Լրահոս
ՔՈՆԿՐԷՍԷՆ ՆԵՐՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի անկախութեան 22րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, մասնակցութեամբ Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ խումբ մը քոնկրէսականներու, գլխաւորութեամբ` Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի:
Տօնակատարութեան հանդիսավարն էր Ֆրանք Փալոն, որ ողջունեց նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի պաշտօնատարները, դիւանագէտները եւ ամերիկահայ համայնքի, Հայաստանի ու Արցախի կառավարութեան ներկայացուցիչները: Փալոն շեշտեց, թէ Արցախի ժողովուրդի ինքնաճանաչման իրաւունքը ամրագրուած է Մ.Ա.Կ.ի ուխտին մէջ:

