Լրահոս

Փարիզի Մէջ Պիտի Կայանայ Սփիւռքի Զօրաշարժին Նուիրուած Խորհրդաժողով

Ապրիլ 11-12-ին, Փարիզի մէջ պիտի կայանայ Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողով մը, որուն նպատակն է դիմագրաւել վերջին տարիներուն հայութիւնը ցնցած աննախընթաց տագնապներն ու մարտահրաւէրները։

2018-էն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ հայկական ազգային շահերէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի թղթածրարներէն հրաժարումը (որուն հետեւանքը եղաւ Արցախի բռնի հայաթափումը), ինչպէս նաեւ հայկական ինքնութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներն ու ազգային հաստատութիւններու դէմ յարձակումները աննախընթաց օրհասական վիճակ մը ստեղծած են ամբողջ հայկական աշխարհի համար։

Կայանալիք խորհրդաժողովին նպատակն է հաւաքաբար քննարկել ստեղծուած իրավիճակը եւ զօրաշարժի ենթարկել Սփիւռքը՝ կազմաւորելով միասնական ու նպատակաուղղուած կեցուածք՝ ի պաշտպանութիւն եւ հզօրացում Հայաստանի պետութեան, հայկական Սփիւռքին եւ ընդհանրապէս հայկական ազգային շահերուն ու Հայ Դատին։

Խորհրդաժողովը պիտի համախմբէ աւելի քան 25 երկիրներէ շուրջ 150 ներկայացուցիչներ՝ ներառեալ համայնքային առաջնորդներ, կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, մասնագէտներ, գործարարներ եւ երիտասարդներ։

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովի համադրող կազմը պատրաստած է օրակարգ մը, որուն առանցքային կէտերն են․-

Advertisement Subscribe Today
  • Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուծման մէջ եւ քաղաքական օրակարգը։
  • Ազգային արժէքներու եւ Հայոց եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը Սփիւռքի մէջ՝ հայկական ինքնութեան պահպանման առումով, ինչպէս նաեւ նոր իրավիճակին մարտահրաւէրները։
  • Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցերը եւ հեռանկարները, Սփիւռքը որպէս հայկական աշխարհի «փափուկ ուժ»-ի բաղադրիչ։
  • Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում՝ յանուն համահայկական նպատակներու։

Աւարտին, խորհրդաժողովը աշխարհասփիւռ հայութեան պիտի ուղղէ կոչ-յայտարարութիւն մը, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական, համայնքային եւ այլ նախաձեռնութիւններ։

diasporaconference2026@gmail.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button