
Կիրակի, Հոկտեմբեր 17-ին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւնները Սիւնիքի, Տաւուշի եւ Շիրակի, մարզերու 6 համայնքներու մէջ, իսկ Արագածոտնի, Արմաւիրի եւ Լոռիի մարզերու 3 համայնքներու մէջ` մեծամասնական ընտրակարգով:
Մասնակցողներուն թիւը եղաւ նօսր եւ կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ամփոփելէ ետք, ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները, ի յայտ եկաւ, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած , «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը սպասուածէն պակաս քուէ ապահոված եւ բաւական մը նահանջած է:
Ըստ նախնական տուեալներուն, ընտրութիւններուն մասնակցեցան քուէարկելու իրաւունք ունեցող 166 հազար 753 քաղաքացիներէն 55 հազար 410-ը կամ` 33,23 առ հարիւրը: Ընտրողներու թիւը աւելի բարձր եղած է Սիւնիքի մարզի Տաթեւ, Տեղ, Մեղրի եւ Գորիս համայնքներուն մէջ: Ամենէն քիչ մասնակցութիւնը արձանագրուած է Գիւմրիի մէջ` 24,14 առ հարիւր համեմատութեամբ:
Յատկանշական է, որ Գորիսի մէջ քուէներու բացարձակ առաւելութեամբ` ստանալով 6269 քուէ կամ ընտրողներու ձայներուն 60,28 առ հարիւրը, վերընտրուեցաւ քաղաքապետ Առուշ Առուշանեան, որ կալանաւորուած է: Մինչեւ անոր ազատ արձակումը քաղաքապետի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս կը կատարէ փոխքաղաքապետ Մենուա Յովսէփեան, որ նշեց, թէ ժողովուրդը ընտրեց Առուշ Առուշանեանը, որովհետեւ ականատես եղաւ Գորիսի մէջ տարուած մեծածաւալ աշխատանքներուն: Յովսէփեան շեշտեց, որ Առուշ Առուշանեանի որդեգրած քաղաքականութիւնը իրենք պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ: