ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ` ՑՈՅՑԵՐՈՎ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ

0 0
Read Time:2 Minute, 27 Second

davutoglu 13  ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին, Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան անդամ երկիրներու նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանեց Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն եւ այս առթիւ, մէկ ժամէն աւելի դռնփակ տեսակցութիւննիստ մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանին հետ: Հանդիպումէն ետք Նալպանտեան յայտնեց, որ Տաւութօղլուին յայտնած է թէ պաշտօնապէս իր գործընկերոջ փոխանցած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը առանց նախապայմաններու յառաջ տանելու Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը:

Տաւութօղլու խուսափեցաւ հայ լրագրողներուն հետ հանդիպելէ եւ մամլոյ ասուլիս տուաւ միայն թրքական լրատուամիջոցներուն:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին թուրք լրագրողները միայն երկու հարցում ուղղեցին: Լրագրող մը հարցուց, թէ նախարար Նալպանտեանի հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուա՞ծ է արդեօք “գրաւեալ երկու շրջանները վերադարձնելու դիմաց հայ-թրքական սահմանը բանալու մասին“ Տաւութօղլուի Երեւան այցելելէ առաջ թրքական մամուլին մէջ շրջան ընող լուրին. Տաւութօղլուն պատասխանած է, որ ատիկա թրքական մամուլին կողմէ կատարուած յայտարարութիւն է, որուն անդրադարձած է նաեւ հայկական մամուլը: “Մենք խօսած ենք երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը զարգացնելու մասին“, նշած է ան: Միւս հարցումը կը վերաբերէր Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան հետագայ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն:davoutoglu visit1

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` Տաւութողլու նշեց, որ Նալպանտեանի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուած են հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական անցեալը բաց եւ անկեղծ կերպով քննարկելու, Կովկասի մէջ առկայ խնդիրներուն մնայուն լուծում գտնելու, տարածաշրջանը տնտեսապէս զարգացնելու, Հայաստանի` տարածաշրջանային տնտեսական նախագիծերուն անդամակցելու անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցերը: “Անկեղծ հանդիպում էր: Առանց հանդիպելու, խօսելու եւ առկայ խնդիրները քննարկելու կարելի չէ յառաջ երթալ“, եզրափակեց Տաւութօղլու:

Այս այցելութեան առթիւ “Արմէնիա – Մարիոթ“ պանդոկին մօտ հաւաքուած էին Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի այցելութեան  դէմ բողոքող եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միութեան, “Նիկոլ Աղբալեան“ եւ Ս.Դ.Հ.Կ. “Սարգիս  Տխրունի“ ուսանողական-երիտասարդական միութիւններու անդամները: Ցուցարարները կը կրէին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր “STOP Ցեղասպանութեան“, “STOP ուրացման“, “Ո՛չ նախապայմաններին“, “Դատապարտո՛ւմ, ճանաչո՛ւմ, հատուցո՛ւմ“, “STOP պատմութեան խեղաթիւրման“, “STOP անարդարութեան“: Ցուցարարները չկրցան տեսնուիլ Տաւութօղլուի հետ, որովհետեւ ան պանդոկի ետեւի դռնէն մտաւ` մասնակցելու Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհուրդի նիստին:davutoglu protest3

Ցուցարարները “Ամօ՛թ, ամօթ“ բացագանչեցին, երբ լսեցին այս լուրը: Անոնք փորձեցին մօտենալ պանդոկին մուտքին, սակայն ոստիկանները արգիլեցին:
“Թուրքիան հերթական անգամ ապացուցեց, որ վախկոտ է, որ վախենում է առճակատուել պատմութեանը, որ վախենում է կանգնել ու բաց աչքերով նայել Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգներին: Քանի դեռ Թուրքիան չի ճանաչել

Ցեղասպանութիւնը, միշտ էլ յետամուտքով է մտնելու, միշտ էլ փախեփախ է ման գալու: Թող իմանան, որ մենք պահանջատէր ենք: Եթէ այսօր մենք չկարողացանք իրաւունքով կամ միջազգային հանրութեան ճնշումով հասնել պատմութեան արդարութեանը, մեր թոռները վաղը զէնքով են հասնելու դրան“, յայտարարեց ՀՅԴ “Նիկոլ Աղբալեան“ ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեանը:davutoglu protest4

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Հայաստան այցելութիւնը: Դեկտեմբեր 12ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն յոյս ունի, որ այս այցելութիւնը կարելիութիւններ կը ստեղծէ երկխօսութիւն սկսելու երկու կողմերուն միջեւ, տարածաշրջանային շարք մը հարցերու շուրջ:
“Կը շարունակենք Թուրքիոյ եւ Հայաստանին կոչ ընել, որ ստորագրեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով գոյացած արձանագրութիւնները ու շօշափելի քայլերու ձեռնարկեն, ինչպէս օրինակ` սահմաններու բացումը, որուն շնորհիւ պիտի ամրապնդուի երկու դրացի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, պիտի ստեղծուին աշխատատեղիներ եւ նոր հնարաւորութիւններ քաղաքացիներուն համար“, եզրակացուց Փսաքի:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles