“ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ, ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՈՐ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ“ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

0 0
Read Time:58 Second

Անցեալ Սեպտեմբերի աւարտէն ի վեր, կոյր ռմբակոծման արդիւնք` ծանր վնասներ կրած էր Տէր Զօրի Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց մատուռն ու յուշահամալիրը: Այդ օրերէն ի վեր, Սուրիական խմբաւորումներէն մէկը համացանցին մէջ, տեղադրած է տեսանիւթ մը, ուր կը նկարագրուէր թէ ինչ վիճակի մէջ է մատուռը:

Այս գծով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, անմիջապէս կապ հաստատեց Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին հետ եւ տեղեկացաւ թէ յուշահամալիրը որեւէ ձեւով թիրախ չէ դարձած ռմբակոծումի կամ կողոպուտի: Անոր կրած վնասները հետեւանք են իր մօտակայքը ինկած քանի մը ռումբերու:

“Տէր Զօրի յուշահամալիրը պիտի վերանորոգուի, անմիջապէս որ ապահովութիւնը վերահաստատուի“, շեշտեց վեհափառ Հայրապետը:

Այս եկեղեցի-յուշահամալիրին մէջ ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Տէր Զօրի անապատներուն մէջ զոհուած բազմաթիւ հայերու մասունքները, իսկ տեղւոյն թանգարանին մէջ, Ցեղասպանութիւնը հաւաստող բազմաթիւ վաւերագիրներ կան:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան Tert.am լրատուական կայքէջին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յուշահամալիրը վնասուած է յարակից շէնքերուն մօտ տեղի ունեցած կրակոցներու եւ պայթումներու պատճառով:

Նշենք թէ, Սրբոց Նահատակաց մատուռի հիմնարկէքը կատարուած է Մայիս 12, 1985-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի ձեռամբ: Սրբոց Նահատակաց մատուռի ներքնայարկին մէջ կը գտնուին Խաչելութեան, Նահատակութեան եւ Եղեռնի սրահները, ուր ամփոփուած են Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մարտիրոսացած Մեծ եղեռնի զոհերու մասունքները:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles