ՑՈՅՑ` ԸՆԴ­ԴԷՄ ՊՈԼ­ՍՈՅ ՄԷՋ ԿԱ­ՏԱՐ­ՈՒԱԾ ԲՌՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 47 Second

p3 istambul ՊՈ­ԼԻՍ, ԵՐԵ­ՒԱՆ.-  Վեր­ջին եր­կու ամիս­նե­րուն, Սա­մաթ­իոյ մէջ տա­րեց հայ կի­նե­րու վրայ կա­տար­ուած յար­ձա­կում­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թեան առանց­քը, եւ զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ իրենց ձայ­նը կը բարձ­րաց­նեն ու կը դա­տա­պար­տեն այդ յար­ձա­կում­նե­րը:

Բո­ղո­քի ցոյց մը կազ­մա­կերպ­ուե­ցաւ Պոլ­սոյ Կնո­ջա­կան շար­ժու­մի խմբա­ւոր­ման նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ: Հան­րա­հա­ւա­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­մաթ­իոյ մէջ, սպանն­ուած Մա­րի­ձա Քիւ­չիւ­քի տան մօտ: Մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու հա­րիւր ցու­ցա­րար­ներ սեւ հա­գուստ­ներ հա­գած‘ կը կրէ­ին “Հայ կի­նե­րը միայ­նակ չեն“, “Ես Եւա եմ“, “Ես Մա­րի­ձա եմ“, “Իմ դրացի­իս մի՛ դպչիր“, “Ատե­լու­թեան յան­ցան­քի օրէնք մը ըն­դու­նիլ“ եւ նոյ­նան­ման գրու­թիւն­ներ: Հա­յե­րէ­նով ու թրքե­րէ­նով կար­դաց­ուե­ցան մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­ներ ու նշուե­ցաւ, թէ տա­րեց հայ կի­նե­րու վրայ գործ­ուած յար­ձա­կում­նե­րը պա­տա­հա­կան յար­ձա­կում­ներ չեն, այլ` հե­տե­ւո­ղա­կան դէպ­քեր: Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ քննա­դա­տու­թիւն­ներ կա­յին իրա­ւա­պահ­նե­րու հաս­ցէ­ին. նշուե­ցաւ, որ յար­ձա­կում­նե­րը գո­ղու­թեան նպա­տակ չէ­ին հե­տապն­դեր, այլ կա­տար­ուած էին ազ­գա­յին են­թա­հո­ղի վրայ: Դի­տել տրուե­ցաւ նա­եւ, որ իրա­ւա­պահ­նե­րը տա­կա­ւին յստակ որե­ւէ պար­զա­բա­նում չեն տուած յար­ձա­կում­նե­րուն վե­րա­բեր­եալ:p3 tsouyts

Միւս կող­մէ, Կի­րա­կի Փետր­ուար 11-ին, Հ.Յ.Դ. “Նի­կոլ Աղ­բալ­եան“ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւնը, Երի­տա­սարդ դիւա­նա­գէտ­նե­րու ակումբ երի­տա­սար­դա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնը եւ Երի­տա­սարդ “Գե­տա­շէն“ երի­տա­սար­դա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մը ներ­կա­յաց­նող խումբ մը ցու­ցա­րար­ներ ցոյց կա­տա­րե­ցին դէ­պի Երե­ւա­նի մէջ Մ.Ա.Կ.-ի գրա­սեն­եակ` բաց նա­մակ յանձ­նե­լու Թուրք­իոյ մէջ հա­կա­մար­դա­սի­րա­կան բռնու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բեր­եալ:

Բաց նա­մա­կին մէջ գրուած էր.- “Թուրք­իոյ Պո­լիս քա­ղա­քի Սա­մաթ­իա թա­ղա­մա­սին մէջ հա­յազ­գի կի­նե­րու նկատ­մամբ կ՛ի­րա­կա­նաց­ուին շա­րու­նա­կա­կան յար­ձա­կում­ներ եւ բռնու­թիւն­ներ: Այս առն­չու­թեամբ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու թոյլ­տուու­թեան եւ կրա­ւո­րա­կան կեց­ուած­քը պա­րարտ հող ստեղ­ծած են այդ երկ­րին մէջ ատե­լու­թեան, ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան, հա­յու­թեան մէջ վա­խի մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւոր­ման հա­մար: Ան­յա­պաղ կը պա­հան­ջենք Թուրք­իոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն` ապա­հո­վել իրենց քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ապա­հո­վու­թիւնը եւ հե­տա­մուտ ըլ­լալ վե­րոնշ­եալ ոճիր­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման: Կոչ կ՛ուղ­ղենք Մ.Ա.Կ.-ին, Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան, Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դին եւ այլ մի­ջազ­գա­յին ու իրա­ւա­պաշտ­պան կա­ռոյց­նե­րուն` ան­յա­պաղ ար­ձա­գան­գե­լու թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ան­գոր­ծու­թեան եւ հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­ներ ձեռ­նար­կե­լու այդ երկ­րին մէջ ազ­գայ­նա­մո­լա­կան հե­տապն­դում­նե­րու կա­սեց­ման ու ան­մեղ մար­դոց պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար“:

Նա­եւ պարզ­ուած էին պաս­տառ­նե­րը, որոնց վրայ գրուած էին.- “Ցե­ղաս­պան Թուրք­ի­ան պէտք է պատժ­ուի“, “Ոչ մէկ զի­ջում Թուրք­իոյ“, “Ամօ՛թ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան, ցե­ղաս­պան Թուրք­ի­ան պէտք է պա­տաս­խան տայ“, եւայլն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles