Փաքիստանը Միջնորդ, Թուրքիան Դիտորդ

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Միջին Արեւելքը պատմական իմաստով եղած է պատերազմներու եւ լարուածութեան աշխարքաղաքական կեդրոն մը: Թուրքիան իբրեւ շրջանային հզօր պետութիւն, բնականաբար, ունեցած է իր դերակատարութիւնը: 1516-1517 թուականներուն Սուլթան Սելիմ Ա. կարեւոր յաղթանակ մը տանելով ոչնչացուց Մեմլուքներու իշխանութիւնը, գրաւեց Սուրիան, Լիբանանը, Պաղեստինը, Յորդանանը, Եգիպտոսը եւ Հիժազը: Ան նաեւ այդ թուականներուն հռչակեց Օսմանեան Խալիֆայութեան հաստատումը: Անկէ ետք, թուրքերը դարձան անշրջանցելի դերակատարներ շրջանային բոլոր խնդիրներուն եւ փոփոխութիւններուն մէջ:
Ներկայիս, Թուրքիան կը ձգտի իր կարողականութիւնը բարձրացնել ռազմական, տնտեսական, դիւանագիտական, ընկերային եւ մշակութային մակարդակներու վրայ: Իրանի դէմ Միացեալ Նահագներու եւ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմը ինքնին դարձաւ առիթ առնուազն Անգարան ներկայացնելու իբրեւ միջնորդ, սակայն այդ մէկը չյաջողեցաւ:
Պատերազմէն օրեր առաջ, Անգարայի դիւանագիտական ղեկավարութիւնը կը ձգտէր Թուրքիան նշանակել իբրեւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու կայացման երկիրը, որպէսզի ամրապնդէ ինքն իր դերը իբրեւ շրջանային միջնորդ եւ բոլորին վստահութիւնը վայելող ուժ: Սակայն, 1 Փետրուարին, կատարուած այդ առաջարկը չիրականացաւ ու մնաց յայտարարութիւններու եւ առաջարկներու կարգի վրայ: 4 Փետրուարին, նոյն առաջարկը կրկնուեցաւ այս անգամ Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ, սակայն արդիւնքը մնաց նոյնը:
9 Փետրուարին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, իր կարգին, Միացեալ Նահանգներուն աննուղակիօրէն Անգարայի պատկերացումը տալով ըսաւ. «Իրանի մէջ վարչակարգի փոփոխութիւնը օդային հարուածներու միջոցաւ կարելի չէ իրականցնել»: Աւելի ուշ, 24 Փետրուարին, Թուրքիոյ զինեալ ուժերը պատրաստուածութիւն յայտնեցին դիմակայելու Միացեալ Նահանգերուն կողմէ հաւանական յարձակում մը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ, յայտնելով, որ զինուորական միջամտութիւն մը կրնայ կատարուիլ գաղթականներու հոսքը դէպի Թուրքիա արգիլելու համար: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Անգարա պատրաստուած էր այս պատերազմի հաւանական կամ ոչ-հաւաական բոլոր հետեւանքներուն ու արդիւնքներուն:
Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլէթ Պահչելի իր կարգին 24 Փետրուարին յայտնեց, որ Իրանի դէմ պատերազմի շղթայազերծումը կրնայ ուղղակի պատճառ դառնալ շրջանային լայնածաւալ պատերազմի մը բռնկման, միաժամանակ դատապարտելով շրջանին մէջ Ամերիկեան զինեալ ներկայութիւնը:
Պատերազմի բռնկումէն ետք, Թուրքիան անմիջապէս փոխեց իր յայտարարութիւններուն բնոյթը եւ որդեգրեց հաւասարակշռուած խօսոյթ, որ զուտ դիւանագիտական բնոյթ ունէր: Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան մնացին գլխաւոր դերակատարներ իրենց կատարած այցելութիւններուն, տեսակցութիւններուն եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն միջոցաւ:
Նոյնիսկ երբ զանազան առիթներու Թուրքիոյ տարածքը կամ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը հռթիրակոծման ենթարկուեցան Իրանեան զինեալ ուժերուն կողմէ, Անգարա մնաց հաւասարակշռուած: Ներքին իմաստով, կացութիւնը եւս դրսեւորեց արտաքին քաղաքականութեան շուրջ որոշ միասնականութիւն մը, յատկանշուած Ժողովուրդներու Հաւասարութեան եւ Ժողովրդավարութեան կուսակցութեամբ, որ Քրտական քաղաքական գլխաւոր ուժն է: Քրտական քաղաքական ներկայացուցչութիւնը մերժեց միջամուխ ըլլալ Իրանի դէմ շղթայազերծուած այս պատերազմին եւ մասնակից դառնալ որեւէ ապստամբութեան մը մէջ:
3 Մարտին, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն դէմ տեղի ունեցած հարուածները պատռուակ պիտի չդառնան պատերազմի աւարտին, այլ կրնան պատերազմի ծաւալը բարձրացնել, հաստատելով, որ Թուրքիան պատրաստ է ինքզինք պաշտպանել որեւէ հարուածի դէմ: Իրանի որդեգրած քաղաքականութեան մասին խօսելով, ան ըսաւ. «Իրան որդեգրած է՝ եթէ փլուզուիմ շրջանը եւս պիտի փլուզուի» մտադրութիւնը, ինչ որ վտանգաւոր է: 4 Մարտին, Ֆիտան նշեց, որ պատերազմը դադրեցնելու Թուրքիոյ կատարած ջանքերը ձախողած են:
Նոյնիսկ երբ «եղբայրական» Ազրպէյճանը հռթիրակոծուեցաւ, Անգարան մնաց կշռուած եւ զուսպ: Մեր նախորդ յօդուածին մէջ անդրադարձանք Թուրքիա-Իրան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկկողմ տնտեսական շահերուն մասին: Հետեւաբար, բնական է, որ Թուրքիոյ ջանքերը եղան իրանեան վարչակարգը պահպանելու ուղղութեամբ:
Պատերազմին ընթացքին, Թուրքիոյ ներքին յայտարարութիւնները եւս փոփոխութեան ենթարկուեցան: Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան փոխ նախագահ եւ մամլոյ բանբեր Օմար Ճելիք յայտնեց, որ այս պատերազմը տեղի չէր ունենար եթէ Թուրքիան ըլլար հակամարտող կողմերը բանակացութեան սեղան հրաւիրող միջնորդը: Սակայն, Ճելիք կը մոռնայ, որ այսքան ժամանակ անցած է եւ թրքական դիւանագիտութիւնը իրականութեան մէջ անտեսուած է: Այս մէկը կրնայ ըլլալ Թուրքիա-Իրան յատուկ յարաբերութիւններուն եւ բարեկամութեան պատճառով, կամ Իսրայէլի ազդեցութեան հետեւանքով:
Հետաքրքրական էր նաեւ Տեւլէթ Պահչելիի 10 Մարտի կատարած յայտարարութիւնը, ուր շեշտեց. «Քիւրտերը ծախու կամ վարձու չեն»: Ազգայնամոլ Պահչելին յանկարծ սկսած է մտահոգուիլ քիւրտերու արժանապատուութեամբ: Այս մէկը կրնայ վախի արդիւնք ըլլալ, որովհետեւ հետագային, եթէ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը իրենց հայեացքները ուղղեն Թուրքիա, քիւրտերը կը դառնան այդ հակամարտութեան մէջ ազդեցիկ խմբաւորում: Հետեւաբար, ըստ երեւոյթին, ժամը հասած է, որ ազգայնամոլները բարեկամանան քիւրտերուն հետ:
Թուրքիոյ ժողովուրդը եւս որդեգրած է իր ղեկավարութեան տեսակէտը: 10 Մարտին հրապարակուած հետազօտութեան մը համաձայն, քաղաքացիներուն 35 առ հարիւրը կ՛ուզէ մնալ չեզոք, 33 առ հարիւրը կ՛ուզէ Թուրքիան տեսնել իբրեւ միջնորդ, 12 առ հարիւրը կ՛ուզէ Թուրքիան իր աջակցութիւնը յայտնէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, 3 առ հարիւրը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներուն, իսկ 17 առ հարիւրը յատուկ կարծիք չունի ներկայ հակամարտութեան մասին: 29 Մարտին հրապարակուած այլ հետազօտութիւն մը եկաւ մասամբ ամրապնդելու եւ փոխելու այս պատկերը: Մասնակիցներու 68 առ հարիւրը կը պահանջէ, որ Թուրքիան որդեգրէ չեզոք կարգավիճակ, 23 առ հարիւրը կ՛ուզէ աջակցիլ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, 2 առ հարիւրը կ՛ուզէ աջակցիլ Միացեալ Նահագներ-Իսրայէլ կողմին, մինչ 7 առ հարիւրը անպատասխան էր: Այստէղ կրնանք նկատել, որ Իրանի հանդէպ ժողովրդային կարծիքը դարձած է շատ աւելի դրական քան պատերազմի սկզբնաւորութեան, իսկ Միացեալ Նահանգներուն հանդէպ աւելի բացասական:
Իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ քաղաքացիները բնականաբար այս կեցուածքը պիտի ունենային, որովհետեւ այս պատերազմը նաեւ հարուած է Թուրքիոյ, որ արդէն 13 Մարտին ունեցած էր 25-30 միլիառ տոլարի տնտեսական կորուստներ, որովհետեւ արտաքին ներդրումները նուազած էին կամ նոյնիսկ ամբողջութեամբ վաճառուած ու փակուած: Միւս կողմէ, Թուրքիա-Ծոցի երկիրներ արտածումները 40 հարիւրով կամ 12 միլիառ տոլարով նուազեցան:
Դիւանագիտական այլ հարուած մը եղաւ 24 Մարտին երբ Թուրքիա-Փաքիստան-Սէուտական Արաբիա եռակողմ ռազմական աճող գործակցութեան մէջ տեղի ունեցաւ տարակարծութիւն մը, յատկապէս Իրանի հակամարտութեան շուրջ կատարուելիք յայտարարութիւններուն գծով, որովհետեւ Սէուտական Արաբիան, բնականաբար, պահանջեց աւեղի խիստ ոճ ոդեգրել Թեհրանի հանդէպ, մինչ Անգարան եւ Իսլամապատը մերժեցին: 25 Մարտին, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան իր կարգին դրական ձեւով որակեց այս հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, ըսելով. «Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահին, սիրելի եղբօրս Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ամուր կեցուածքը, դատապարտելով Իսրայէլեան յարձակումը՝ յարգելի է»:
Սակայն, աւարտին, Փաքիստանը եղաւ այն ուժը, որ հռչակուեցաւ միջնորդ եւ արդէն իսկ հիւրընկալեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի պատուիրակութիւնները, մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ: Բանակցութիւններու առաջին հանգրուանը ձախողեցաւ, սակայն վստահաբար պիտի շարունակուի: Անգարա իր կարգին դատապարտեց բանակցութիւնները ձախողեցնելու Իսրայէլեան ջանքերը:
Աւարտին, Փաքիստանը դարձաւ միջնորդ, իսկ Թուրքիան դիտորդ: Այսինքն, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի 150 հեռաձայնային զրոյցները եւս ձախողեցան:

