…ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 32 Second

p1  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

 

 

Փետրուար 18, 2013…ամսուան երրորդ Երկուշաբթին է: Իւրայատուկ օր մը, ամերիկահայութեան համար:

Ա.Մ.Ն.-ի ամէնէն աւելի ազդեցիկ նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի յիշատակին նուիրուած օր մը: Նաեւ նախագահներու օր` “President’s Day“ …յատուկ տօնակատարութիւն, հանդիսութիւններ, պաշտօնական արձակուրդ:

Վերադառնանք դէպի ակունք` արմատներ:

Փետրուար 18, 1921…թիւերն ու թուանշանները մէկդի դնելով, պարզապէս, իբրեւ “Փետրուարեան ապստամբութիւն“ անունով ծանօթ է վերոյիշեալ թուականը: Հազիւ

քանի մը տարուայ անկախութէնէ ետք, Խորհրդային բռնութիւնն է որ արշաւեց Հայաստան եւ հետեւողական ու մասսայական հալածանքներով եւ սպանութիւններով, հազիւ ազգային դրօշին` եռագոյնին տիրացած հայրենիքը վերածեց սպանդանոցի:

Այսպէս, հազիւ մուտք գործած հայրենի հող, “պոլշեվիզմ“ը երբեք չյարգեց իր  խոստումները: Դեռ քանի մը տարի առաջ անկախութիւն կերտած Բեկ-Բիրումեանի, Սիլիկեանի եւ Նազարբեկեանի նման զօրավարներ անարգուած, տեղահանուած, կողոպտուած, աքսորուած եւ սպաննուած էին:

Բնականաբար, կենսունակ հայորդիին համար անշնչելի էր կացութիւնը, եւ մանաւանդ ծանրօրէն վիրաւորուած էր իր արժանապատուութիւնը: Ան հակազդեց եւ պոռթկաց, գիտնալով հանդերձ թէ վիթխարի “Քողիաթէ“ին դէմ կը ճակատէր:

Պատմութեան այդ դաժան ու խաւար օրերը անցան եւ հայորդին քաջատեղեակ ըլլալով ազատութեան իր իրաւունքին, ամէն գնով գործի լծուեցաւ հայրենիքը ազատագրուած տեսնելու եւ հեռու ամէն կարգի ճնշումէ եւ բռնութենէ: Արցախի ազատագրման պայքարը ցայտուն օրինակն է:

Փետրուար 18, 2013…Նոր Աշխարհէն ներս պիտի տօնենք նախագահներու օրը, իսկ Հայաստանի մէջ, նախագահի օր չէ, այլ նախագահի ընտրութեան օր, կամ փորձելով կամրջել անցեալին հետ` “Փետրուարեան Ընտրութիւն“:

Պիտի ընտրենք յառաջիկայ հինգ տարիներու երկրին ղեկը ստանձնողը` նախագահը: Մետասաներորդ ժամուն անկիւնադարձային իրադարձութիւն մը — բան մը որ անհաւանական է — կրնայ փոփոխութեան ենթարկել այդ օրը:

Նոյնիսկ մահափորձի ենթարկուած “Ազգային Ինքնորոշում Միաւորում“ Կուսակցութեան ղեկավար Պարոյր Հայրիկեան, որ նախապէս դիմում կատարած էր Սահմանադրական Դատարանին, ընտրութիւնները երկու շաբաթով յետաձգելու, յետս կոչած էր իր “ապստամբութիւն“ը:

Նոյնինքն Հայրիկեան, նաեւ մնացեալ թեկնածուները, անշուշտ ներառեալ վերընտրուելիք նախագահ Սերժ Սարգսեան… այլեւս չեն կրնար Սահմանադրական Դատարան դիմել ընտրութիւնները յետաձգելու պահանջով, պարզապէս այն պատճառով որ դիմումներ ներկայացնելու ժամկէտը արդէն իսկ անցած է:

Այսպէս Սահմանադրական Դատարանն ալ փակած է իր “սահմաններ“ը:

Փետրուար 18, 2013…Օրն է ընտրութեան…վերընտրութեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles