
ԵՐԵՒԱՆ (“Ակունք“)- Այս տարուան Ապրիլ 24-ին, կը նախատեսուի Տերսիմի մէջ պաշտօնապէս նշել Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակը:
Այս գծով, յաւելեալ տեղեկութիւն կը փոխանցէ Տերսիմի հայերու միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին, որ կը յայտնէ.- “Մենք, թերեւս առաջին անգամ ըլլալով հոս հայկական ինքնութեամբ հանդէս գալով` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մամլոյ հաղորդագրութիւն պիտի տարածենք: Ըստ էութեան` հարցը մայրենի հողի վրայ ապրող ժողովուրդի մը իր սեփական մշակոյթէն հարիւրամեայ հեռացման մասին է, որուն տարբեր հոգեբանական ազդեցութիւնները կը կրենք ներկայիս: Մենք, որպէս կազմակերպութիւն, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առթիւ պիտի իրականացնենք նաեւ ոգեկոչման արարողութիւն: Այս տարուան միջոցառման միայն ժողովրդավարական եւ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններուն կ՛առաջարկենք մասնակցիլ: Մենք, զգացական առումով` միասնական ենք: Կը կարծեմ, որ սոյն միջոցառումը պիտի յաղթահարէ այն անզգայութիւնը, որ առկայ է Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստաններուն միջեւ ու պիտի ամրապնդէ մեր միասնականութիւնը, պիտի ապահովէ մեր եղբայրութիւնը, որ կը բխի նոյն ազգէն ծագելու փաստէն` միաժամանակ մեզի տալով համատեղ ապրելու նպատակ“:
Ձեռնարկը պիտի կատարուի Տերսիմ քաղաքի “Սէյիտ Ռըզա“ այգիին մէջ: Այս առթիւ Տերսիմ պիտի ժամանեն նաեւ հայաստանեան լրատուամիջոցներ:
Վերջին տարիներուն, հայկական եւ թրքական մամուլին մէջ յաճախակի կը գրուի թաքնուած, կրօնափոխ դարձած եւ այլադաւան հայերու մասին: Այս ծիրէն ներս, քանի մը տարի առաջ, թրքական պատմութեան ընկերութեան նախագահ պատմաբան Եուսուֆ Հալաճօղլու կատարեց զգայացունց յայտարարութիւն մը, ուր ան փաստերով տեղեկացուց, թէ ալեուի քիւրտերու մեծամասնութիւնը, մանաւանդ Տերսիմի ալեուի ազգաբնակչութեան մէկ ստուար զանգուածը` կրօնափոխ դարձած հայեր են: