
Անցնող երեք տասնամեակներու ընթացքին, Տիթրոյթի հայ գաղութը հետզհետէ սկսած էր կայք հաստատել, ներկայ Հայ Կեդրոնէն 20-30 մղոն հեռու, դէպի հիւսիւս-արեւմուտք գտնուող արուարձաններէն ներս: Տարուէ տարի ծնողներ հեռաւորութիւնը նկատի ունենալով, դժուարացան Հայ Կեդրոն եւ անոր յարակից Սուրբ Սարգիս Հայոց Առաքելական եկեղեցի այցելել:
Այսպէս, Հայ Կեդրոնի խնամակալութիւնը եւ անդամները երկար խորհրդակցութիւններէ եւ ծրագրումներէ ետք, 2010ին որոշեցին հիւսիս-արեւմուտք գտնուող արուարձաններէն ներս հողաշերտ մը գնել, որուն վրայ պիտի կառուցուի արդիական կազմածներով Հայ Կեդրոն մը, որ գոհացում տայ նաեւ միութիւններու կարիքներուն, իր գրասենեակներով, ակումբով, ժողովասրահով, մարզաւանով եւ անհրաժեշտ զանազան կառոյցներով: Յետագային անոր յարակից հողաշերտին վրայ, նաեւ պիտի կառուցուի Հայոց Առաքելական եկեղեցի մը:
Այդ հաւատքով, վճռական, աննկուն եւ յարատեւ աշխատանքներէ ետք, 2011ին, Հայ Կեդրոնի խնամակալութիւնը եւ անդամական ժողովը յանգեցաւ ճշգրիտ որոշումի մը եւ գնեց արեւելքէն արեւմուտք ու հիւսիւսէն հարաւ ուղղուող խաչմերուկին մօտ, Նովա քաղաքին մէջ գտնուող տաս հեքթարի հողաշերտ մը, որ իր յարմարութիւններով գոհացում կու տայ գաղութի պահանջներուն:
Հայ Կեդրոնի խնամակալութիւնը կանխաւ տեղեակ ըլլալով Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով, Թեմի Բրձրշ. Առաջնորդ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի Տիթրոյիթ այցելութէնէն, առիթը յարմար նկատելով խնդրած էին իրմէ, որպէսզի կատարէ նաեւ Հայ Կեդրոնի նոր հողաշերտի հողի օրհնութիւնը:
Թեմի Բրձրշ. Առաջնորդ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան ընդառաջելով այս խնդրանքին, Կիրակի, Հոկտեմբեր 21, 2012-ի յետ միջօրէի, ընկերակցութեամբ շրջանի հովիւ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեանի, կատարեց սարկաւագներու եւ դպրաց դասի հողի օրհնութիւնը: Արարողութեան ներկայ էին Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Հայոց Առաքելական, Սուրբ Վարդան Հայ Կաթողիկէ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ, Արժպ. Տ. Աբրահամ Քհնյ. Օհաննէսեան եւ Գեպ. Տ. Անտոն Ծ.վրդ. Ադամեան, ծերակոյտի անդամ Տեպի Սթէյպնօ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ` ընկհ. Անժէլ Մանուկեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի շրջանաւարտ անդամ` ընկ. Հայկ Օշական, “Ազատամարտ“ կոմիտէութեան եւ քոյր միութիւններու ընկեր-ընկերուհիներ եւ երկու հարիւրի շուրջ հասարակութիւն մը:
Օրուան հանդիսավարն էր ընկ. Սեպուհ Հացագործեան: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց ծերակոյտի անդամ Տեպի Սթէյպնօն: Ան շնորհաւորելէ ետք, Հայ Կեդրոնի խնամակալութեան կատարած աշխատանքը, ըսաւ.- “Հայ ժողովուրդը ինչպէս Միշիկընի, նոյնպէս նաեւ աշխարհի տարածքին մէջ, իր ապրած երկիրներուն մէջ եղած են օրինապահ, շինարար եւ մշակութասէր քաղաքացիներ եւ իրենց նպաստը բերած են երկրի զարգացման գործընթացքին: Կը զօրակցիմ Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացքին“:
Ծերակուտական Քարլ Լեւին, քաղաքէն բացակայութեան պատճառով ներկայ չկրցաւ գտնուիլ հողի օրհնութեան, սակայն ան իր շնորհաւորական երկտողը ուղղարկած էր, որուն մէջ կը շեշտէր իր զօրակցութիւնը Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Հայ Կեդրոնի ատենապետ ընկ. Րաֆֆի Ուրլեանը, որ անգլերէն լեզուով համառօտ գիծերու մէջ, անդրադարձաւ հողաշերտի գնման աշխատանքին, եւ ըսաւ.- “Շնորհակալ եւ երախտապարտ ենք 1987ին Հայ Կեդրոնի խնամակալութեան, յանձնախումբի անդամներուն եւ համայնքի զաւակներուն, որոնք յարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքով, նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ կրցան Հայ Կեդրոնի պարտամուրհարկը այրել ու տէր դառնալ Հայ Կեդրոնի շէնքին, որուն ապահոված նիւթական եկամուտով մենք կրցանք այս հողաշերտը գնել: Ահաւասիկ, այսօր օրհնութիւնը պիտի կատարենք:
Այդ նուիրեալ սերունդին հաւատքով եւ տեսիլքով ներշնչուած, ուխտած ենք շարունակել մեր առաքելութիւնը` այս հողաշերտին վրայ կառուցել արդիական ու գեղեցիկ Հայ Կեդրոն մը, իր բոլոր յարմարութիւններով, գրասենեակներով, Հ.Օ.Մ.-ի միօրեայ հայ վարժարանի դասարաններով, ժողովասրահով, երիտասարդութեան գոհացում տուող մարզարանով, արդիական մեծ ու գեղեցիկ սրահով, եւ անշուշտ յետագային անոր յարակից պիտի կառուցենք եկեղեցի մը: Այս է Հ.Յ.Դաշնակցութեան երթը ու առաջադրանքը, որու ներքեւ պիտի կարենանք համախմբել մեր երիտասարդութիւնը, եւ զանոնք մասնակից դարձնել մեր ազգային եւ եկեղեցական հաւաքական կեանքին:
Ապա յարգելի հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկհ. Անժէլ Մանուկեանը, որպէսզի փոխանցէ Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը:
Ան, առաջին հերթին սրտագին բարեմախտութիւնները եւ շնորհաւորութիւնները փոխանցելէ ետք, շեշտեց.-
“Այսօր բացառիկ, անկիւնադարձային ու պատմական օր մըն է Հ.Յ.Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս Տիթրոյթի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ազատամարտ կոմիտէութեան եւ Հայ Կեդրոնի խնամակալութեան համար: Անցնող երկու տարիներու ընթացքին Հայ Կեդրոնի խնամակալութիւնը յարատեւ եւ աննկուն կամքով եւ վճռական աշխատանքով կարողացան իրականացնել եւ գնել Նովա քաղաքին մէջ գտնուող այս հողաշերտը: Այս նուիրական եւ սուրբ գործը շարունակութիւնն է անցեալի եւ ներկայ Հայ Կեդրոններու խնամակալութենէն մեզի ժառանգ մնացած կտակին:
Յարգանք եւ պատիւ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած, եւ ներկայ հայորդիներուն, որոնց հետեւողական աշխատանքով եւ նիւթական ու բարոյապէս օժանդակութեամբ, սատար հանդիսացան, թէ՛ անցեալի Հայ Կեդրոնի եւ յատկապէս ներկայ Հայ Կեդրոնի պարտամուրհարկի շիջման գործընթացքին,որուն շնորհիւ կրցանք տէր դառնալ Հայ Կեդրոնին: Այս հասութաբեր նպաստով գնեցիք այս հողաշերտը, որուն վրայ պիտի կարենա՛ք կառուցել ներկայ պայմաններու համապատասխանող բարեսիրական, կրթական, մշակութային, եւ հայ երիտասարդութիւնը հետաքրքրող մարզաւան մը` գալիք սերունդին գոհացում տուող Հայ Կեդրոն մը:
Այս է հայ մարդու երազանքը: “Զօրանալ ուր որ ալ գտնուինք“ անցեալէն մեզ ժառանգ մնացած ազգային արժէքներու, աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու անաղարտ պահպանումով, որպէսզի աւելի զօրացած ծառայենք հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքի ու անոր պետականութեան հզօրացման: Այս է ուխտը եւ երթը Հ.Յ.-Դաշնակցութեան, եւ այս տէսիլքով է որ պիտի կառուցենք Հայ Կեդրոնը: Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն ձեր կատարելիք գործերուն“:
Այնուհետեւ Բրձրշ. Սրբազան Հայրը, Արժպ. Տէր Հօր, սարկաւագներու ընկերակցութեամբ, եւ դպրաց դասի մասնակցութեամբ կատարեց հողի օրհնութիւնը: Ապա, Բրձրշ. Սրբազան Հայրը տուաւ իր պատգամը: Ան ըսաւ.-“Տիրպորն քաղաքի մէջ ձեր հայրերը կառուցեցին ներկայ Հայ Կեդրոնը, որ այսօր ներկայ պայմաններու տուեալներով փոքր կը թուի ձեզի, եւ գոհացում չի տար երիտասարդութեան կարիքներուն: Այդ մտահոգութեամբ դուք գնեցիք այս հողաշերտը որուն հողի օրնութիւնը կատարեցինք նոյն Բահով, եւ նոր տեսիլքով, որուն վրայ յառաջիկայ օրերուն պիտի կառուցէ՛ք ներկայ պայմաններուն համապատասխանող եւ երիտասարդութեան գոհացում տուող Հայ Կեդրոն մը, իր ակումբով, գրասենեակներով, ժողովասրահով, մարզաւանով եւ արդիական սրահով:
Օր մը յաջորդող սերունդին եւս այս տարածքը փոքր պիտի թուի, եւ իրենք ալ պիտի մտածեն եւ ծրագրէն աւելի ընդարձակ հողաշերտ մը գնել եւ կառուցել օրուայ պայմաներուն գոհացում տուող Հայ Կեդրոնով մը: Կը շնորհաւորեմ եւ կը զօրակցիմ Հայ Կեդրոնի խնամակալ մարմինի աշխատանքներուն, թող Աստուած օրհնէ ձեզ որպէսզի կարենաք ձեր ծրագիրը բարւոք իր աւարտին հասցնել“:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ