Գլխաւոր

Վերելքի Յոյսե՞ր

Իոաննիս Քաբոտիստրիաս

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Աթէնք, 29 Մայիս 2026

Հասարակութիւններու փափաքները, գիտակցաբար կամ ոչ, կը գոյանան կեանքի առարկայական եւ ենթակայական պայմաններէն, համաձայն ընկերային զանազան հոսանքներու հաւաքական խիղճէն, կեանքի նիւթական կարիքներէն եւ կարեւոր չափով ալ իւրաքանչիւր հոսանքի ի գործ դրած քարոզչական աշխատանքի որակակական ու քանակական ներդրումներէն: Հաւաքական կամքի կերտիչը կը հանդիսանան յաճախ մշակոյթով արտայայտուող գաղափարները, տիպարները, գործողութիւններն ու կացութիւնները, հասարակութիւնը յատկանշող արժեհամակարգի հիմնական տարրերը:

Անցեալ տարուայ վերջաւորութեան Յունաստանի շարժապատկերի սրահները ողողուեցան երկար ատեն պատրաստուող ժապաւէնի մը ցուցադրութեամբ, որ կը կրէր «Քաբոտիստրիաս» անունը: Իոաննիս Քաբոտիստրիաս անունը 18-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 19-րդ դարու առաջին երեսնամեակի ժամանակաշրջանին ապրած յունական սփիւռքի անդամներէն մէկն էր, որուն վիճակուեցաւ դառնալ նաեւ ի՛ր ճիգերով անկախ պետութիւն դարձած Յունաստանի առաջին կառավարիչը, այդ պաշտօնին հրաւիրուած ըլլալով Ազգային 3-րդ համաժողովին կողմէ՝ զինք օժտելով լայն լիազօրութիւններով:

Կառավարիչը պատահական մէկը չէր: Ան եւրոպական քաղաքական բեմին վրայ նշանաւոր ու յաջող դիւանագէտներէն մէկն էր: Ատենին եղած էր Յունաստանի արեւմտեան կղզիներու եօթնեակի կազմակերպիչը, երբ անոնք ազատագրուած էին Վենետիկի տիրապետութենէն: Յետոյ մխրճուած էր ատենուայ մեծ քաղաքականութեան քուլիսներու մէջ: Վիեննայի համաժողովի ընթացքին կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ. այդ ժողովին կը մասնակցէր ռուսական կայսրութեան ղեկավարին՝ Աղեքսանտր կայսեր իբրեւ ներկայացուցիչ ամիսներ տեւող միջազգային հանդիպման ներկայանալով իբրեւ եւրոպական քաղաքականութեան ուժեղ անհատականութիւն՝ Մեթերնիխի գլխաւոր մրցակիցը: Ժողովի աւարտէն ետք Քաբոտիսդտրիաս անցաւ քաղաքացիական բախումներու թատերաբեմ հանդիսացող Զուիցերիա, դառնալով անոր խաղաղեցման հիմնական դերակատարներէն մէկը եւ Համադաշնակցութիւնը օժտելով նոր սահմանադրութեամբ: Ատեն մը ստանձնեց ռուսական կայսրութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Ինք սկիզբէն զգուշացուցած էր զինք չափազանց գնահատող կայսրը նշելով, որ իր պաշտօնէն պիտի հրաժարի, եթէ իր հայրենիքը՝ Յունաստանը պէտք ունենայ իրեն: Երբ Յունաստանէն հրաւէրը եկաւ, ան առանց տատամսելու ստանձնեց այդ պարտականութիւնը: Ինք պայման դրաւ առանց վարձատրութեան աշխատելու: Ընդհակառակը, ան ի սպաս երկրին տրամադրեց իր ընտանիքի ոչ արհամարելի հարստութիւնը: Իր նպատակը նորանկախ երկիրը արագ քայլերով արդիական երկրի մը վերածելու ներքին գրաւին իրականացումն էր: Առաջին գործը պիտի ըլլար դպրոցական ընդարձակ ցանցի մը կազմակերպումը եւ պետական կարեւոր կառոյցներու հիմնումը, ինչ որ կը կարօտէր շօշափելի պիւտճէի: Չվարանեցաւ դիմելու իր զուիցերիացի բարեկամներուն: Այս գործունէութիւնը կը գոհացնէր հասարակութիւնը, սակայն նոյն պատճառով ազատագրական պայքարը վարած կարեւոր հատուած մը դժգոհ մնաց կառավարիչի ժողովրդականութեան վերելքէն: Քաբոտիստրիասի դէմ դժգոհութիւնը հետզհետէ բարձրացաւ եւ ան ահաբեկուեցաւ դժգոհ ընտանիքի մը անդամներէն Նաֆբլիոն մայրաքաղաքի մայր եկեղեցիի դրան առջեւ: Յատկանշական էին գործող երեք կուսակցութիւններու անունները: Անոնք կը կրէին ֆրանսական, անգլիական եւ ռուսական կուսակցութիւն անունները. պէտք է խոստովանիլ, որ ասոնք բաւական անկեղծ անուններ են. մեր օրերուն, համեմատաբար տկար պետութիւններններու մէջ վերոյիշեալ նոյն ուժերուն ծառայող քաղաքական հոսանքներ կը կրեն աւելի նկարչագեղ անուններ: Ոճրային յանցանքի նետուած սլաքները կ’ուղղուէին դէպի անգլիական դեսպանատուն:

Ժապաւէնի բեմադրիչն էր Եաննիս Զմարաղտիս, որ անցեալի մէջ արդէն քանի մը ժապավէններու հեղինակն էր. Քազանծաքիս, Քավաֆիս, Էլ Կրէքօ եւն: Մէկ խօսքով՝ հին նշանաւոր դէմքերու կենսագրութիւններ: Նոյն բեմադրիչը կը պատրաստուի բեմադրել Յունաստանի ազատագրական մարտի առասպելական առաջնորդ Թէոտորոս Քոլոքոթրոնիսի կեանքն ու գործը ներկայացնող ժապաւէն մը:

«Քաբոտիստրիաս»-ը մէկ ամսուայ ընթացքին դիտեցին աւելի քան եօթ հարիւր հազար հանդիսատեսներ, ինչ որ Յունաստանի տուեալներով բացառիկ երեւոյթ էր: Կը կարծուի, թէ ժապաւէնը որոշ չափով բարձրացուց յոյներու ազգային գիտակցութիւնը, որ բաւական տուժած էր համաշխարհայնացման եւ յատկապէս եւրոպականացման մշակութային մամլիչներու ճնշումին պատճառով:

Advertisement Subscribe Today

Երեւոյթը կը խոստանայ կրկնուիլ այս անգամ Ֆրանսայի մէջ ա՛լ աւելի մեծ արձագանգով: Օրեր առաջ Քաննի փառատօնի ծիրէն ներս, բայց մրցանքին զուգահեռ, ներկայացուեցաւ Անթոնէն Պոտրիի «Տը Կօլի կռիւը» ժապաւէնի առաջին բաժինը, որ արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն: Տը Կօլը կը մարմնաւորէ Սիմոն Աբգարեան, որ ակնբախօրէն յուզուեցաւ իր մեկնաբանութեան համար արտայայտուած երկար ծափողջիւններէն: Նիւթը համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Տը Կօլի գրաւուած Ֆրանսայի ազատագրութեան համար տարած անյուսալի պայքարն էր, որ ի վերջոյ պսակուեցաւ յաղթանակով, ի միջի այլոց ու մանաւանդ շնորհիւ անոր ուժեղ անհատականութեան:

Կարելի է մտածել, որ քաղաքական Արեւմուտքը ծարաւը ունի այլեւս քաղաքական ուժեղ նկարագիրներու, որոնք երկար ատենէ ի վեր անհետացած են հրապարակէն. կը վխտան միջակութիւններն ու տժգոյն դէմքերը: Արդարեւ ո՞ւր մնացին Ֆրանսուա Միթըրանը, Ժորժ Փոմփիտուն, Պրունօ Քրայսքին ու Օլոֆ Փալմէն, Վիլլի Պրանտն ու Հելմութ Շմիթը, Հելմութ Քոհլն ու Անկելա Մերքելը: Ասոնցմէ շատեր միաժամանակ միջազգային քաղաքական բեմին վրայ էին յարգանք պարտադրելով նոյնիսկ իրենց երկիրներու սահմաններէն անդին: Այսօր նայուածքդ դէպի որ կողմն ալ ուղղես, վկան կ’ըլլաս նոյն տափակութեան, անկարողութեան ու կը հանդիպիս տագնապալի դէմքերու, որոնք չեն ցոլացներ մարդկութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն դէմ ծառանալու ունակութիւն եւ կամք: Աշխարհը խեղճացած կը ներկայանայ, առանց տեսլականի, հեռանկարի, համակերպած ընդունելու այն աղէտները, որոնք մարդկութիւնը տարերային ձեւով կ’առաջնորդեն դէպի անդունդ:

Հետեւաբար մեր օրերուն զարմանալի չէ, որ ատենէ մը ի վեր լուսանցքային պետութիւններու, անոնց մէջ պէտք է դժբախտաբար ի նկատի ունենալ նաեւ մեր հայրենի պետութիւնը, որ յամառօրէն կը ղեկավարուի ոչնչութիւններու կողմէ, որոնք յաւակնութիւնը ունին երկիրը յաւերժօրէն պահել վայրէջքի ընթացքի մէջ հասարակութիւնը նետելով միջազգային դրամագլուխի երախը աննախընթացօրէն բարձրացնելով յատկապէս արտաքին պարտքը ու աջուցախ կը սփռեն հայրենիքի կտորները: Մեր հայրենիքը աւելի կարող խնամակալներուարժանի է. այդ կարողականութիւնը ունի՛ ան իր ծոցին մէջ: Միջազգային միջակութիւնը վարակած է նաեւ Հայաստանը: Փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի: Այլապէս վերջաւորութիւնը մերկ աչքով արդէն տեսանելի է:

Քաբոտիստրիասի եւ Տը Կօլի մասին ժապաւէնները յոյսի ճամբան կը բանան նաեւ բազմաթիւ օրինակելի մարդոց մասին գեղարուեստական շարժապատկերային ներկայացումներու պատրաստութեան: Պէտք է ըսել, որ գեղարուեստը, յատկապէս՝ ժողովրդայինը, քարոզչական ուժեղ զէնք է. իսկ ժողովրդային հերոսներու տիպարները այլազան են ու դաստիարակիչ. անոնք ի վիճակի են չէզոքացնելու համաշխարհայնացման պատճառած մշակութային միօրինակութիւնը, որ զգալի կերպով արժեզրկեց հին քաղաքակրթութիւններէն մնացած արժէհամակարգերու տակաւին պիտանի բազմաթիւ տարրերը, որոնք կը կազմեն մարդկային կեանքի աղն ու պղպեղը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button