
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Յուլիս 19-ին, հայ, քիւրտ և եզիտի համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ կազմակերպուած ցոյցին, նաեւ մասնակցեցան քոնկրէսականներ, որոնց կարգին Ճիմ ՄըքԿավըրն (Դեմոկրատական – Մասաչուսէց), Տանա Ռոհրպախըր (Հանրապետական – Քալիֆորնիա), Թետ Ռօ (Հանրապետական – Թեքսաս), եւ ներկայացուցիչներ՝ Ճիմ Քոսթա (Դեմոկրատական – Քալիֆորնիա) եւ Ճոն Սարպանէս (Դեմոկրատական – Մերիլենտ):
Ցուցարարներու պաստառներուն վրայ գրուած էին՝ «Արտայանձնէ՛ք թուրք հանցագործները», «Պաշտպանել Սահմանադրութեան թիւ 1 փոփոխութիւնը (այսինքն խօսքի ազատութեան առնչուող փոփոխութիւնը Ա.Մ.Ն.-ի սահմանադրութիւնէն ներս)», «Ոչ բռնութեան՝ Ա.Մ.Ն. հողերուն վրայ», «Ազատ արձակեցէ՛ք Տեմիրթաշը»:
Մասաչուսէցի քոնկրէսական Ճիմ ՄըքԿավըրնը, ելոյթ ունենալով ցուցարարներուն ներկայութեան, յայտնեց թէ, Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը պէտք է պաշտպանէ խօսքի, հաւաքներու ազատութիւնը, սակայն հակառակ ասոր նախագահ Էրտողանը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է և ան կ՛օգտագործէ այս մէկը որպէս արդարացում՝ քաղաքացիական հասարակութեան հանդէպ ճնշումներ գործադրելու համար: «Այդ ամէնը կը կատարուին իշխանութեան ամրապնդման համար: …Էրտողանը փորձեց նոյն մարտավարութիւնը կիրարկել նաև այստեղ, սակայն ան չյաջողեցաւ: Այդ մարտավարութիւնը կարելի չէ գործադրել հոս՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ», ըսաւ ՄըքԿավըրն:
Մերիլենտի ներկայացուցիչ Ճոն Սարպանէս իր կարգին, խօսք առնելով ըսաւ.- «Մենք տեսած ենք բռնութիւններ ու խտրականութեան դրսևորումներ, որոնք Թուրքիոյ մէջ կեանքի կը կոչուին պետական մակարդակով քիւրտերու, հայերու, եւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններու հանդէպ: Երբեք չէի երեւակայեր թէ, այդ մղումներն ու դրսևորումները պիտի կիրարկուէին ամերկեան հողին վրայ: Մենք իրաւունք ունինք խաղաղ կերպով մեր ձայնն ու բողոքը բարձրացնել այս դրսևորումներու դէմ»: