ՔԵԹ­ՐԻՆ ԷՇ­ԹԸՆ ԱՅ­ՑԵ­ԼԵՑ ՆՈՐ ՋՈՒ­ՂԱ­ՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՄԵ­ՆԱՓՐ­ԿԻՉ ՎԱՆՔ

0 0
Read Time:5 Minute, 52 Second

Catherine-Ashton-5  Մարտ 10, 2014-ին, Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Քեթ­րին Էշ­թըն այ­ցե­լեց Նոր Ջու­ղայ Ս. Ամե­նափր­կիչ վանք, ուր ան եւ անոր ըն­կե­րակ­ցող պատ­ուի­րա­կու­թիւնը դի­մա­ւո­րե­ցին Սպա­հա­նի Հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ Բաբ­գէն եպս. Չար­եա­նը, Շա­հին­շահ­րի հա­մայն­քի հո­գե­ւոր տե­սուչ Անան­իա վրդ. Գու­ճան­եա­նը, Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի, թե­մա­կան, կրօ­նա­կան եւ այլ մար­մին­նե­րու ատե­նա­պետ­ներ եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Պատ­ուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը նախ այ­ցե­լե­ցին ման­րան­կար­նե­րով զար­դար­ուած, 350 տար­ուան կեանք ու­նե­ցող Ս. Ամե­նափր­կիչ վան­քի “Ս. Յով­սէփ Արե­մա­թա­ցի“ եկե­ղե­ցի, ուր վան­քի “Կո­մի­տաս“ երգ­չա­խում­բը, խմբա­վա­րու­թեամբ Ար­մէն Ամիր­խան­եա­նի, հան­դէս եկաւ Ս. պա­տա­րա­գէն “Մար­մին տէ­րու­նա­կան“, “Քրիս­տո­սի մէջ մեր յայտ­նե­ցաւ“ եւ “Սուրբ, Սուրբ“ եր­գե­րով, իսկ ելոյ­թը աւար­տե­ցաւ “Կի­լիկ­իա“ մաղ­թեր­գով: Քեթ­րին Էշ­թըն եւ պատ­ուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը հի­աց­մուն­քով ունկնդ­րե­ցին Ս. պա­տա­րա­գէն երգ­ուած  այդ կտոր­նե­րը, ապա հմայ­ուած դի­տե­ցին եկե­ղեց­ւոյ գու­նա­զարդ որմ­նան­կար­նե­րը, որոնք կը ներ­կա­յաց­նեն Հին ու Նոր կտա­կա­րան­նե­րու ամ­բողջ պատ­մու­թիւնը, եկե­ղեց­ւոյ խոր­հուրդ­նե­րը, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի չար­չա­րանք­նե­րը եւ մա­նա­ւանդ` դրախտ-դժոխք սքան­չե­լի պատ­կե­րը:

Այ­նու­հե­տեւ պատ­ուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը բարձ­րա­ցան վան­քի Ծաղկ­եայ դահ­լիճ, ուր առաջ­նորդ սրբա­զա­նը բա­րի գա­լուս­տի խօսք ուղ­ղեց հիւ­րե­րուն, ապա անդ­րա­դար­ձաւ իրա­նա­հա­յու­թեան կեան­քին ու անոնց ու­նե­ցած առա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն ու իրա­ւունք­նե­րուն: Ան բա­ցատ­րեց, թէ ինչ­պի­սի՛ կազ­մա­կերպ­ուած հա­մայնք­ներ են եւ ինչ­պի­սի՛ աշ­խուժ կեանք ու­նին հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին ու մշա­կու­թա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ: Բաբ­գէն եպս. Չար­եան մատ­նան­շեց կա­ռա­վա­րու­թեան հետ ու­նե­ցած սերտ յա­րա­բե­րու­թիւնը եւ Իրա­նը ներ­կա­յա­ցուց իբ­րեւ հա­մա­գո­յակ­ցու­թեան եր­կիր` հաս­տա­տե­լով, որ 400 տարիէ ի վեր հա­յե­րը իբ­րեւ քրիս­տոն­եա­ներ իս­լամ եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն հետ ապ­րած են յար­գան­քով եւ սի­րով: Սրբա­զան հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Եւ­րո­միու­թեան խորհր­դա­րա­նին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչ­նա­լուն հա­մար, նա­եւ անդ­րա­դար­ձաւ Զուի­ցեր­իոյ դա­տա­րա­նին կող­մէ դա­տա­պարտ­ուած թուրք գոր­ծիչ Տո­ղու Փե­րին­չէ­քի ար­դա­րաց­ման վճի­ռին` յի­շեց­նե­լով, որ ամիս մը առաջ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սը բո­ղո­քած էր Զուի­ցեր­իոյ դա­տա­րա­նին. ան կար­դաց վե­հա­փա­ռին նա­մա­կէն քա­նի մը հատ­ուած:

Առաջ­նորդ սրբա­զա­նը իր խօս­քին մէջ շեշ­տեց, որ Իրա­նի պե­տու­թիւնը միշտ զօ­րակ­ցած է իրա­նա­հա­յու­թեան` իր եկե­ղե­ցի­նե­րուն ու մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու պահ­պան­ման իմաս­տով, մինչ աս­կէ քա­նի մը տա­րի առաջ դրա­ցի Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ կո­տոր­ուե­ցան ու ոչն­չաց­ուե­ցան Հին Ջու­ղա­յի պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող խաչ­քա­րե­րը. բան մը, որ մշա­կու­թա­յին իս­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է:

Իր խօս­քի աւար­տին Բաբ­գէն եպս. Չար­եան յոյս յայտ­նեց, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը կ՛անդ­րա­դառ­նայ այս հար­ցին, կը ճանչ­նայ մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րը եւ կը դա­տա­պար­տէ նման արարք­ներ, որ­պէս­զի նման ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւնը ար­գիլ­ուի:

Սրբա­զան հօր խօս­քէն ետք Քեթ­րին Էշ­թըն վստա­հե­ցուց, որ ան­պայ­ման պի­տի հե­տե­ւի եւ պաշտ­պա­նէ մարդ­կա­յին իրա­ւունք­ներն ու ներ­կա­յաց­ուած հար­ցե­րը:

Պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պու­մին աւար­տին սրբա­զան հայ­րը` ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան անու­նով, յու­շան­ուէր­ներ յանձ­նեց Քեթ­րին Էշ­թը­նի: Ապա պատ­ուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ս. Ամե­նափր­կիչ վան­քի “Խա­չա­տուր Կե­սա­րա­ցի“ ան­ուան թան­գա­րա­նը, ուր Բաբ­գէն եպս. Չար­եան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին առ­ջեւ ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն տուաւ կա­տար­ուած ոճի­րին մա­սին, քար­տէ­սին վրայ ցոյց տուաւ այն վայ­րե­րը, ուր գործ­ուած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ` Տէր Զօ­րէն բեր­ուած նա­հա­տակ­նե­րու աճիւն­նե­րու բե­կոր­ներ: Շրջա­գա­յե­լով թան­գա­րա­նին մէջ Էշ­թըն ծա­նօ­թա­ցաւ 10-րդ դա­րէն մին­չեւ 18-րդ դա­րու ձե­ռա­գիր­նե­րուն, եկե­ղե­ցա­կան սպաս­նե­րուն, իւ­ղա­ներկ պատ­կեր­նե­րուն եւ զա­նա­զան այլ ար­ժէ­քա­ւոր ցու­ցան­մոյշ­նե­րու: Սրբա­զան հայ­րը յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ անգլ­ի­ա­կան տպագ­րա­կան մե­քե­նա­յին, որ Սեիրբ Ամե­նափր­կիչ վան­քին մէջ օգ­տա­գործ­ուած եր­րորդ տպագ­րա­կան սար­քը եղած է, նա­եւ խօ­սե­ցաւ Խա­չա­տուր վրդ. Կե­սա­րացիի մա­սին, որ իր ու իր գոր­ծա­կից­նե­րուն ջան­քե­րով Ս. Ամե­նափր­կիչ վան­քին մէջ հիմ­նադ­րած է Իրա­նի եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի առա­ջին տպա­րա­նը:

Այ­ցե­լու­թեան աւար­տին Էշ­թըն թան­գա­րա­նի յու­շա­մատ­եա­նին մէջ ար­ձա­նագ­րու­թիւն կա­տա­րեց, ապա հա­ւա­քա­կան լու­սան­կա­րէ ետք հրա­ժեշտ տուաւ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles