
Վարագ Գեթսեմանեան
21րդ դարու Թուրքիոյ մէջ ականատես կը դառնանք հսկայական ընկերային փոփոխութիւններու եւ վերիվայրումներու, որոնք մինչեւ օրս թերեւս աներեւակայելի էին: Հրանդ Տինքի դատապարտելի սպաննութիւնը ստեղծեց այն կայծը, որուն հիման վրայ մարդիկ սկսան գտնել, իմանալ եւ վերադառնալ իրենց հայկական ակունքներուն ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Սակայն այն տասնեակ շրջաններէն որոնք հայրենիքը կը հանդիսանան այս թաքուն հայերուն, Տերսիմը (Թունճելի) պէտք է յատկանշուի որպէս յատուկ ընկերային, մշակութային եւ յեղափոխական մթնոլորտ ունեցող շրջան կամ միջավայր մը: Այս ապստամբութեան եւ մերժումի տարբեր երեսներն ու քննարկումը հիմնական մասը պիտի կազմեն այս յօդուածին: Հակառակ անոր որ Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը կրնայ այս “վերադարձին“ ուղղակի պատճառը չ՛ըլլալ սակայն ան հանդիսացաւ ընկերա-քաղաքական այն ճեղքը ուրկէ դուրս սկսան ժայթքիլ ակունքներու փնտռտուքի այս ամբողջ աշխատանքները, ոգին եւ նախաձեռնութիւնները:
Հակառակ անոր որ Տերսիմի քիւրտերու վայրագ ջարդերը 1938 թուին կը խորհրդանշեն քեմալական Թուրքիոյ հակա-փոքրամասնութիւններու դէմ պայքարի գագաթնակէտը 20ական եւ 30ական թուականներուն, սակայն հետաքրքրականօրէն կը համընկնի նաեւ հայկական հարցին եւ վիշտին հետ: 1915ին Տերսիմի Ալէվի, Քըզըլպաշ, զազա եւ քիւրտերէն բաժին մը որոնք կը բնակին այդ շրջանին մէջ, ընդունեցին ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած հայորդիներուն (մեծամասնութեամբ Երզնկայէն) եւ անոնց տրամադրեցին ապաստան, սնունդ եւ ապահովութիւն, շատ յաճախ քաջատեղեակ ըլլալով թէ սոյն արարքները կրնային վտանգել իրենց կամ հարազատներու կեանքն ու ապահովութիւնը (1): Խօսելով այս մասին գերմանական դեսպանատան Էրզրումի փոխ-հիւպատոս` Մաքս Էրուին Վոն Շուպնէր-Րիխթըրը կը գրէ հետեւեալը.- “…Քիւրտերը շատ տարբեր պաշտօններ ունէին: Շատեր դարձան հայերու դահիճը, սպաննեցին տղամարդիկը, առեւանգեցին կիները եւ կողոպտեցին հարստութիւնը: Յստակ գործակցութիւն մը կար թուրքերու եւ քրտական ցեղախումբերու միջեւ: Բայց կար մէկ բացառութիւն. Տերսիմի քիւրտերը, պատմական քըզըլպաշներու ժառանգորդները, որոնք չէին բաժներ սիւննը հաւատքը եւ որոնք նոյնիսկ ազգային կապ չ՛ունէին հայերու հետ: Այս մարդիկը հանդիսացան հայերու ամենակարեւոր փրկիչները: Շատ յաճախ կազմակերպեցին փախուստի ճամբաներ դէպի Ռուսիա որուն պատճառով ազգասպաննութեան ենթարկուեցան 30ականներուն Քեմալի կողմէ“ (2): Հակառակ Օսմանեան պետութեան յաճախակի ճնշումներու եւ սպառնալիքներուն, որպէսզի յանձնեն հայերը, Տերսիմի քիւրտերը շարունակեցին ապաստանել զանոնք: Դժբախտաբար ասոր պատասխանը չ՛ուշացաւ եւ միայն երկու տասնամեակներ ետք քեմալական կառավարութիւնը քրտական “ապստամբութեան“ պատրուակին տակ այս անգամ վայրագօրէն ճնշեց եւ սպաննեց մօտաւորապէս 70.000 քիւրտեր, ինչպէս նաեւ ապաստանած հայերէն բաժին մը: Կառավարութիւնը իր այս արարքը արդարացուց զայն նկատելով իբրեւ պատժական գործողութիւն այն զազաներուն դէմ որոնք “դաւադրաբար“ ապաստան տուին Օսմանեան պետութեան թշնամիներուն` հայերուն: Միւս կողմէ սոյն ջարդը կանխամտածուած քաղաքականութիւն մըն էր, որ կը միտէր նախ զինաթափ ընել այս քրտական շրջանը, տարածելով կառավարութեան հսկողութեան կարողութիւնները, իսկ երկրորդ` պարպել Տերսիմը արմատախիլ ընելով հայ ճողոպրածներու վերջին մնացորդները, այսպիսով շարունակելով նախնիներու թողած առաքելութիւնն ու գործը: Ջարդերէն ետք այն հայերը, որոնք արդէն կրօնափոխ ըլլալով դարձած էին ալէվիներ եւ որոնք կարողացած էին ողջ մնալ աքսորուեցան դէպի Իսթանպուլ կամ ուրիշ շրջաններ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին: Քիւրտերու այս արիւնալի սպաննութիւնները պատահեցան Լէշ Տէրէ (դիակներու հովիտը) կոչուած ձորի մը մէջ որուն անոնցն արդէն կ՛ապացուցէ կատարուած վայրագութեանց: Շատեր այս վայրը կը համարեն, որպէս երկրորդ Տէր-Զօր մը այնքան ատեն որ ողբի եւ վիշտի վայր մըն է հայ ժողովուրդին համար եւ շարունակութիւն մը 1915էն սկսած ցեղասպան քաղաքականութեան:
Որո՞նք են ուրեմն այս ապստամբ ոգիի առանձնայատկութիւնները որոնցմով կը յատկանշուի Տերսիմի շրջանը: Այն օրերէն երբ քրտական ազգայնականութիւնը կը ծաղկէր, Տերսիմը կը համարուէր որպէս քիւրտ մարտիկներու յեղափոխական կեդրոնը: թրքական զօրանոցներու ամենուրեք ներկայութիւնը Տերսիմի ամբողջ տարածքի շուրջը, ցոյց կու տայ այս շրջանի կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ այն վտանգը որ կը ներկայացնէ թրքական կառավարութեան աչքին: Անդրանիկ Երիցեանը կ՛անդրադառնայ այս կէտին իր “Տերսիմ: Սէյադհանէմէ” (Տերսիմ: Ճանապարհորդութիւն) գիրքին մէջ զոր գրած է 1900ին Թիֆլիսի մէջ: Ան կը գրէ հետեւեալը` “Ամէն տարի արիւնալի եւ բուռն փախումներ տեղի կ՛ունենան թրքական կառավարութեան եւ Տերսիմի քիւրտերու միջեւ: Սակայն քիւտերը միշտ պահելով իրեց ուղղուածութիւնը կը մնան անյաղթ“: Ճակատագրի հեգնանքով, շատեր կը հաւատան թէ ներկայիս մեծ մասը Տերսիմի բնակչութեան, թաքուն հայեր են որոնք ընդունած են զազա կամ այլ ինքնութիւն մը եւ ալէվի հաւատքը տարբեր ժամանակներու եւ կացութիւններու բերմամբ: Այս բացայայտումը կարելի եղաւ շնորհիւ մէկ անձի մը ճիգերուն որ հարթեց ճանապարհը ակունքներու վերադարձման եւ ինքնաճանաչման: Այս անձը կը կոչուի Միհրան Փրկիչ: Ան տեղեակ էր իր հայկական պատկանելիութենէն երբ արդէն 7 տարեկան էր, սակայն հասկնալի պատճառներու համար չէր կրցած իրականացնել իր փափաքը` որն էր վերադարձ դէպի հայկական ինքնութիւն եւ ակունքներ, մինչեւ վերջերս երբ արդէն 50 տարեկան է: Այն ինչ որ մղեց անոր որպէսզի գտնէ իր հայկական պատկանելիութիւնը ինչպէս ըսինք սկիզբը, Հրանդ Տինքի սպաննութիւնն էր որ ծանրօրէն ազդած էր Միհրանի վրայ: Իր ընկերոջ սպաննութենէն ետք Միհրան, որ այդ ժամանակ կը կոչուէր Սալահէտտին Գիւլդագին, սկսաւ կազմաւորել այն ինչ որ ներկայիս կը կոչուի “Տերսիմի Հայերու Միութիւն“, ճանչցուած նաեւ “Տերսիյատ“ անունով: Միութիւնը արդէն երկու տարի է ի վեր կը գործէ: Աւելին` վերջնականացնելու համար ամբողջական “մշակութայնացում“ը, ան 2010ին դարձաւ քրիստոնեայ պաշտօնական կնքման արարողութեամբ մը եւ նաեւ դիմում ներկայացուց Հայաստանի կրօնական իշխանութիւններուն, որոնք ընդունեցին զինքը: Նաեւ նոր անունով մը Սալահէտտինը դարձաւ Միհրան: Հետեւաբար այս տեսակի միութեան մը ստեղծումը կը նկատուի ապստամբական արարք մը որ ինքզինք կ՛արտացոլայ տասնեակ ձեռնարկներով (նոյնիսկ Թուրքիայէն դուրս ինչպէս Գերմանիա) եւ յօդուածներով որոնք լոյս կը տեսնեն միութեան պաշտօնաթերթին` Տերսիյատին մէջ: Ապստամբ այն իմաստով թէ սոյն յօդուածները կը դատապարտեն թրքական կառավարութեան իւրաշրջական (ասիմիլացիա) քաղակականութիւնը ինչպէս նաեւ մշակութային, ազգային եւ կրօնական ազատութեանց չգոյութեան: Հետեւաբար այսպիսով Թուրքիոյ թաքուն հայերու ամբողջ խնդիրը Արեւելեան շրջաններու մէջ աւելի ու աւելի քաղաքականացուեցաւ շնորհիւ այս տեսակ նախաձեռնութիւններու որոնք թաքուն հայերու խնդիրը տեղադրեցին Թուրքիոյ քաղաքական բեմին վրայ շարունակելով Հրանդ Տինքի կիսատ թողած գործն ու առաքելութիւնը: Այս տեսակ միութեան մը ստեղծումը եւ բացայայտ վերադարձը հայկական ակունքներու, այս մարդոց կողմէ կը համարուի, որպէս յառաջացում մը թէկուզ մէկ քայլի, իրենց պայքարի եւ աւելի հանդուրժողական քաղաքականութեան մը կիրարկումի պահանջի ծիրէն ներս: Նմանօրինակ արարքներ կը միտին մերժել կառավարութեան ներկայ քաղաքականութիւնը ձգտելով իրականացնել ընկերային նոր վիճակ մը ուր պիտի յարգուին մարդու ամենատարրական իրաւունքները ինչպէս նաեւ խօսքի, մշակոյթի եւ կրօնքի ազատութիւնը: Ըստ Միհրանի որը նախագահն է Տերսիմի Հայերու Միութեան, արդէն գոյութիւն ունին 34 ընտանիքներ Տերսիմի մէջ որոնք բացայայտօրէն կ՛ընդունին իրենց հայկական ինքնութիւնը: Իսկ միւս կողմէ Միհրան կը հաստատէ թէ Տերսիմի բնակչութեան 75%ը հայկական արմատ ունեցող ընտանիքի անդամներէ սերած է: Այս իրողութեան մասին կը գրէ նաեւ Տիրան Լոքմաքիոզեան որ իր յօդուածին մէջ կ՛ըսէ թէ բաւականին դժուար է գտնել տերսիմցի մը որ զաւակը չ՛ըլլայ վերադարձած հայու մը: Հոս ան կ՛ակնարկէ այն Տերսիմցի հայերուն որոնք 1947 թուին ներում ստացան թրքական կառավարութենէն եւ արտօնութիւն ստացան վերադառնալու Տերսիմ:
Այլ կարեւոր դիմագիծ մը որ յատուկ է Տերսիմի կարելի է տեսնել այս թաքուն հայերու խօսակցական արտայայտութիւններու գործածութեան մէջ: Թիպուք հետազօտութիւն մը անոնց լեզուի արտայայտութիւններուն ինչպէս “Ալէվի Իսլամ“ը, կ՛ապացուցէ թէ անոնցմէ շատերը իսկապէս գիտակից են իրենց նախնիներու ակունքներէն, սակայն կը մերժեն բացայայտօրէն ընդունիլ զայն մասնաւորաբար օտարներու ներկայութեամբ: Այս մերժումի հիմնական պատճառները հակառակ անոր որ էական են այս թաքուն հայերու խնդրի ճիշտ հասկացողութեան սակայն դուրս կ՛իյնայ մեր այս յօդուածի հետազօտութեան շրջանակէն: Ըստ Երեւանի Պետական Համալսարանի թրքաբանութեան Փրոֆէսոր Անդրանիկ Իսպիրեանի, ալէվին չ՛օգտագործէր “Ալէվի Իսլամ“ արտայայտութիւնը: Հակառակ անոր որ Ալէվի հաւատքը սկզբնական եւ կազմաւորման շրջանին արմատ ստացաւ իսլամութենէն, սակայն դարերու ընթացքին եւ տարբեր ազդեցութիւններու տակ շեղեցաւ ուղղափառ իսլամութենէն եւ ստացաւ ինքնորոշ ուղղուածութիւն: Այս հարցին գծով գնդապետ Մօլինէօ Սիլը 1914 թուին կը գրէ թէ “Տերսիմցիները թուրքերու կողմէ որպէս քըզըլպաշներ, այսինքն կարմիր գլուխներ, այս բնորոշումը կը գործածուի նաեւ պարսիկներու եւ այն մահմետականներուն որոնք ուղղափառ իսլամութեան չեն հետեւիր: Սակայն եթէ տերսիմցիի մը հարց տաս թէ ինչ կրօնքի է, ան կը պատասխանէ թէ ինքը եօլ ուշաղի է, արտայայտութիւն մը որ շատ հաւանաբար կը թարգմանուի որպէս ճշմարիտ ուղղիին զաւակը իմաստով: Այս աղանդը հակառակ իր քըզըլպաշ ըլլալուն կը մերժէ իսլամ կոչումը“: “Ալէվի Իսլամ“ ներկայացումը շատ հաւանաբար ըլլայ պաշտպանական միջոց մը, նկատի ունենալով որ ալէվիները տակաւին հալածուած են Թուրքիոյ մէջ: Առաւել, հաւանականութիւնը մեծ է թէ այս արտայայտութիւնը կրնայ պարունակել պահուած իմաստ կամ պատգամ մը. Շատ հաւանական է որ խօսակիցը կանխամտածուած ձեւով օգտագործէ այս արտայայտութիւնը ցոյց տալու համար իր հայեցի ինքնութիւնը, տրուած ըլլալով, որ չի կրնար բացայայտ կերպով ըսել այդ մէկը: Լօքամքիոզեան իր յօդուածով կը մէջբերէ դրուագ մը, որ ցոյց կու տայ թէ լեզուն եւ խօսակցութիւնը ինչպէս կը բացայայտեն թաքնուած ինքնութիւնները: Յօդուածագիրը կը պատմէ թէ ինչպէս Եշիլեազ (Տերսիմի մէջ) ուղղուած պահուն, վայր մը որ ճանչցուած է տեղացիներուն հայկական ակունքներու բացայայտ ճանաչման համար, անոնք հանդիպած են ծեր մամիկի, որ հանրակառքը կանգնեցնելով փորձած էր ներս մտնել. Միհրան Փրկիչը որ անոնց կ՛ընկերակցէր, կը փորձէ մամիկին բացատրել կամ համոզել թէ իրենց հանրակառքը անձնական էր եւ տրամադրուած չէր գիւղի բնակիչներուն համար: Սակայն քանի մը վայրկեան զրուցելէ ետք ի յայտ կու գայ թէ նոյն այդ մամիկը կ՛ուղղուէր ճիշդ այդ նոյն վայրը ուր իրենք կ՛ուղղուէին եւ զաւակն է հայ ընտանիքի մը: Հակառակ այս բոլորին սակայն Լօքամքիոզեան կը պատմէ թէ ինչքան որ փորձեցին մամիկին բացայայտօրէն ընդունիլ տալ կամ խոստովանեցնել այսպէս ասաց, որ ըսէ թէ “Հայ եմ“, մամիկը կրկնապէս կը մերժէր ըսելով թէ “Ալէվի Իսլամ եմ“: Հետաքրքրականօրէն հակառակ մամիկին մշտական պնդումներուն, անոր 4 որդիները վախ չ՛ունէին բացայայտօրէն ընդունելու թէ “Մենք [զաւակներ + Մամիկ] բոլորս հայեր ենք“: “Ալէվի Իսլամ“ արտայայտութիւնը ուրեմն ցոյց կու տայ թէ այդ ծեր կինը ինքզինքը ոչ Իսլամ կը համարէ ոչ ալ ալէվի, այլ միայն զգուշութեան եւ ապահովութեան համար էր որ այդ արտայայտութիւնը գործածած էր: Հետեւաբար հիմքում ինկած այդ վախը շուքի մէջ կը պահէ հայկական ինքնութեան բաց ճանաչման ձգտումները: Սակայն այս մէկը խոչընդոտ մը չի հանդիսանար մամիկին եւ այցելուներուն հարազատ մերձեցման. Լօքմաքիոզեան կը գրէ թէ կարծես շրջապատուած ըլլայինք մեր քոյրերով եւ եղբայրներով:
Ըստ Իսպիրեանի, հակառակ անոր որ ոչ-հայ ալէվիներէն ոմանք նաեւ կ՛օգտագործեն “Ալէվի Իսլամ“ արտայայտութիւնը որպէս պաշտպանական միջոց, սակայն խնդիրը տարբեր է երբ կը վերաբերի թաքուն հայերուն: Ծեր Մամիկին խօսակցութեան մէջ պահուած պատգամը կը բացայայտուի այն պահուն երբ կը ծանօթանանք ընտանիքի միւս անդամներուն, յայտկապէս երկրորդ սերունդէն, որոնք ընդունելով “ես հայ եմ“ խօսակցաոճը, կը վերծանեն իրենց մօր խօսակցութեան գաղտնիքը: Յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ արտայայտութիւններու եւ ազգային/քաղաքական ոգիի (psyche) եւ ինքնութեան միջեւ յարաբերութեանց մասին, կրնայ մեզ տեղեկացնել թէ ինչպէս այս թաքուն հայերը կ՛ընդիմանան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան իսլամական ձգտումներուն եւ քաղաքականութեանց, հիմնական երկրորդ սերունդի բերնով: Այս մերժումը չի նշանակեր պարզապէս թէ այս մարդիկը իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը նկատեն. այս բոլորը մերժում մըն է “Իսլամացման“ եւ հետեւաբար “Թրքացման“ քաղաքականութեան մը որ ընթացքի մէջ է 1915էն ի վեր:
Նմանօրինակ գիտակցութիւն մը նաեւ ակներեւ է Տէրտիմի Անահիտի երկու աղբիւրներու մօտ որ ճանչցուած է իբրեւ յոյսի եւ հաշտութեան աղբիւր եւ դարձած սրբատեղի մը տերսիմցիներուն համար: Աղբիւրներու այս առասպելը կ՛ընթանայ հետեւեալ ձեւով. կը պատմեն թէ Անահիտ չաստուածուհին սնուցանած է զազա եւ հայ ազգերը այսպիսով փոխադարձ սէր, յարգանք եւ ընկերութիւն մը ստեղծելով երկուքին միջեւ: Իւրաքանչիւր աղբիւր կը խորհրդանշէ Անահիտի ստինգը: Մեզ հետաքրքրողը սակայն առասպելը չէ, այլ պաշտամունքներն ու ծիսական արարողութիւնները որոնք տեղի կ՛ունենան աղբիւրին մօտ: Իսլամական կամ ալէվիական մշակոյթին կամ կրօնքին մէջ մոմավառութիւնը իբրեւ կրօնական արարք գոյութիւն չ՛ունի: Սակայն Տերսիմի մէջ եւ յատկապէս այս երկու աղբիւրներուն մօտ որ սկզբունքով ալէվի շրջան մըն է, կը տեսնենք թէ ինչպէս իւրաքանչիւր անձ որ կը մօտենայ աղբիւրին, մոմ մը վարելով կը սկսի աղօթել: Տերսիմ այցելութեանս ժամանակ, անգամ մը որ տեղացիները իմացան թէ մեր խմբակը բաղկացած էր հայերէ, անոնցմէ մէկը սկսաւ հայկական երաժշտութիւն խաղալ “Ռատիօ“ով, կը հաւատամ թէ այս արարքը արտայայտութիւն մըն էր ընկերութեան եւ հարազատութեան եւ ինչու չէ կը միտէր ապացուցանելու թէ անոնք ալ հայեր են: Փոխադարձ արենակցութիւն մը ստեղծուած ըլլար կարծես: Եթէ չ՛ըլլար հայկականութեան այն ոգին որ միութեան ստեղծումով ինքզինք կ՛արտացոլար, այս արարքը շատ հաւանաբար տեղի չ՛ունենար: Այս բոլորը ապացոյց են թէ ինչպէս տարբեր արարքներ եւ նոյնիսկ կրօնական արարողութիւններ նշաններ են պահուած ինքնութիւններու, որոնք հիմնական դեր կը խաղան առաջնորդելու մարդոց մտածումները, զգացումները եւ վարմունքը:
Հայկականութեան գերակշիռ ոգիի մը գաղափարը էական է այն իմաստով որ տարբեր շրջաններու մէջ ինչպէս Վան կամ այլ պահպանողական վայրեր, այսպիսի դէպքեր հազուագիւտ են չ՛ըսելու համար անկարելի: Այդ տեսակ շրջաններու մէջ թաքուն հայերը կը փորձեն պահել իրենք զիրենք հէնց որ իմանան “այցելու“ հայերու ներկայութեան մասին: Ի տարբերութիւն Տերսիմի մէջ պարզուող կացութեան, հոգեբանութեան եւ մտածելակերպին, միւս շրջաններուն մէջ այս ոգին բացակայ է:
Հաշուի առնելով Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան իսլամական քաղաքա-ձգտումները, հակա-կառավարական զգացումները ակներեւ են նաեւ տերսիմցի կիներու հագուածքին մէջ: Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ միւս շրջաններու իսլամ կիներէն, Տերսիմի կիներու մեծամասնութիւնը արդէն քողարկուած չէ: Լաչակի կամ քողի մը չգոյութիւնը կիներու մօտ կ՛ակնարկէ Տերսիմի ապստամբ եւ յեղափոխական ոգուն: Այս, մերժումի ձեւ մըն է պարտադրուած իսլամութեան:
Ամէն տարի Օգոստոս ամսուան ընթացքին Տերսիմի շրջանը կը կազմակերպէ երրօրեայ փառատօն մը ուր տարբեր մշակութային, ազգագրական եւ արուեստական խմբակներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն: Հետաքրքրական է նաեւ այն երեւոյթը որ փառատօնի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին կը տեսնենք Չէկեվարայի, Մաոյի, Շէյխ Սայիտի եւ այլ քիւրտ նահատակներու նկարները որոնք հիմնական տեղ կը գրաւեն քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ: Համայնավար կամ ընկերվար այս տարբեր ղեկավարներու հանդէպ այս կոչը , դուրսէն դիտողին համար կարծէք կ՛ապացուցէ շրջանին մէջ տիրող կամ գերակշռող ոգուն կամ կացութեան մասին: Լեզուն այստեղ նորէն էական դեր կը խաղայ. Հայերէն ինչպէս նաեւ քրտերէն լեզուի եւ տառերու գործածութիւնը այս փառատօնին ընթացքին ցոյց կու տայ թէ որքանով Տերսիմի շրջանը կիսանկախ վիճակ մը կը վայելէ, հաշուի առնելով այն իրողութիւնը թէ քրտերէնը ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին բացարձակապէս արգիլուած է : Տերսիմի Հայերու Միութիւնը իր յատուկ կրպակը ունի այս փառատօնին ընթացքին ուր երիտասարդ հայորդիներ թերթեր եւ գիրքեր կը վաճառեն տարբեր յեղափոխական դէմքերու մասին ինչպէս զօրավար Անդրանիկ կամ ուրիշներ:
Տերսիմցիներու այս ապստամբութիւնը աւելի խորհրդանշական (սիմպոլիք) է, քան ուղղակի պայքար: Այն ինչ որ վերոյիշեալ բոլոր պատմութիւններն ու օրինակները կը բաժնեն այն է թէ բոլորը ապստամբ հոգու եւ մտածողութեան նշաններ կամ սիմպօլներ են: Այս տարբեր եւ յաճախ ցանուցիր նշաններու վերլուծման եւ մեկնաբանման ընդմէջէն է որ պիտի հասկնանք տարածաշրջանային այս յատուկ կացութիւնը, հոգին ու ապստամբութեան ատախծը: Այս բոլոր նշանները մաս կը կազմեն միեւնոյն հանելուկին (puzzle) որ հասկնալի կը դառնայ միայն եթէ քով-քովի դնենք այս բոլոր նշանները եւ առանց անշուշտ մոռնալու ցեղասպանութեան գոնթէքսթը (context): Տերսիմի այս հայերուն պէտք է նայինք ընկերային, քաղաքական, եւ արդի պատմութեան տարբեր դիտանկիւններէ, լաւ հասկնալու համար անոնց յատուկ դիմագիծը որը կը յատկանշէ իրենց մտածելակերպը եւ շարժումները:
Այս սիմպոլիզմը/խորհրդանշութիւնը շարունակութիւն մըն է այն արձագանգող ազատութեան կանչերուն որոնցմով Տերսիմը նշանաւոր էր ու տակաւին կը շարունակէ նշանաւոր մնալ պատմութեան էջերուն մէջ: Հակառակ անոր որ Տերսիմի այս թաքուն հայերու պայքարը հիմնականին մէջ լուռ եւ համեստ պայքար մըն է, սակայն մեծ նշանակութիւն ունի 21րդ դարու Թուրքիոյ փոխուող ընկերային եւ մշակութային միջավայրերուն համար: Նոյնիսկ եթէ այս փոփոխութիւնները արդիւնքն են այս վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ որդեգրած աւելի մեղմ եւ հանդուրժողական քաղաքականութեան որուն կիզակէտն է Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը, սակայն կարելի չէ արհամարհել այս թաքուն հայերու համարձակութիւնն ու ինչու չէ քաջութիւնը: Ազգային ակունքներու վերադարձը եւ բացայայտումը Թուրքիոյ այս շրջաններուն մէջ ընթացող “լուռ յեղափոխութեան“ մը մէկ երեւոյթներէն է որ կը ձգտի ընկերային բարենորոգումներու պահանջի ոգուն վերարթնացման եւ վերակենդանացման: Այս բոլորին կը ձգտի ոչ թէ զինեալ պայքարով (քոնէ հայերուն պարագային) այլ լուռ եւ շարունակական մերժումով մը այն ինչին որ կանխամտածուած ձեւով կը հրամցուի անոնց եւ որն է թրքական իւրաշրջում կամ ասիմիլացիա: