ՔԼԻՆԹԸՆԻ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ … ԱՊԱՐԴԻ՞ՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, յառաջիկայ Փետրուարի առաջին օրերուն, պիտի այցելէ Անգարա եւ քննարկէ երկու երկիրները հետաքրքրող զանազան հարցեր, որոնց կարգին ՀայաստանԹուրքիա յարաբերութեանց եւ Հոկտեմբեր 2009ին, Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը:

Սակայն, Միջին Արեւելքէն ներս տիրող ներկայ իրավիճակը այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած է որ, Թուրքիա, յանձին Արտաքին Գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի մօտէն միջամուխ կ°ըլլայ շրջանէն ներս կատարուող իրադարձութիւններուն£ Քանի մը ամիս առաջ Պաղեստինի համար կազմակերպուած «Ֆլոթիլա»ն էր: Իսկ վերջերս, Տաւութողլուի եւ ընդհանրապէս Անգարայի համար, կիզակէտը՝ Լիբանանեան թնճուկն է, իր բազմաթիւ բարդութիւններով եւ խրդին հարցերով£

Բնականաբար, այս թղթածրարները կրնան մոռցնել տալ կամ աւելի ճիշդը, առաջնահերթութենէ զրկել հայթրքական յարաբերութիւններու լուծման հոլովոյթը հետաքրքրող հարցեր, եւ յատկապէս արդէն իսկ «փոշիներ»ու մէջ մոռցուած կիպրական հիմնախնդիրին առնչուող տարրական հարցադրումներ: 

Մինչ այդ, նախքան Քլինթընի այցելութիւնը, Մոսկուայի մէջ… Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ այլ հանդիպում մը Յունուար 24ին, եւ ապա  վերոյիշեալ երկիրներու նախագահներուն միջեւ խորհրդաժողով նոր կացութիւններ կրնայ ստեղծել եւ փոփոխութեան ենթարկել Քլինթընի թղթածրարը:Այս իրադարձութիւններուն հետ, զուգընթաց Ատրպէյճան, միեւնոյն ոճով, կը շարունակէ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը Արցախի առնչութեամբ:

Փոխարէն Երեւան, հետզհետէ աւելի կը մատնանշէ Նախիջեւանի ներկայ իրավիճակը, ուր թէ° օտարներու մուտքը արգիլուած է եւ թէ° խաչքարերու մնացորդացը, իր ամբողջական փճացման ու սրբապղծման:

Թէ այս բոլոր անցուդարձերուն լոյսին տակ, Քլինթընի այցելութիւնը որեւէ արդիւնք պիտի բերէ՞ թէ պարզապէս նկատուի ապարդիւն£

«Հայրենիք»

Յունուար 19,2011

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles