Յօդուածներ
ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ ՀԱՅ – ԹՈՒՐՔ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ՝ ԼՈՒՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ
Կիրակի, Սեպտեմբեր 20, 2009ին, Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, կատարուած պատարագի արարողութենէ ետք, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան լուսաբանական զրոյց-դասախօսութիւն մը, Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու առնչութեամբ:

