Աւելի քան հարիւր հայորդիներ, Ապրիլ 24-ին խաղաղ ցոյց մը կատարեցին Շիքակոյի NBC Tower-ի մօտ, ուր կը գտնուի Թուրքիոյ հիւպատոսարանը: Հայ ցուցարարները, իրենց կողքին ունէին յոյն, ասորի եւ կիպրացի ցուցարարներ:
Տեղւոյն երիտասարդական “Արարատ“ ուխտին կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքը սկսաւ ժամը 11:00-ին: Երիտասարդներ պարզած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին “Ճանաչել Ցեղասպանութիւնը“, “Թուրքիա ստախօս մըն է“: Միւս կողմէ, թուրք ցուցարարներ իրենց կարգին ժամանած էին եւ հակահայ պաստառներով կը յայտնէին.- “Թալէաթը ճիշտ էր“, “Հայեր, արժանի է՛ք այդ ճակատագրին“:
Հակառակ այս ստեղծուած խառնաշփոթ կացութեան, կարելի եղաւ խաղաղ ցոյցը շարունակել աւարտել “Մեր Հայրենիք“ եւ “Յառաջ Նահատակ“ քայլերգներով: