Լրահոս

ՓՐՈ­ՎԻ­ՏԷՆ­ՍԻ ՄՈՒ­ՐԱՏ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱ­ՆԻ ԱՄԱ­ՎԵՐ­ՋԻ ՀԱՆ­ԴԷՍ ՆՈՒԻՐ­ՈՒԱԾ` “ՀԱՅ ԳՐԻ­ՔԻ ՏՊԱԳ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ 500֊ԱՄ­ԵԱ­ԿԻՆ“

 Փրո­վի­տէն­սի Մու­րատ Ազ­գա­յին Վար­ժա­րա­նի ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը նուիր­ուած` “հայ գրքի տպագ­րու­թեան 500-ամ­եա­կին“, տե­ղի ու­նե­ցաւ Կի­րա­կի, Յու­նիս 10, 2012 Գրէնս­թը­նի Հօբ Հայ­լէնտ  դպրո­ցի սրա­հին մէջ: Տէր Հօր բաց­ման աղօթ­քէն ետք  երգ­ուե­ցան “Մեր Հայ­րե­նիք“  եւ “Թող Միշտ Պան­ծայ Մեր Հայ Դպրոց“ քայ­լերգ­նե­րը աշա­կեր­տու­թեան կող­մէ: Խնա­մա­կալ Մարմ­նի ատե­նա­պետ` Պր. Յա­կոբ Խա­չա­տուր­եան  յայտ­նեց իր շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րը տնօ­րէ­նու­հի`  Տիկ. Անա­հիտ Քի­պար­եա­նին, ու­սուց­չա­կազ­մին եւ ծնող­նե­րուն,  որոնց գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ յա­ջող տա­րի մը եւս բո­լո­րե­ցինք: Ան յայտ­նեց որ 2012 տա­րին հռչակ­ուած է “Հայ Գրքի“ տա­րի Արամ Ա.Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ, որուն պատ­գա­մէն մէջ­բե­րե­լով մատ­նան­շեց  թէ  ինչ­պէս “Ոս­կե­դա­րէն մին­չեւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րը, հայ գիր­քը եղաւ ամե­նօր­եայ աղ­բիւր լոյ­սի, յոյ­սի, հա­ւատ­քի եւ իմաս­տու­թեան, ու­ղե­ցոյց ու ճա­նա­պարհ քրիս­տո­սա­կեդ­րոն եւ հա­յա­հոծ կեան­քի“:

Ման­կա­պար­տէ­զի մա­նուկ­նե­րը եր­գե­ցին “Ծա­փիկ, ծա­փիկ“ եւ “Արեւ, արեւ“ եր­գե­րը, որ­մէ ետք մի­ջին կար­գի աշա­կերտ­նե­րը ար­տա­սա­նե­ցին Ժագ Ս. Յա­կոբ­եա­նի “Հա­յե­րէն Գիրք“ քերթ­ուա­ծը: Անգլ­ի­ա­խօս դա­սա­րա­նի աշա­կերտ­ներն ու փոք­րե­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ եր­գե­ցին “Կը Հնչէ Զան­գը“ եւ “Հա­յաս­տա­նը Պէտք է Ծաղ­կի“ եր­գե­րը, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` եր­գի դա­սա­տու եւ շնոր­հա­լի դաշ­նա­կա­հա­րու­հի` Տիկ. Այ­տա Գա­լիք­եա­նի: Աւար­տա­կան դա­սա­րա­նի աշա­կերտ­ներն ու օգ­նա­կան շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն  մի քա­նին, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով  բեմ բարձ­րա­ցան որ­պէս դե­րա­սան­ներ ու ներ­կա­յա­ցու­ցին “Կի­րա­կոս Աղա­յին Ճա­շա­րա­նը“ ծի­ծա­ղա­շարժ զա­ւեշ­տը, բե­մադ­րու­թեամբ` թատ­րո­նի ու­սու­ցիչ` Պրն. Հա­մա­զասպ Ռշտունի­ին, ար­ժա­նա­նա­լով բուռն ծա­փա­հա­րու­թեան:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button