
Read Time:36 Second
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆՆոյեմբեր 25, 2020
Աշուն է հիմա։Ծառերը ահա ձմրան բարկ բուքին ահէն սրտդողածԱնորոշութեամբ յղի օրերու ելեւէջներուն անձայն յանձնուածԵրազներ են վառԲայց աւաղ բեկուած․․․Ճիւղերը մերկ են…Պատսպարուելու կոչէն զրկուածԿը նային զիրար ապշահար դողովԵրջանկութեան մը քաղցր յուշերով,Եւ վեր կը նային երկնքին լազուրդԳալիք օրերու ջերմի երազով:Արեւը խռով լուռ կը հեռանայԻր ետին թողած անորոշ ջերմը․․․Ծառերն մինակ են այս մեծ խաղին մէջ,Օրերու դաժան հեւքին յանձնուած։Տարօրինակ է խաղն այս ամեհի․․․Սառած պահերու ալեկոծման մէջ,Տերեւ մը յամառ դալուկ ու չորցած,Է՜ն բարձր ճիւղին վրայ միս մինակԴեռ կը յամենայ։Կեանքի՛ն է կառչածԵւ իր անցեալի’նԵւ իր յուշերո’ւն։Ամայութեան մէջ համայնատարածԵրգ մը կը հիւսէ ապագան գրկած․․․