ՏԻԹ­ՐՈՅ­ԹԻ ՀԱ­ՄԱԶ­ԳԱ­ՅԻ­ՆԻ “ԱՐԱՔՍ“ ՊԱ­ՐԱ­ԽՈՒՄ­ԲԻ ՅԱ­ՋՈՂ ԵԼՈՅ­ԹԸ

0 0
Read Time:10 Minute, 9 Second

Շա­բաթ, Նո­յեմ­բեր 19, 2011-ին, իր տա­րե­կան ելոյ­թը ու­նե­ցաւ Տիթ­րոյ­թի Հա­մազ­գա­յի­նի “Արաքս“ պա­րա­խում­բը, տեղ­ւոյն “Հայ Կեդ­րոն“ի սրա­հին մէջ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ` պա­րու­սոյց Օրդ. Լա­րա Զա­նա­զան­եա­նի եւ օգ­նա­կան պա­րու­սոյց­ներ` օրդ. Նա­յի­րի Գայ­սէր­եա­նի, պրն. Շանթ Գաս­պար­եա­նի եւ Տիգ­րան Գա­լը­նի:

Ներ­կայ էին գա­ղու­թի երեք յա­րան­ուա­նու­թեանց հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, եւ շուրջ երեք հա­րիւր յի­սուն հան­դի­սա­կան­ներ:

Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Տիթ­րոյ­թի Հա­մազ­գա­յի­նի ատե­նա­պե­տու­հի` Հեր­մի­նէ Մա­նուկ­եա­նը, որ ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ խում­բին մա­սին; Ստո­րեւ, յա­պա­ւու­մով լոյս կ՛ըն­ծա­յենք Մա­նուկ­եա­նի խօս­քը.-

Անց­եալ տար­ուան բա­ւա­կան յա­ջողԱրաքսպա­րա­խում­բի ելոյ­թէն վերջ, պա­րա­խում­բի ղե­կա­վար պա­տաս­խա­նա­տու` ըն­կե­րու­հի` Նա­յի­րի Կա­րա­պետ­եան ծննդա­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռաւ ժա­մա­նա­կա­ւոր հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն, սա­կայն հոգի­ով ու սրտով միշտ կա­պի մէջ մնա­լով խում­բին եւ ան­դամ­նե­րուն հետ, իր պարտա­կա­նու­թիւնը փո­խան­ցեց իր իսկ սեր­մա­նած հուն­տե­րէն` Լա­րա Զա­նա­զան­եա­նին: Հա­կա­ռակ անոր որ Լա­րան միայն վեր­ջին չորս տա­րի­նե­րուն մաս կազ­մած էր խում­բին, բայց իր բա­ցա­ռիկ մշա­կոյ­թի հան­դէպ ու­նե­ցած սի­րոյն` մա­նա­ւանդ պա­րա­յին ձիր­քին, դար­ձաւ լա­ւա­գոյն պա­րող­նե­րէն մէ­կը եւ Նա­յիրիի ակա­մայ ժա­մա­նա­կա­ւոր դա­դա­րի ըն­թաց­քին քա­ջու­թիւնը ու­նե­ցաւ յանձն առ­նե­լուԱրաքսպա­րա­խում­բի ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տու ղե­կա­վա­րու­թիւնը` միշտ կա­պի մէջ մնա­լով Նա­յիրի­ին եւ Հա­մազ­գա­յի­նի ատե­նա­պե­տուհի­ին հետ:

Լա­րան երբ այս գոր­ծը կ՛առ­նէր, ան ար­դէն իր հետ ու­նէր Շանթ Գաս­պար­եա­նը, որ մին­չեւ իր Ուա­շինկ­թըն մեկ­նու­մը, ան­հուն տեն­դով աշ­խա­տե­ցաւ տղոց պա­րա­յին դա­սե­րուն, որուն հա­մար Հա­մազ­գա­յի­նը մե­ծա­պէս գնա­հա­տած է ու կը գնա­հա­տէ Շանթ Գաս­պար­եա­նի աշ­խա­տան­քը: Շան­թի կող­քին նոյն օրե­րուն եւ մին­չեւ օրս, տղոց պա­րի փոր­ձե­րը կը ղե­կա­վա­րէ պրն. Տիգ­րան Գա­լըն: Այս ազն­ուա­կան երի­տա­սար­դը հա­կա­ռակ ամուս­նա­ցած ըլ­լա­լուն` հա­կա­ռակ ըն­տա­նե­կան բազ­մա­պի­սի հո­գե­րուն եւ զբա­ղում­նե­րուն, ամէն ինչ ձգած բո­լոր փոր­ձե­րուն ներ­կայ է եւ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ տղոց պա­րե­րը: Պա­տիւ իրեն եւ պա­տիւ տիկ­նո­ջը Գէլի­ին, որ հայ կնոջ վա­յել բա­զում զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով կ՛ըն­դու­նի ամուս­նոյն շա­բա­թա­վեր­ջե­րուն ժա­մե­րով տու­նէն բա­ցա­կա­յու­թիւնը ի սպաս Հայ Մշա­կոյ­թին:

Լա­րան այս եր­կու ազն­ուա­կան տղոց կող­քին ու­նե­ցաւ իրեն օգ­նա­կան Օր. Նա­յի­րի Գայ­սէր­եա­նը, որուն զո­հո­ղու­թիւնը նա­եւ վեր է ամէն գնա­հա­տան­քէ: Ան իր հա­մեստ, լուրջ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րով դար­ձաւ լա­ւա­գոյն պա­րող­նե­րէն մին, եւ հի­մա հա­կա­ռակ իր հա­մալ­սա­րա­նա­կան բազ­մազ­բաղ տա­րի­նե­րուն, ամէն փոր­ձե­րուն ներ­կայ է եւ ամէն ձե­ւով կ՛օգ­նէ պա­րող­նե­րուն իրենց շար­ժու­ձե­ւե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու եւ կարգն ու կա­նո­նը պա­հե­լու:

Սի­րե­լի Նա­յի­րի, գի­տակ­ցե­լով քո զո­հո­ղու­թիւն­նե­րուն` Հա­մազ­գա­յի­նի կող­մէ ըն­դու­նիր մեր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը

Սի­րե­լի պա­րու­սոյց Լա­րա, պարզ գո­վես­տի խօս­քեր չէ, որ պի­տի ընեմ, այլ` ճշմա­րիտ մի քա­նի վկա­յու­թիւն­ներ, որ պա­րող­նե­րը, ծնող­նե­րը եւ հա­սա­րա­կու­թիւնը իմա­նայ թէ ի՜նչ դժուա­րու­թիւն­նե­րէ կ՛անց­նի մօտ 40 հո­գի­նոց պա­րա­խում­բի երի­տա­սարդ ղե­կա­վար մը:

Նա­եւ պա­տիւ քո գե­ղե­ցիկ, ճկուն եւ իս­կա­կան հայ պար­մա­նուհիի պա­րա­յին դրսե­ւո­րում­նե­րը կա­րե­նալ սոր­վեց­նել մեր երի­տա­սարդ­նե­րուն:

Պա­տիւ առանց դոյզն ակն­կա­լու­թեան եւ վար­ձատ­րու­թեան այս­ դա­ժան, ծանր գոր­ծի ղե­կա­վա­րու­թիւնը յանձն առ­նե­լուդ: Պա­տիւ քո այն­քան երի­տա­սարդ տա­րի­քիդ հա­կա­ռակ նշան­ուած ըլ­լա­լուդ` պա­րի փոր­ձե­րու եւԱրաքսպա­րա­խում­բի ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նը յանձն առ­նե­լուդ եւ օրեր, ժա­մեր, բազ­մա­թիւ յու­զում­նե­րով, բայց միշտ ապա­գա­յի լա­ւա­տե­սու­թիւն­նե­րով գործդ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար: Հա­մազ­գա­յի­նը երախ­տա­պարտ է քե­զի, շնոր­հա­կա­լու­թիւն եւ վարձքդ կա­տար, շա­րու­նա­կէ նուի­րա­կան գործդ:

Սի­րե­լի պա­րող­ներ

Որ­քան որ դուք Հա­մազ­գա­յի­նին գի­տա­կի­ցօ­րէն երախ­տա­պարտ պէտք է զգաք` որ ձեզ կը մօ­տեց­նէ ձեր ար­մատ­նե­րուն, առիթ կու տայ որ իրար հետ հա­մախմբ­ուիք հայ աղ­ջիկ եւ տղայ հայ պա­րե­րը սոր­վե­լու եւ անոնց ընդ­մէ­ջէն հի­նէն եկող մեր փառ­քերն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րը ըն­կա­լե­լու, իրար հետ շփուե­լու ըն­կե­րու­թիւն ընե­լով եւ ձեզ աւե­լի հայ զգա­լու:

Նոյն­քա­նով եւ աւելի­ով մենք երախ­տա­պարտ ենք ձե­զի եւ ձեր ծնող­նե­րուն, որ 21րդ դա­րու հա­ճոյք­նե­րով ժա­մեր կը յատ­կաց­նէք գա­լու հայ պա­րար­ուեստ սոր­վե­լու հա­կա­ռակ դպրո­ցա­կան ծանր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու: Մենք ձեր մէջ կը տես­նենք գի­տա­կից հա­յու կամ հա­յուհիի ոգին` որ կը մղէ ձեզ այս փոր­ձե­րուն: Ձեր խրոխտ պա­րե­րուն, բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րուն եւ եր­բեմ­նի կա­նա­ցի հե­զա­սահ նա­զան­քա­յին ձայ­նե­րուն եւ շար­ժում­նե­րուն մէջ մեր ժո­ղո­վուր­դի եր­թը կայ եւ դուք ներ­կա­յաց­նողն էք ատոնց:

Պա­տիւ ձե­զի սի­րե­լի պա­րա­խում­բի ան­դաման­դա­մու­հի­ներ: Հա­մազ­գա­յի­նը երախ­տա­պարտ է ձե­զի:

Այս ելոյ­թը ամ­բող­ջա­կան պի­տի չըլ­լայ եթէ չյի­շենք վեր­ջին ելոյ­թէն աս­դին` մարմ­նով թէ­եւ բա­ցա­կայ` բայց հոգի­ով սրտով, իր ան­հատ­նում յոր­դոր­նե­րով եւ կա­պե­րով ներ­կայ` հա­մազ­գայ­նա­կան  Նա­յի­րի Կա­րա­պետ­եա­նը:

Ան թե­լադ­րեց մե­զի, որ Օր. Լա­րա Զա­նա­զան­եա­նը նշա­նա­կենքԱրաքսխում­բի ղե­կա­վար եւ այն օրէն մին­չեւ օրս, միշտ եղած ան­տե­սա­նե­լի, բայց ազ­դե­ցիկ կա­պըԱրաքսպա­րա­խում­բի եւ Հա­մազ­գա­յի­նի ատե­նա­պե­տուհի­ին հետ:

Սի­րե­լի Նա­յի­րի, Հա­մազ­գայ­նա­կան ըն­կերըն­կե­րու­հի­ներդ գի­տակ­ցե­լով քու ան­տե­սա­նե­լի եւ լռել­եան ներդ­րում­ներդ` մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տենք եւ կը սպա­սենք մօտ ապա­գա­յին քո ֆի­զի­քա­կան վե­րա­դար­ձին աւե­լի զօ­րա­ւոր թա­փով եր­կու­քով շա­րու­նա­կե­լուԱրաքսպա­րա­խում­բի յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­նե­րը:

Ան­շուշտ, պա­րա­խում­բի յա­ջո­ղու­թիւնը պայ­մա­նա­ւոր­ուած է նա­եւ պա­րա­խու­մի պար­ման-պար­մա­նու­հինե­րու նուի­րու­մին, հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, եւ յատ­կա­պէս գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի է իրենց ծնո­ղաց զո­հո­ղու­թիւնը:

Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­մազ­գա­յի­նի “Արաքս“ պա­րա­խում­բը, գա­ղու­թէն ներս “Հա­մազ­գա­յին“ի, հայ­կա­կան տօ­նա­վա­ճառ­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ քա­ղա­քի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պած մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րուն, մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծած է ոչ միայն հայ` այլ նա­եւ օտար մի­ջա­վայր­նե­րէ ներս:

Այդ պատ­ճա­ռով ալ, Հայ Կեդ­րո­նի սրա­հը, տա­րի­նե­րէ ի վեր այս­քայն հան­դի­սա­տես չէր ըն­դու­նած:

Յայ­տա­գի­րը կազմ­ուած էր եկու մա­սե­րէ, իւ­րա­քան­չիւ­րը կազմ­ուած երեք խմբա­պա­րե­րէ, եր­կու աղջ­կանց պա­րե­րէ, եր­կու մե­նա­պա­րե­րէ, եւ տղոց պա­րէ մը:

Գնա­հա­տե­լի էր “Հա­յոց Մար­տիկ­ներ“, “Ու­զուն­տա­րա“, “Վաս­պու­րա­կան“, “Վա­րա­գայ լեռ­նե­րի“, “Շա­լա­խօ“ն, “Շի­րա­կի Պար“ գոր­ծե­րու կա­տա­րու­մը:

Յայ­տա­գի­րը իր աւար­տին հա­սաւ Արա Գէ­որգ­եա­նի “Մշոյ Դաշ­տեր“ խան­դա­վառ պար եղա­նա­կի կա­տա­րու­մով: Պար­մա­նու­հի­ներ եռա­գոյն դրօ­շակ­նե­րը ձեռ­քեր­նին բարձր բռնած, պար­ման-պար­մա­նու­հինե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ բեմ բարձ­րա­ցան, ճշգրիտ ոս­տում­նե­րով եւ մարմ­նի նուրբ շար­ժու­ձե­ւե­րով: Անոնք գե­ղեց­կօ­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցին Մշոյ դաշ­տի հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր աւան­դա­կան պա­րը խան­դա­վա­րե­լով ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թիւնը:

Կը շնոր­հա­ւո­րենք, եւ կը գնա­հա­տենք պա­րա­խում­բի բո­լոր-պար­ման-պար­մա­նու­հի­նե­րը իրենց նուի­րու­մին եւ զո­հո­ղու­թեան հա­մար, կը մաղ­թենք որ հե­տե­ւո­ղա­կան փոր­ձե­րով շու­տով կը հաս­նին նա­խան­ձե­լի բար­ձունք­նե­րու:

Հան­դի­սու­թեան աւար­տին, “Արաքս“ պա­րա­խում­բի ար­ձա­նագ­րած յա­ջողու­թեանց մէջ իրենց նուիր­եալ աշ­խա­տան­քին հա­մար, Հեր­մի­նէ Մա­նուկ­եա­նի ձե­ռամբ ստա­ցան նուէր­ներ, պա­րու­սոյց ընկհ. Նա­յի­րի Կա­րա­պետ­եան, Լա­րա Զա­նա­զան­եան, Նա­յի­րի Գայ­սէր­եան, Տիգ­րան Գա­լըն, Պօ­ղոս Դա­ւի­թեան, եւ Շանթ Գաս­պար­եան:

Թող Հա­մազ­գա­յին “Արաքս“ պա­րա­խում­բի հե­տա­գայ ու­ղին ըլ­լայ նո­րա­նոր նուա­ճում­նե­րով եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով լի: Վարձ­քեր­նիդ կա­տար Հա­մազ­գա­յի­նի “Արաքս“ պա­րա­խում­բի սի­րե­լի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ:

 

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles