէ իսկական խաղաղութիւն կարելի է հաստատել բոլոր գերիներուն ազատ արձակումէն ետք։

Չու խօսեցաւ Արցախ կատարած իր այցելութեան մասին, որուն պատճառով Պաքու արգիլած էր անոր Ատրպէյճան մուտքը։ Ան շեշտեց, թէ տեղահանուած արցախցիները պէտք է վերադառնան իրենց հայրենիքը, եւ անմիջական քայլերու պէտք է դիմուի պաշտպանելու համար Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը։

Advertisement Subscribe Today

Ֆրիտմըն դատապարտեց հայ գերիներու կեղծ դատավարութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը բնաջնջելու Պաքուի քաղաքականութիւնը, Ատրպէյճանի վարչախումբը պատասխանատուութեան կանչելու կոչ ընելով։

Քոսթա պահանջեց Ատրպէյճանէն, որ իր ուժերը հեռացնէ Հայաստանի հողերէն եւ դատապարտեց հայ գերիները պատանդ պահելու Պաքուի քաղաքականութիւնը, շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցնէ Պաքուի վրայ՝ ապահովելու համար հայ գերիներուն ազատ արձակումը։

Իր կարգին, Համբարեան կեղծ խաղաղութիւն համարեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյացող համաձայնութիւնը, շեշտելով, որ անոր իրականացումը համազօր պիտի ըլլայ Պաքուի ցեղասպանական արարքները վարձատրելուն, ազդարարելով, որ Պաքուին շնորհուող զիջումներուն փոխարէն, Ատրպէյճան միայն նոր ճնշումներու, նոր բռնութիւններու եւ նոր յարձակումներու պիտի դիմէ։

Ան իսկական խաղաղութեան համար կենսական համարեց՝ բոլոր պատանդներուն անյապաղ ազատ արձակումը, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ատրպէյճանական զօրքերու հեռացումը, արցախահայութեան ապահով վերադարձը Արցախ՝ միջազգային երաշխիքներով, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։

Հայ գերիներուն բանտարկութեան 1000րդ օրուան առիթով զանոնք ազատ արձակելու կոչեր կատարեցին նաեւ ծերակուտական Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրեսականներ Եանկ Քիմ, Վինս Ֆոնկ ու Թամ Լանթոսի անուան Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովը։

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button