Գրողի Անկիւն

ՓԱՐԻԶԱՀԱՅՈՒՀԻԻ ՄԸ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ


Սիլվի Սրբուհի Մարազեան

Տպաւորուած՝ Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեանի «Երեւանեան Օրագրութիւն – 8» յօդուածէն, կը յիշեմ նմանօրինակ դէպք մը Փարիզաբնակ հայուհիի մը առօրեականէն:
Տնային գործերս աւարտած, աշխատասենեակս, համակարգիչիս հետ զբաղուած եմ երբ յանկարծ դրան զանգակը կը հնչէ յամառօրէն:
Կոկիկ հագուած զոյգ մը այր, կայնած են պարտէզին երկաթադրան ետեւի մասը. ձեռքերնին բռնած՝ թերթիկ մը եւ գրքոյկ մը: Անմիջապէս կը հետեւցնեմ իրենց ներկայութեան նպատակը բայց անգամ մը դուռը բացած կը գտնուիմ:
Ժպտերես ու լիակատար քաղաքավարութեամբ՝ ինչպէս որ միշտ.-.« Bonjour, vous connaissez la bonne nouvelle? » (-Բարեւ, տեղեակ է՞ք բարի լուրէն). կ՛ըսեն:
-Գիտեմ, դուք Եհովայի վկաներ էք, ես Հայ եմ եւ Առաքելական եկեղեցիին կը պատկանիմ…ըսելուս չմնացած»
-Ա՜հ, շատ լաւ, ուրեմն ձեզի Հայ վկայ մը կը ղրկենք վաղը . ըսելով եւ առանց միջամտութեանս ականջ տալու հապճեպով կը մեկնին, կ՛անյետանան քովնտի անկիւնադարձէն:
Շշմած ու հայեացքս սեւեռած, կը մնամ պահ մը, այս պատրաստամտութեան եւ հաստատակամ կեցուածքին առջեւ:
Յաջորդ երեկոյեան, նոյն ժամերուն, խոստումնապահօրէն կրկին դուռս կը զանգահարէ. փայլուն դիմագիծով, խնդումերես մի երիտասարդ կայնած է դրան սեմին, այս անգամ առանձինն:
Զիս տեսնելուն պէս կը սկսի արտայայտուիլ մայրենիով:
-Բարեւ, ես Յովաննէսն եմ, ինծի ղրկեցին ձեզ, բարի լուրը իմացնելու…:
Յեղակարծ՝ երկինքի գորշ ամպերը լաց կը լինեն. աշնան ջաղբն է որ հորդառատ կը սկսի հեղալ գլխուս վերեւ:
Հայրենակից մը տեսնելու գոհունակութիւնը՝ թէ, կրօնափիլիսոփայական սկզբունքներուս հակառակորդ մը դիմաւորելու դժգոհութիւնը…: Խնդամ, թէ լամ, այս հազուադէպ ու անվերապահ հանդիպման առջեւ:
Շլմորած ու առաւել հիասթափուած՝ հրաժեշտ կ՛առնեմ իր ներկայութենէն ու կը փակեմ տանս դուռը:
Մտորումներ, խճողուած, կը ձաղկին մտքիս մէջ. միթէ մենք, մեր ազգային, պատմական ու կրօնական սրբութիւններուն պաշտպանը հանդիսանալու ու արժանաւոր կերպով զանոնք յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու պարտականութիւնը չունէի՞նք…:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button