
ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 24-ին, Ծիծեռնակաբերդ այցելեցին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ եւ հոգեւորականներ` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի առաջնորդութեամբ: Անոնք ծաղկեպսակ զետեղեցին Ծիծեռնակաբերդի անշէջ կրակին մօտ եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին անմեղ զոհերու յիշատակին: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը մատուցեց հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Նախագահ Սարգսեան, իր խօսքին մէջ ըսաւ.- “Մեր պարտքն է գիտակցել, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այն փաստի վրայ, որ ցեղասպանութեան ժխտումը նոյն յանցագործութեան ուղղակի շարունակութիւնն է, եւ այդ յանցագործութիւնը ժամանակակից Թուրքիայում շարունակւում է:… Իւրաքանչիւր Ապրիլի 24 առիթ է նորոգելու մեր ուխտը` հաւատարիմ լինել հայոց պետականութեանը, որի գոյութիւնն արդէն բացառում է եւ բացառելու է հայերի ցեղասպանութեան կրկնութիւնը…“:
Եւրոպական միութեան խորհրդարան – Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ եւրոպացի երեսփոխան Էլէնի Թէոխարուսի, այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:
Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Նախագահ Սահակեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեց մայրաքաղաք Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղեց Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: