Արուեստ Եւ Մշակոյթ

ՎԵՐ­ՋԻՆ ՀՐԱ­ԺԵՇՏ` ԱՐԱՄ ՂԱ­ՐԱ­ԲԵԿ­ԵԱ­ՆԻՆ

 Aram-GHARAB Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան, մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղոս­եան, մե­ծա­թիւ ար­ուես­տա­գէտ­ներ եւ ար­ուես­տա­սէր­ներ Յուն­ուար 29-ին վեր­ջին հրա­ժեշտ տուին Հա­յաս­տա­նի ար­ուես­տի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ, “Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի“ մե­տա­լա­կիր, ան­ուա­նի գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վար Արամ Ղա­րա­բեկ­եա­նին: “Արամ Խա­չատր­եան“ հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան արա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, ար­ուես­տա­գէտ­ներ եւ Արամ Ղա­րա­բեկ­եա­նին ար­ուես­տը գնա­հա­տող մար­դիկ` իրենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լով տա­րի­ներ շա­րու­նակ հայ­րե­նի­քի մէջ բե­ղուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ծա­ւա­լած խմբա­վա­րին: Արամ Ղա­րա­բեկ­եա­նին թա­ղու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­յին պան­թէ­ո­նին մէջ: Վաս­տա­կա­ւոր խմբա­վա­րը յան­կար­ծա­մահ եղած էր Յուն­ուար 11-ին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ուր­կէ անոր մար­մի­նը փո­խադր­ուած է Երե­ւան:

Հրա­ժեշ­տի արա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­սան­ուած խօս­քե­րուն մէջ անդ­րա­դարձ կա­տար­ուե­ցան Ղա­րա­բեկ­եան ար­ուես­տա­գէ­տի ան­սահ­ման տա­ղան­դին եւ մարդ­կա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րուն: Երաժշ­տա­հան Տիգ­րան Ման­սուր­եան թէ­եւ չկրցաւ ներ­կայ գտնուիլ հրա­ժեշ­տի արա­րո­ղու­թեան, որով­հե­տեւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ կը գտնուէր, այն­ուա­մե­նայ­նիւ, ցա­ւակ­ցա­կան նա­մակ յղած էր Ղա­րա­բեկ­եա­նի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն եւ ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին: “Այ­սօր դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն կ՛ու­ղե­ւոր­ուի պայ­ծառ հա­յոր­դի, որ հայ երաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թի ան­դաս­տա­նին մէջ իր փայ­լուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը ծա­ւա­լեց անմ­նա­ցորդ եւ հա­ւա­տա­րիմ ձե­ւով: Ան եղաւ իր ծրա­գիր­նե­րուն, իր առ­ջեւ դրուած պա­հանջ­նե­րուն խո­նարհ են­թա­կան, բազ­մա­թիւ ու­րա­խու­թեան պա­հեր նուի­րեց թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար երաժշ­տա­սէր հան­րու­թեան‘ ներ­կա­յաց­նե­լով հայ երաժշ­տա­կան ար­ուես­տը տար­բեր կեդ­րոն­նե­րու մէջ: Բո­լո­րիս հա­մար մեծ կո­րուստ է Ղա­րա­բեկ­եա­նի մա­հը“, վկա­յած էր Ման­սուր­եան:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button