
Լուսանկարները` ՄԱՐԱԼ ՍՕՍԻի եւ ՍԻՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի
Հակառակ անոր որ մշակոյթի մշակներ կը փորձեն երգի ու պարային դաշտէն ներս հինի ու նորաձեւութեան ընդլեզումով ստեղծել երիտասարդութիւնը հետաքրքրող նոր երգեր ու պարեր, սակայն Տիթրոյթի Համազգայինի “Արաքս“ պարախումբը տարուէ տարի իրենց ներկայացուցած երգերով եւ պարերով, կարծէք աւելի կը հարազատանան իրենց նախնիներու գիւղային, գաւառային երգերուն նիստ ու կացերուն, տարազներուն եւ մանաւանդ պարային իսկական նրբութիւններուն ու ոճերուն: Նոյնիսկ պարողներու երբեմնի գոչումները այնքան հարազատութեամբ կ՛ընկալուի ներկաներու կողմէ, ի բաց առեալ մէկ պարագայէ, ուր “Եա Հու“ները կարծէք թէ աւելի կը համընկնին ճուտոյի կամ քարաթէյի բացականչութիւններու քան հայկականի:
Ժողովուրդը հանդիսավայր ժամանած էր ճշդուած ժամանակէն շատ առաջ, քանի տոմսերու վրայ աթոռներու թուագրում չկար, որոշուած էր բացի հրաւիրեալներու բաժնէն` կանուխ եկողը կը գրաւէ իր աթոռը: Մուտքին` բոլորի դէմքերու վրայ ուրախութիւն կար: Ծնողներ, ազգականներ, բարեկամներ եւ մշակութասէր հասարակութիւն մը եկած էին վայելելու իրենց պապերու ազգային գեղջկական տոհմիկ երգերն ու պարերը, իրենց իսկ զաւ
ակներուն ու թոռներուն` Ամերիկա ծնած` նոր սերունդի կատարումով:
Համազգայինի հոգատարութիւնն ու ղեկավարումը այս 80-ի հասնող պարախումբին վեր է ամէն գնահատանքէ: Անոնք առաջին օրէն մերժեցին ծնողներու կողմէ առաջարկուած պարի դասերու վճարումները, որպէսզի ունեցողն ու չունեցողը հաւասարապէս իրաւունք ունենան մասնակցելու: Անոնց մէջէն երեւան եկաւ Համազգայինի Շիքակոյի պարախումբէն պարուհի` ընկհ. Նայիրի Կարապետեան, որ յանձն առաւ դժուարին պարուսոյցի ղեկավարման գործը, որ մինչեւ օրս հետեւողականօրէն կը տանի` հակառակ վերջին երկու տարիներու, երկու զաւակներու ծննդաբերութեան պատճառաւ դադարին, նոյնիսկ դադարի տարիներուն, ան միշտ մօտէն հետեւեցաւ խումբի իւրաքանչիւր ելոյթներու պատրաստութեան, միշտ կապի մէջ ըլլալով թէ՛ ատենապետուհիի եւ թէ՛ Համազգայինի վարչութեան նշանակած` զինք փոխարինող ընկհ. Լարա Զանազանեանի հետ:
Ընկհ. Լարա Զանազանեան հայկական գեղջկական պարերու վարպետ դարձաւ ընկհ. Նայիրի ցուցմունքներով եւ իր առանձնայատուկ ճկունութեամբ ու պարային շնորհներով: Ան իր հետ առաւ որպէս օգնական պարողներէն` Տիգրան Գալընը եւ Նայիրի Գայսէրեանը: Տիգրանին դերը “Արաքս“ պարախումբի մէջ եղած է շատ մեծ: Նախ ըսենք, որ ինք առինքնող պարող է, երիտասարդ պարողի լաւագոյն յատկութիւններով եւ այդ յատկութիւնները դրսեւորելու բացառիկ իմացականութեամբ: Ունի համբերատար ոգի, ընկերները` մօտ ըլլալով հանդերձ յարգանքով կը լսեն զինք ու կը գործադրեն խորհուրդները: Ան մեծ դեր ունի հանդիսութիւններու պատրաստութեան, ըլլայ անիկա սրահի, լոյսերու, սրահի ձայնային յստակութեան, նկարիչի կամ տեսաներիզի ընտրութեանց մէջ:
Նայիրի Գայսէրեանը համալսարանական է, բախտաւորութիւն եղաւ միութեանս եւ խումբին համար, որ դպրոցը շրջանիս մէջ է եւ Նայիրին ընդհանրապէս փորձերուն վազելով կը հասնի ու նուիրումով կը տանի փորձերուն հսկելու, օգնելու եւ սորվեցնելու պարտականութիւնը: Նայիրին միեւոյն ժամանակ վայելուչ պարող է խումբէն:
Այս տարի Համազգայինի “Արաքս“ պարախումբի կողքին, Փետրուարէն սկսեալ աւելցաւ հրաշք փոքրերու խումբը 21 պարողներէ` մօտաւորապէս 7էն 9 տարիքով, իսկ “Յոյս“ խումբը 14 պարողներ` մօտաւորապէս 10էն 12 տարիքով: Անհատնում սէրով այս փոքրիկները կու գան փորձերու այնքան դժուարութեամբ կը ստիպուին բաժնուիլ սրահէն ծնողներու ստիպումներով: Յոյսով ճամբայ ելած այս փոքրիկները, հաւատքով զօրացած եւ փորձերով մեր ապագայ հրաշք պարողները պիտի ըլլան վստահաբար: Մեծ յոյսեր կապուած են իրենց վրայ:
Ժամը 7:15 վայրկեան անց ատենապետուհի` Հերմինէ Մանուկեան բացման խօսքով` յարգանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ըրաւ գաղութէս հոգեւոր հայրերուն, հրաւիրեալներուն, ներկաներուն ինչպէս նաեւ պարուսոյցներուն` պարողներուն, ծնողներուն: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.-
“Համազգայինի “Արաքս“ պարախումբը, լոկ պարախումբ մը ըլլալէ շատ աւելին է: Հոն երիտասարդութիւնը կը ծանօթանայ իր պապերուն նիստուկացին, սովորութիւններուն, փառքերուն, տարազներուն, գաւառային եւ տոհմային երգերուն եւ պարերուն: Ուրեմն կը տեսնէք այն ամուր կապը, որ Ամերիկայի այս ափերուն սնած ու հասակ առած հայ մանուկն ու պատանինինչպէս կը կապուի իր հարուստ անցեալին:
Ինչպիսի՞ ուրախութեամբ կը պարէ իր պապերուն պարերը եւ որքան դժուարութեամբ իրենց դպրոցային սուղ ժամերէն ժամանակ կը յատկացնեն պարերու փորձերուն: Այս բոլորը կ՛ընեն անհատնում սիրով. հոգ չէ թէ երբեմն ալ պարուսոյցներուն չարաճիճիութիւններ ալ կ՛ընեն նեղացնելով զիրենք: Բայց ամբողջ խումբը մէկ ընտանիքի անդամներո ւպէս, կ՛աշխատին լաւագոյնը տալու` իրենց Համազգային “Արաքս“, “Հրաշք“ եւ “Յոյս“ խումբերու պատիւը բարձր պահելու: Ինչպէս լսեցիք “Հրաշք եւ Յոյս“ անունները: Այս երկու խումբերը սկսան իրենց փորձերուն այս տարուայ Փետրուարին: Պէտք է ըսել որ ասիկա իրենց անդրանիկ ելոյթն է: Այս փոքրիկները այնքան խանդավառութեամբ կու գան փորձերուն: Ծնող մը գալով մօտս կը պատմէր թէ ի՜նչ դժուարութեամբ` լացովուկոծով իր դուստրը բերաւ առաջին փորձին` բայց փորձէն ետք չէր ուզեր տուն երթալ եւ կ՛ուզէր որ փոքրիկներուն փորձերն ալ ըլլային ամէն շաբաթ, փոխանակ երկու շաբաթը մէկ: Գալով “Արաքս“ պարախումբի անդամներուն, մեծապէս գնահատելի է անոնց զոհողութիւնը, լրջութիւնն ու հետեւողական կերպով լաւը լաւագոյնին հասցնելու իրենց աննկուն կամքը: Իրենց փորձերու երկար ժամերը վկայ, որ այս պարողները սիրողներնու կը հաւատան իրենց առաքելութեան, որ հայ մշակոյթի զինուորներ են: Անոնց կեցուածքին ու խրոխտ շարժումներուն մէջ դուք պիտի տեսնէք հայու հոգին, անոնց կեցուածքներուն մէջ դուք պիտի գտնէք հայու կենսունակութիւնն ու հպարտութիւնը ու անոնց նայուածքներուն մէջ մեր փայլուն ապագան: Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանը“:
Ամփոփ բացման խօսքը տուաւ նաեւ անգլերէնով: Որոտընդոստ ծափահարութիւններով վերջ գտաւ բացման խօսքը, որուն յաջորդեց Համազգային “Արաքս“ պարախումբի ելոյթի վարագոյրի բացումը:
“Արցախ“ի խրոխտ, խանդավառ պարով եւ երաժշտութեամբ սկսաւ առաջին ելոյթը: Պարման-պարմանուհիներու կեցուածքներու եւ շարժումներու մէջ այնքան զգալի էր հայկական ոգիի ընկալումը իրենց գլուխներու ձիգութեամբ եւ բռունցքներու պինդ դէպի երկինք սլացքներով` կարծես կ՛ըսէին “Կանք պիտի լինենք ու դեռ զօրանանք“: “Արիւնոտ Դրօշը“ նոյնպէս` դրօշակակիրի սրբազան պարտականութեան գիտակցութեամբ` դրօշները բարձր բռնած զինուորական քալուածքի հաստատ կշռոյթներով` յաջող կատարողութեամբ ժողովուրդի տրամադրութիւնները բարձրացուցին գագաթնակէտի:
Բեմի ետեւէն արտասանեց տիկին Անի Գարճեան “Ուխտ“ բանաստեղծութիւնը, որ համադրուած էր տարբեր բանաստեղծութիւններէ եւ լաւ կը սազէր օրուայ լօզունքին` “Մեր Մշակոյթի Զինուորները“: Ինչպէս միշտ այս անգամ ալ հոգեպարար, յուզմունքով եւ զգայնութեամբ արտասանուած կտորը ընկալուեցաւ խոր ապրումներով: Յաջորդեց` Վասպուրականի “Վարագայ Լեռների պար“ը: Շատ յաջող եւ խանդավառ պարային ելոյթ ուրախ ու զուարթ բացականչութիւններով:
Փոքրերու “Հրաշք“ խումբը, մէջ ընդ մէջ ունեցաւ երկու անդրանիկ ելոյթներ. առաջինը “Լոռիի Պար“ը: Կրնաք երեւակայել 6էն 9ը տարիքի երեխաներ թիւով 21: Գաւառային տարազներով այնքան վայելուջ եւ բնական որ կարծէք իսկական հնամեայ լոռեցի զաւակներ ըլլային: Այս խումբը միայն 9 ամսեայ փորձառութեամբ զարմացուց բոլորը: Հակառակ անոր որ մի քանի երեխաներ կը հանդիմանէին իրար տեղ մը սխալած ըլլալուն համար: Այդ դէպքը շատ աւելի քաղցրացուց ելոյթը եւ ներկաներուն ապագայի խօսակցութեան եւ զուարճանալու նիւթ հայթայթեց:
“Ուզունտարա“ի եւ “Հզօր Հայաստան“ի պարային ելոյթները անցան շատ յաջող “Իլիկներու պար“ը ներկայացուեցաւ “Յոյս“ պարախումբի աղջիկներով: 9էն 12 տարեկան գեղջկուհիներ, այնքան լաւ ըմբռնած էին իլիկ մանելու ձեռքի շարժումները, որ կարծէք իսկական իլիկ ու թել ունենային իրենց ձեռքերուն մէջ: “Քոչարի“ պարի մէջ, երեք պարողներ Նիքըլըս Ազնաւուր, Արի Սաղրեան եւ Շիրազ Տարագճեան բեմ եկան յաջորդաբար: Իւրաքանչիւրը երդուեալ վրիժառուի առնական կեցուածքներով, բռունցքասլաց խոնարհութենէ մը ետք քոչարիի եղանակով երեքով սկսան պարել իսկապէս վայելուչ էր համաչափ ոտքերուն մէջքերու շարժումները եւ արդէն խումբը միանալով տրամադրութիւնները պարողներու եւ թէ ժողովուրդին հասան գագաթնակէտին:
“Սարդարապատ“ի, “Աւարայրի“ նոյնպէս “Բերդի Պար“ի յաջող կատարումով թնդացուց սրահը ներկաներու խանդավառ ծափողջոյններով եւ խելահեղ գնահատական գոչումներով:
Առաջին բաժինը վերջ գտաւ 15 վայրկեան դադարով: Երկրորդ բաժինը սկսաւ “Արտաշատ“ի պարով մեծերու կողմէ, որուն յաջորդեց “Նարէ“ պարը “Յոյս“ խումբի կողմէ: Հակառակ 9 ամիսներու 2-ը շաբաթը մէկ փորձերու, բացառիկ երեւոյթ էր իրենց համաչափ, քնքուշ եւ հեզասահ պարելու շնորհները: Ընթերցողին ամբողջական պատկեր մը տալու համար գէթ պիտի յիշեմ յայտագրի երկրորդ բաժնի մնացեալ պարերու անունները “Տօնական“ անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւն պարային ելոյթ մը` Վասպուրականի Տարօն շրջանի: “Սէր իմ սիրունիս“ հնաւուրձ գեղջկական սիրոյ արտայայտութեան պար, “Շիրակի Շարան“ Հայաստանի Արեւելեան Շիրակի շրջանի տարազային ու պարային սքանչելի դրսեւորումներով: “Գիւղական Շարքեր“ արեւելեան եւ արեւմտեան Հայաստանի գիւղերու տոհմիկ տարազներով եւ պարերու տարբերակներու գեղեցիկ ցուցադրութեամբ “Վասպուրական“ի պարը պարուեցաւ աւանդական վասպուրականցիներու բնական շարժուձեւերով: “Ծամերով“ պարի մէջ զգալիօրէն կը յայտնուէր վարագոյրի ետին մազերը կարգաւորողներու բծախնդիր դերակատարութիւնը: Իսկ պարող աղջիկները մէկական գեղջկուհիներ իրենց յատկանշական նազանքային շարժուձեւերով: “Շալախօ“ն ներկայացուցին Արեւիկ Մամասեան ու Արի Սաղրեանը իրենց իւրայատուկ պարային ոճով` աղջիկը սիրոյ եւ ամչկոտութեան դերով, իսկ տղան համարձակ չյուսահատողի դերակատարութեամբ, որ վերջապէս կը շահի աղջկայ սէրը եւ երկուսով ուրախ-զուարթ պարելով կը մեկնին բեմէն: “Հովիւներու Պար“ի ներկայացումը եղաւ “Արաքս“, “Յոյս“ եւ “Հրաշք“ խումբերու տղոց դերակատարութեամբ: Իսկապէս տպաւորիչ էր մեծերու կողքին տեսնել փոքրերու այնքան բնական արտայայտութիւնները` ըլլան անոնք քնանալու` քունի ժամանակ իյնալու, արթննալու եւ կատակներ ընելու եղանակներու մէջ: Մեծերու չափ ալ փոքրերը կրցած էին վարպետութեամբ ընկալել իրենց դերակատարութիւնը, որ դրսեւորեցին այնքան վայելչութեամբ: “Կակաչներ“ պարը պարեցին խումբ մը աղջիկներ: Տարազներու գոյները կը համապատասխանէին կակաչներու գոյներուն, իրենց նազանքային լուրջ եւ համահաւասար ալիքային մարմնային կտրտումները այքան մեծ տպաւորութեամբ ընկալուեցաւ: “Մշոյ Դաշտեր“ ներկայացուեցաւ “Արաքս“ պարախումնի մեծերու կողմէ, թէ՛ պարողները եւ թէ՛ դիտողները ապրեցան խանդավառ եւ ուրախ-զուարթ պահեր… եւ վերջապէս “Հայրենիք“ պարով Համազգայինի երեք` “Արաքս“, “Յոյս“ եւ “Հրաշք“ պարախումբերու անդամները եղանակին հետ բեմ յառաջացան եռագոյն դրօշակներ բարձր բռնած եւ եօթանասուն վեց պարողներ մեծ ու փոքր զինուորական տարազներով` որ կարծէք իսկապէս ըլլային “Մեր Մշակոյթի Զինուորները“:
Սիրելի ընթերցողներ ձեզի կը թողում սրբել հրճուանքն ու հպարտութեան արցունքները դիտողներու աչքերէն:
Յոտնկայ ծափահարութիւններով եւ ուրախութեան գոժումներով վերջ գտաւ “Արաքս“ պարախումբի 8րդ ելոյթը:
Օրուան հանդիսավարը խնդրեց ներկաներէն մնալ իրենց տեղերը մինչեւ հանդէսի փակման յայտարարութիւնը: Ատենապետուհին բեմ հրաւիրեց պարուսոյցները` ընկհ. Նայիրի Կարապետեանը, ընկհ. Լարա Զանազանեանը եւ օգնականներ` Տիգրան Գալընը եւ Նայիրի Գայսէրեանը: Հանդիսավարը իւրաքանչիւրին ամփոփ գնահատական արժեւորումով նուէր պահարան մը յանձնեց մասնաճիւղի կողմէ: Ապա բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղիս երկարամեայ անդամուհի ընկհ. Նուէր Պօղոսեանը, ստանալու միութեանս շնորհաւորական եւ շնորհակալական գնահատականի “փլաք“ը իր տարիներու Համազգայինի “Արաքս“ պարախումբի հայկական տարազներու պատրաստութեան ծանր բայց սրբազան գործին համար:
Խելայեղ ծափահարութիւններու մէջ` փոքրիկներ` Համազգայինի կողմէ ծաղկեփունջեր նուիրեցին պարուսոյցներուն եւ պարախումբին:
Հոս արժէ յիշել, որ այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ Նոյեմբեր 17, 2012-ին ԴրոյՀայՍքուլի մէջ եւ ներկաներու թիւը կ՛անցնէր 650-ը: