Տերեւաթափ․- ԺՊՏՈՒՆ ՍԱՐՀԱՏԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 38 Second

Սգակիր Մը

Իւրայատուկ էր Սարհատին` Սարհատ Գարակէօզեանին ժպիտը:
Ոչ ոք կրնար այդ ուրոյն ժպիտը նոյնքան հարազատութեամբ կրկնօրինակել:
Սարհատի՛նն էր այդ ժպիտը, եւ ժպիտն ալ՝ Սարհատինը:
Գոհունակութիւն բխող բերնի շարժում մը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կլոր այտեր, զարդարուած ներդաշնակ ծալքերով, եւ փայփլուն աչքեր: Սարհատն ու իր անմեղութիւն եւ ընկերասիրութիւն բուրող ժպիտը:
Այդ ժպիտն էր, որ ի ծնէ իրեն ընկերացաւ շարունակ, բոլոր հարազատներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ հանդիպումներուն: Եւ ահա կանխահասօրէն ընդմիշտ ննջած Սարհատն ալ որքա՜ն անմեղ ու ժպտուն էր, հարազատ մնալով ինքն իրեն:
Վերջին տարիներուն, մօրուքով մըն ալ օժտած էր դէմքը, որ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած էր եզակի ժպիտին վրայ:
Ժպիտ մը, որ կը թարգմանէր համեստութիւն եւ քիչ մըն ալ ամչկոտութիւն, յաւելեալ կարմրութիւն մը բերելով դէմքին:
Համեմատաբար սակաւախօս էր եւ քիչ անգամ կը զայրանար: Իսկ եթէ այդ հազուադէպ զայրոյթն ալ պատահէր, կարճ ատեն ետք հարցը «անուշի կը կապուէր» եւ Սարհատին դէմքը դարձեալ ժպիտով մը կ՛ողողուէր:
Երբեմն ամէն լեզուով կարելի չէ ճիշդ բառը գտնել եւ նկարագրել անձ մը: Անմեղ մանկութիւն մը կար babyface Սարհատին մէջ, բայց ամենէն պատշաճ ածականը պիտի ըլլար՝ «հապպուպ» Սարհատը։ Արաբերէն բառը տարբեր երանգ մը ունի, «հապպուպ» կը նշանակէ սիրուած, բայց շատ աւելի հարազատ եւ տաքուկ կը հնչէ:
Պատանի տարիքին, ընտանիքին հետ Նոր Աշխարհ ժամանած Սարհատը պահեց իր կապը ծննդավայրին՝ Լիբանանի հետ: Հոն ալ սիրուած էր ան, մասնաւորաբար իր ընկերասիրութեան եւ ծառայութիւններուն շնորհիւ: Կիսաւարտ ձգած Համազգայինի ճեմարանի դասընկերներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմի եւ Հ.Յ.Դ. պատանեկանի վաղեմի ընկերներուն հետ ընդմիշտ կապի մէջ մնաց: Բազմիցս վերադարձաւ Պէյրութ, ուր ինքզինք երբեք օտար չզգաց:
Արկածախնդրութիւնը կը սիրէր. իր անմեղ ու ժպտուն դէմքին վստահելով՝ ան կարծեց, թէ դաժան ու դժնդակ մահը պիտի չկարենար զինք խաբել ու կլանել:
Սակայն այդպէս չեղաւ, եւ Սեպտեմբեր 19, 2021-ին, իր այնքան սիրած «մոթօ»-ն ակնթարթի մը մէջ դաւաճանեց եւ անմեղ ժպիտը դէմքին՝ ան հրաժեշտ տուաւ հարազատներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն:
Այդ ժպտուն դէմքին դիմաց՝ ահաւաոր եւ աղիողորմ վիճակ: Մռայլ ու խոժոռ դէմքեր չեն կրնար ընդունիլ անգութ ճակատագրին դաւադրութիւնը:
Եւ այսպէս, վաղ եւ անսպասելի, «հապպուպ» Սարհատը մեկնեցաւ անվերադարձ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles