Փետրուար 19-ին, Հայաստանի շարժապատկերի միութեան տան (Կինոյի տուն) մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Գերմանիոյ մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, մտաւորական, պատմաբան ու քաղաքական գործիչ Վահան Հովհաննիսեանի 70-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոն:
Ուղերձով խօսք առաւ TV 5 հեռատեսիլի ընկերութեանբ գործադիր տնօրէն Յարութիւն Յարութիւնեանը՝ նշելով, որ մեծ պատիւ էր իր բարեկամը այնպէս ներկայացնել, որ անոր արժէքը մնայ սերունդներուն համար։ Ան ընդգծեց, թէ Վահան Յովհաննիսեան իրեն համար եղած է աւագ եւ մեծ բարեկամ, եւ ինք բախտաւոր կը զգայ «Ձեր՝ Վահանը» ժապաւէնը նկարահանելու պատուին արժանացած ըլլալուն համար։
Վահան Յովհաննիսեանի կերպարը մարմնաւորած է Պարոյր Սանթրոսեանը։Բեմադրիչն է Մարիամ Եգորեան, իսկ բեմագրութիւնը կատարած է Լեւոն Գալստեան։
Ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք յուշերով հանդէս եկան Վահան Յովհաննիսեանի կուսակցական ընկերները՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, այժմու ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը, ինչպէս նաեւ Վահան Յովհաննիսեանի քոյրը՝ Վիքթորիան։ Անոնք ներկայացուցին անոր պատանեկան տարիներէն մինչեւ արցախեան ազատագրական շարժման եւ քաղաքական բուռն գործունէութեան շրջանը։
Բազմաթիւ հիւրեր լրագրողներուն հետ զրոյցներու ընթացքին յուշեր պատմեցին։ Անոնց շարքին էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Յակոբ Տեր Խաչատուրեան, Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, մշակոյթի նախկին նախարար Ռոլանտ Շառոյեան, պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Արտակ Զաքարեան:
Երեկոյի ընթացքին ծածանուեցաւ այն նոյն դրօշը, որ 12 Դեկտեմբեր 1997-ին, Հ.Յ.Դ.-ականներու դէմ կայացած ապօրինի դատավարութեան ժամանակ, դատարանի դահլիճին մէջ ծածանած էին Վահան Յովհաննիսեանն ու Արմէն Ռուստամեանը՝ ի նշան ազատութեան։ Խորհրդանշական էր, որ նոյնիսկ դատարանի դահլիճին մէջ անոնք կարողացած էին դրօշը դուրս բերել վանդակէն եւ ծածանել՝ որպէս յիշեցում, թէ ազատութեան խորհրդանիշը երբեք չի կրնար փակուած ըլլալ սահմանափակումի մէջ։
Յիշուեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի այն խօսքը.
«Թող այս դրօշը ձեզ ուժ եւ կորով տայ ճիշտ այնպէս, ինչպէս դժուար պահուն ուժ տուաւ ինծի եւ իմ ընկերներուս»։
Միջոցառման աւարտին ելոյթ ունեցաւ վաստակաւոր արուեստագէտ Շուշան Պետրոսեանը՝ կատարելով «Երազի իմ երկիր հայրենի» երգը։

