
Խունկ ու մոմ անթառամ եղբայր Արա Մարկոսեանի յիշատակին:
Անոր համար էական էին Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կենցաղն ու գաղափարաբանութիւնը, որոնցմով լաւապէս պատրաստուած, կրցաւ դէմ դնել ամէն տեսակի դժուարութիւններու:
Ան ամէնայն անձնուիրութեամբ միութեան ծառայեց զուգահեռաբար եւ իր ծառայութեան տարիներուն արձանագրուեցաւ յատկանշական յառաջդիմութիւններ եւ յաջողութիւններ:
Քիչերու վիճակուած է առաքինութեամբ ապրիլ ու մեռնիլ առաքինութեամբ: Եղբ. Արան բաժնուեցաւ մեզմէ՝ տալով իր կարելին, սակայն մեզի փոխանցեց ազգային իտէալ մտածում եւ ոգի, որոնցմով պիտի կարենանք շարունակել:
Ծնած 1963-ին, ան հպարտ էր իր հայութեամբ: 1993-ին ընտանիք կազմած, Արա իր կողակից Հեղիկին հետ բախտաւորուեցաւ երկու զաւակներով՝ Արայիկ եւ Յովիկ: Այսպէս, երկու զաւակներու հայր, ան կը փոխանցէր առողջ ու ազգային դաստիարակութիւն, սակայն քանի մը տարի առաջ, քաղցկեղը ուժգին հարուած մը հասցուց իր առողջութեան: Հիւանդութիւն մը, որ ի վերջոյ զինք կը հիւծէր ու կը մաշեցնէր:
Եղբայր Արա, քառասուն օրեր առաջ կնքեց իր մահկանացուն մեզի ձգելով իր հաւատքի ճանապարհը, հայրենիքին ու կազմակերպութեան նկատմամբ զոհաբերուելու առաքելութիւնը:
Ան կը հաւատար հայրենիքի անկախութեան եւ այդ իրագործումը տարիներ առաջ մեծ դրոշմ ձգեց իր ներաշխարհին վրայ:
Իր շրջապատին մէջ հայրենասիրութիւն եւ ազգասիրութիւն սերմանեց՝ իր աննկուն կամքով:
Արդեօք ի՞նչ բառերով կարելի է բնորոշել Եղբայր Արայի ազգօգուտ ներդրումն ու հաւատարմութիւնը հանդէպ իր սիրած «Բարձրացիր, Բարձրացուր»ին, սէրը ընտանիքին նկատմամբ, հաւատարմութիւնը հայկական կազմակերպութիւններուն:
Այսպէս կարելի է նկարագրել այն մարդը, որ ծնած է համեստ ու բարեպաշտ ընտանիքի յարկին տակ, եւ որ սիրուած էր բոլորէն:
Այսպէս, մահուան խորհուրդին եւ անխուսափելիութեան շեշտակի նայողներուն համար անակնկալ չէր եղբայր Արային անժամանակ կորուստը, ինք եւս կþարհամարհէր այդ արհաւիրքը եւ իր կեանքը կը շարունակէր իբրեւ արթուն պահակն ու հաւատարիմ անդամագրեալը իր նախասիրած միութեան՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքը անմոռաց պիտի պահէ եղբ. Արա Մարկոսեանի յիշատակը, ծառայութիւնները եւ անոր վաստակաւոր ներդրումը՝ նախ իբրեւ վարչական, ապա՝ շրջանային վարչութիւն:
Վարձքդ կատար սիրելի° եղբայր…
Այս տխուր առիթով Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քոյր-եղբայրները խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն անոր այրիին ու զաւակներուն, հարազատներուն ու բարեկամներուն:
Սգակիր Հ.Մ.Ը.Մ.ական