ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
Յունուար 12, 2010-ին, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին կատարած յայտարարութիւնը կը յիշեցնէ Հոկտեմբեր 10, 2009-ի Ցիւրիխի ստորագրութիւններու օրը, երբ արձանագրութիւններու պաշտօնական հանդիսութիւնէն ժամեր առաջ իսկ, հայկական կողմը կը փոխանցէր ու կ՛արտայայտէր վերապահութիւններ եւ մտահոգութիւններ, գործի լծելով յատկապէս Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը, որ ժամեր խլող վայրկեաններ շարունակ, մերթ բջիջային հեռաձայններու եւ մերթ ռուս պաշտօնատարներու օժանդակութեամբ, փորձէ հարթել մետասաներորդ պահուն ցցուած անակնկալ խոչընդոտները:
Եթէ Սահմանադրական դատարանին կատարած ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ սպասելի էր, սակայն նոյնքան ալ սպասելի չէր — ընդհակառակը, անակնկալ էր — եւ գէթ ողջունելի` ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ:
Դեռ շատ մելան պիտի հոսի: Փաստը` քովի սիւնակները, որոնք կը ներկայացնեն կարծիքներ, մտահոգութիւններ, խոհեր, խորհրդածութիւններ, եզրակացութիւններ եւ դեռ…
Առանց դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ Հայաստանի ապաշրջափակման հարցին, արձանագրութիւններով նշուած մնացեալ պարտաւորութիւնները պարզապէս գործադրելի չեն կրնար ըլլալ: Այս կը վերահաստատէ արդէն առանց նախապայմաններու միջպետական յարաբերութիւններու ձեռնարկման հայկական կողմի մօտեցումը:
Իսկ Արցախի թղթածրարը որեւէ ձեւով չ՛առնչուիր այս արձանագրութիւններուն:
Բաւարար է հաստատել եւ եզրակացնել, թէ արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան համապատասխանութիւնը որոշելով հանդերձ, Սահմանադրական դատարանը իրաւական եզրաբանութիւններով, որոշ չափով արգելք կը հանդիսանայ եւ կը կաշկանդէ թրքական կողմի նախապայմաններուն դէմ դրուած հայկական կողմին որեւէ քայլ առնելը:
Արձանագրութիւններուն թղթածրարին պատշաճ պաշտօնականացումը, կ՛ընթանայ հետեւեալ ուղղութեամբ.- Սահմանադրական Դատարանը համապատասխան վճիռով, սոյն թղթածրարը կը յղէ խորհրդարան:
Այսպէս Ազգային Ժողովը իր կարգին կը քննէ հարցն ու վաւերացման գործընթացը:
Կը թուի թէ “ֆութպոլային քաղաքականութեան” ճանապարհային քարտէսին ընթացքը դարձ-դարձիկ ու դանդաղ է… եւ հարուստ` տեղքայլով:

