Փաշինեանը, Էրտողանն Ու Ալիեւը Դժգոհ Են Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն

Յարութ Սասունեան
Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ 28 Յունիս 2026-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը տարաբնոյթ արձագանգներու արժանացաւ։ Ահա՛ քանի մը հիմնական իրողութիւններ՝ յստակացման համար.
Տասնամեակներու ժխտողականութենէ եւ խուսանաւումներէ ետք, Իսրայէլի կառավարութիւնը վերջապէս հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութեամբ: Այս երկարատեւ ուշացումը ամօթալի եւ անբարոյական էր, յատկապէս՝ ժողովուրդի մը համար, որ ինքն ալ զոհ գացած էր ցեղասպանութեան: Կացութիւնը վատթարացնելով Իսրայէլի կառավարութիւնը տարիներ շարունակ մեղսակից եղած է Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան՝ յորդորելով հրեայ-ամերիկեան մեծ կազմակերպութիւններուն խոչընդոտել Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փորձերը:
Ակնյայտ է, թէ ինչո՛ւ Իսրայէլ նախապէս չէր ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ինչո՛ւ այժմ կը ճանչնայ։ Ասիկա որեւէ կապ չունի Հայոց ցեղասպանութեան փաստերուն հետ։ Պետութիւնները իրենց քաղաքական որոշումները կը կայացնեն՝ մեկնելով ազգային շահերէն, եւ ոչ թէ՝ զգացական կամ բարոյական նկատառումներէ։ Իսրայէլը դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար՝ կը նշանակէ անտեսել այդ կարեւոր քաղաքական իրականութիւնը։ Իսրայէլ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչցաւ, մինչեւ որ նկատեց, թէ այդ քայլը կը ծառայէ իր շահերուն, ինչպէս էր պարագան Ցեղասպանութիւնը ճանչցած աւելի քան 30 այլ երկիրներուն։
Յաջորդ թիւրիմացութիւնը կու գայ հայերէ, որոնք կը հարցնեն. «Ի՞նչ տուած է մեզի օտար պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը»։ Անիրատեսական է ակնկալել, որ որեւէ երկրի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի ստիպէ Թուրքիան՝ ընդունիլ զայն, փոխհատուցում կատարել հայ ժողովուրդի կորուստներուն համար եւ վերադարձնել Արեւմտեան Հայաստանը…
Ցեղասպանութեան ճանաչումը խորհրդանշական քայլ է, որ ունի շարք մը իրատեսական օգուտներ.
1.- Անիկա անդադար կը յիշեցնէ աշխարհին, որ ցեղասպանութեան սարսափելի ոճիր մը կատարուած է հայ ժողովուրդին դէմ: Աւելի քան դար մը ետք անիկա կը շարունակէ հետապնդել թուրք ժխտողները: Թուրք ղեկավարները աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ երթան, անոնք կը բախին իրենց նախնիներու զանգուածային սպանութիւններուն։
2.- Անիկա որոշ բաւարարուածութիւն կը պատճառէ նահատակներուն ժառանգորդներուն՝ հաստատելով, որ իրենց ողբերգութիւնը չէ մոռցուած: Ժխտողականութիւնն ա՛լ աւելի կը խորացնէ հասցուած ցաւն ու վիրաւորանքը:
3.- Անիկա կը պատասխանէ Հիթլերի նշանաւոր հարցումին. «Ո՞վ, ի վերջոյ, այսօր կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին»: Հիթլերի այս թիւր համոզումը դրդապատճառներէն մէկն էր, որ զինք քաջալերեց ծրագրելու Ողջակիզումը:
4.- Չմոռնալով Ցեղասպանութիւնը՝ հայ ժողովուրդը վառ պիտի պահէ այն յոյսը, որ օր մը՝ հեռաւոր ապագային, երբ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական հանգամանքները փոխուին, կարելիութիւն պիտի ունենայ վերականգնելու իր կորուստները։
5.- Ամէն անգամ որ որեւէ երկիր կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ կը յայտնուին հազարաւոր հրապարակումներ, որոնք կը բարձրաձայնեն Թուրքիոյ զանգուածային ոճիրներուն մասին: Թուրքիոյ կառավարութիւնը տարիներու ընթացքին միլիառաւոր տոլարներ վատնած է՝ փորձելով թաղել այս հարցը, սակայն՝ ապարդիւն:
6.- Անկախ անկէ, թէ ի՛նչը դրդած Իսրայէլը կամ որեւէ այլ երկիր ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդը պէտք է առաջնորդուի բացառապէս անձնական շահերով։
7.- Հայաստանի ռազմավարական շահերէն կը բխի օգտուիլ Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խորացող դիւանագիտական պառակտումէն: Նման տարակարծութիւններու ցուցանիշ է նախորդ շաբաթ Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանին վերադարձը Պաքու:
Այժմ անդրադառնանք անոնց, որոնք Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արձագանգած են անտեսումով կամ բացայայտ ժխտումով։
Թուրքիա. 111 տարուան ժխտողականութենէ ետք թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ վատնել իր ժամանակն ու միջոցները՝ հերքելով անհերքելին: Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի պատասխան՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է խուսափողական յայտարարութեամբ, ուր Իսրայէլը կը մեղադրէ Կազայի մէջ իրագործուող վայրագութիւններուն մէջ, ինչ որ, սակայն, չ՛արդարացներ թրքական կառավարութիւնը՝ միլիոնաւոր հայերու, ասորիներու եւ յոյներու զանգուածային սպանութիւններու պատասխանատուութենէն: Աւելի՛ն. նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կրկնած է ակնյայտ սուտը. «Մեր հազարամեակներու պատմութեան մէջ չկան՝ ցեղասպանութիւն, կոտորած, ճնշում եւ գաղութատիրութիւն»: Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունեցած են նուազ քան 1000 տարիէ, եւ այդ ժամանակահատուածին մէջ իրականացուցած են թէ՛ կոտորածներ ու ճնշումներ եւ թէ՛ գաղութատիրութիւն ու բազմաթիւ ցեղասպանութիւններ:
Էրտողանը նաեւ կեղծաւորութեամբ կը յայտարարէ, որ պաղեստինցի ժողովուրդին պաշտպանն է։ Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիան սերտ ռազմական դաշինք ունեցած է Իսրայէլի հետ, միլիառաւոր տոլարներու ապրանքներ վաճառած է անոր եւ թոյլատրած Ատրպէյճանական նաւթի մեծածաւալ փոխադրութիւնը Իսրայէլ՝ այդպիսով ալ նպաստելով Կազայի մէջ ընթացող պատերազմին, որուն պատճառով զոհուած են տասնեակ հազարաւոր պաղեստինցիներ։
Ատրպէյճան. Թէեւ Ատրպէյճանն ինքն ալ զանգուածային ոճիրներ գործած է հայերուն դէմ, բայց եւ այնպէս, այժմ անիկա նաեւ կը դառնայ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան մեղսակիցը՝ մասնակցելով անոր ժխտման: Ատրպէյճանն ալ պաղեստինցիներուն բարեկամը չէ․ ան միլիառաւոր տոլարներ կը վճարէ Իսրայէլին զէնք գնելու համար եւ կը հանդիսանայ Իսրայէլի նաւթի մեծագոյն մատակարարը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախորդ շաբաթ հրապարակեց յայտարարութիւն, որուն մէջ «լուրջ մտահոգութիւն» նկատեց Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ կոչ ուղղելով Իսրայէլի կառավարութեան՝ վերանայելու այդ որոշումը: Պաքուի յայտարարութեան ամէնէն անհեթեթ հատուածն այն է, թէ՝ «Ատրպէյճանը կը շարունակէ հաստատակամօրէն յանձնառու ըլլալ պատմական ճշմարտութեան պահպանման, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու յարգման եւ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան խթանման»:
Ամօթալի է, որ Ատրպէյճանի աշքենազի հրէական համայնքի գլխաւոր ռաբբի Շնէուր Սեկալը նամակ յղած է՝ կոչ ուղղելով Քնեսեթին չճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ինչպէ՞ս կրնայ հոգեւորականը մերժել ճշմարտութիւնը եւ դէմ ըլլալ անոր ճանաչման: Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ճնշում կը գործադրէ իր տեղական հրէական համայնքին վրայ՝ Ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ քարոզչութիւն իրականացնելու համար:
Հիւսիսային Կիպրոս. Այս խամաճիկային «հանրապետութիւնը», որ ճանչցուած է միայն զինք գրաւած պետութեան՝ Թուրքիոյ կողմէ, որեւէ հարցի շուրջ յայտարարութիւն ընելու իրաւունք չունի: Անոր կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան անհիմն ժխտումը պայմանաւորուած է բացառապէս Անգարայի մէջ իր տէրերուն հաճոյանալու փափաքով:
Նիկոլ Փաշինեան. Ցաւօք, Հայաստանի վարչապետը կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնը, երբ խօսքը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան բնաբանով դիրքորոշում յայտնելուն։ Վերջին տարիներուն ան վիրաւորական մեկնաբանութիւններ ըրած է այս հարցին շուրջ՝ կասկածի տակ դնելով Հայոց ցեղասպանութեան իսկութիւնը։ Երբ իրմէ խնդրեցին մեկնաբանել Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, ան անամօթաբար ըսաւ. «Արձագանգի կարիք չենք տեսներ, կը կարծենք, թէ Հայոց ցեղասպանութեան զէնքի վերածելու (weaponization) թեմային մէջ չմտնելը կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն»։ Խիստ հիասթափեցնող է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կը փորձէ հանդարտեցնել իր ոխերիմ թշնամիները՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, ձեռնպահ մնալով Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստին պատշաճօրէն անդրադառնալէ։
Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ե՞րբ եւ արդեօք Իսրայէլի Քնեսէթը պիտի քննարկէ՞ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը եւ կառավարութեան ընդունած որոշումը օրէնսդրական ուղիով պիտի վերածէ՞ պետական պաշտօնական ճանաչման։

