ԳլխաւորԼրահոս

ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ.- Հ.Օ.Մ.Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.Ի 95-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

p1 main 95th Convention Group photo

Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի 95-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, տեղի ունեցաւ Օգոստոս 13-էն 16, Տիթրոյթի մօտակայ Նովայ շրջանին մէջ: Զանազան շրջանները ներկայացնող պատգամաւորներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ հրաւիրեալներ:
Ժողովին կիզակէտն էր շրջանէն ներս կատարուած աշխատանքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ եւ յատկապէս Սուրիահայութեան օժանդակութեան համար աշխատանքները: Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց կատարուած աշխատանքն ու կատարուեցան առաջարկներ յառաջիկայ տարիներուն համար:Պատգամաւորական Ժողովը 82 հազար տոլար գոյացուց Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի շինութեան Ֆոնտին: Ժողովի ընթացքին հաւաքուեցաւ 32 հազար տոլար, մասնաճիւղերու առատաձեռն նուիրուութիւններով, որուն վրայ աւելցաւ Տէր եւ Տիկին Օրէլեան եւ Անահիտ Մարտիրոսի նուիրած յիսուն հազարը։
Աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւն:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button