ԳլխաւորԼրահոս

ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆ-ՊԱՏՄԱԲԱՆ ժԵՌԱՐ ՇԱԼԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

ՓԱՐԻԶ․- Օգոստոս 20-ին, իր մահկանացուն կնքեց, հանրածանօթ վերլուծաբան-պատմաբան Ժեռար Շալեանը։ Ծնած՝ Պրիւքսել, 15 Փետրուար 1934-ին, ան 1975-ին իր աւարտաճառը կատարած էր Սորպոն համմալսարանին մէջ։ Երրորդ աշխարհի երկիրներու յեղափոխական շարժումներու մասնագէտ, ան նախապէս պայքարած էր Ալճերիոյ անկախութեան համար եւ յատկապէս կիզակէտ ունէր Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանը։

Շալեան աւելի քան քսան տարի ապրեցաւ տասնեակ մը զինեալ յեղափոխական շարժումներու կողքին՝ չորս ցամաքամասի վրայ՝ Փորթուկալական Կինէայի մէջ՝ Ամիլքար Քապրալի հետ, Հիւսիսային Վիեթնամի, Քոլոմպիոյ, Լիբանանի մէջ եւ այլուր։ Ան մանրամասնօրէն մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ապագաղութացման շարժումներու եւ յեղափոխական զօրքերու մասին։

Ըլլալով հայոց ցեղասպանութէնէն ճողոպրած ժառանգորդի զաւակ, Շալեան գործեց հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան ի խնդիր՝ Իվ Թերնոնի հետ հեղինակելով «1915, Հայոց ցեղասպանութիւնը» կարեւոր աշխատութիւնը, նպաստելով այդ սեւ էջի ճանաչման։

Քանի մը տասնեակ ուսումնասիրութիւններ պատրաստած եւ նոյնիսկ բանաստեղծութիւններ (La Marche Têtue, «Յամառ Երթը») լոյս ընծայած, ան նաեւ մօտէն կը հետեւէր հայ դատին։

Նաեւ, ան դասաւանդած էր Հարվըրտի, Եու․Սի․էԼ․էՅ․-ի եւ Պըրքլիի համալսարաններէն ներս։

Վերջին ամիսներուն, Փարիզի հիւանդանոցին մէջ, անկողինի կը ծառայէր եւ լրագրողի մը յայտնած էր․- «Յոգնած եւ ուշակորոյս եմ։ Պատրաստ եմ մեկնելու»։

Advertisement Subscribe Today

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button