Յօդուածներ

Սոֆիա Վարդանեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ «Պոսթըն Փոփս»-ի Հայկական Յատուկ Երեկոյին

 


Շաբաթ Մայիս 23-ին, 73-րդ անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Պոսթըն Փոփս»-ի հայկական յատուկ երեկոն, հռչակաւոր «Սիմֆընի Հոլ» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին (Friends of Armenian Culture Society):

Ջութակահար  Սոֆիա Վարդանեան պիտի ըլլայ օրուան հրաւիրուած երիտասարդ աստղը։

Ծնած՝ 1999-ին Երեւանի մէջ՝ երաժիշտներու ընտանիքի մը մէջ, Սոֆիա եօթը տարեկանին սկսած է ջութակ նուագել։ Ան ուսանած է Երեւանի «Չայքովսկի»-ի անուան շնորհալի երեխաներու երաժշտական դպրոցին մէջ՝ փրոֆ. Ալեքսանտր Քոսեմեանի մօտ (2007–2014), ապա փրոֆ. Արտաշէս Մկրտչեանի ղեկավարութեամբ (2014–2017)։

Սոֆիա Երեւանի տարբեր համերգասրահներու մէջ ամէն տարի մասնակցած է մենահամերգներու։ 2012 թուականին ան մասնակցած է Երիտասարդ երաժիշտներու եւ կատարողներու 2-րդ միջազգային «Նոր Անուններ» փառատօնին՝ ելոյթ ունենալով Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին եւ Հայաստանի Պետական Քամերային Նուագախումբին հետ։ 2015-ին ան մասնակցած է քամերային համերգի մը՝ Երեւանի 9-րդ Միջազգային Երաժշտական Փառատօնի ծիրին մէջ, համագործակցելով նշանաւոր ջութակահարներ Իտա Քաֆաֆեանին եւ Լեւոն Չիլինկիրեանին հետ։

Սոֆիա մասնակցած է վարպետութեան դասընթացքներու, որոնք վարած են հանրածանօթ երաժիշտներ՝ Քիմ Քաշքաշեան, Ժոզէֆ Ռիսին, Տայշին Քաշիմոթօ, Պորիս Պրովցին, Աքիքօ Սուվանայ, Փաւել Վերնիքով, Անի եւ Իտա Քաֆաֆեաններ, Ֆրանք Փեթըր Ցիմըրման եւ ուրիշներ։

Advertisement Subscribe Today

2016-ին, Եւրոպայի Օրուան տօնակատարութեան առիթով, Սոֆիա Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին հետ կատարած է Պախի կրկնակի Քոնչերթոն՝ մաեսթրօ Էտուարտ Թոփճեանի ղեկավարութեամբ։

2015 թուականէն սկսեալ Սոֆիա մասնակցած է Երեւանի Միջազգային Երաժշտական Փառատօնի քամերային երաժշտութեան համերգներուն։ Կատարուած գործերէն էին՝ Պրամսի առաջին Սեքստեթը, Շոսթաքովիչի դաշնամուրի քուինթեթը, Տվորիաքի լարային թրիոն, Չաուշեանի Լարային Քառեակ թիւ 6-ը եւ այլ ստեղծագործութիւններ, որոնք ներկայացուած են հանրածանօթ երաժիշտներու հետ համագործակցութեամբ։

2017-ին Սոֆիա հրաւիրուած է նշանաւոր գերմանացի թաւջութակահար Եան Ֆոկլըրի կողմէ՝ մասնակցելու Մորիցպուրկի միջազգային երաժշտական փառատօնին։ Ան մասնակցած է տասնօրեայ նուագախմբային աշխատանոցին, ինչպէս նաեւ քամերային երաժշտութեան համերգներուն։ Ան արժանացած է սոյն փառատօնի մրցանակին՝ Միքլոշ Ռոժայի երկու ջութակներու «Սոնաթ»-ին   մեկնաբանութեան համար։

2017-ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 2022 Սոֆիա ուսանած է Գերմանիոյ Տեթմոլտի Երաժշտութեան բարձրագոյն դպրոցին (Hochschule für Musik Detmold) մէջ՝ փրոֆ. Մարիա-Էլիզապէթ Լոթի մօտ։

Յատկապէս յիշատակելի է Սոֆիայի մենակատարութիւնը 2018-ին Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին հետ, երբ ներկայացուցած է Ռավելի «Ցիկան»-ն ու Եդուարդ Միրզոյեանի «Փերփեթում Մոպիլէ» ստեղծագործութիւնները։

2019-ին Սոֆիա Վարդանեան մասնակցած է Քրոնպերկի Աքադեմիայի վարպետութեան դասընթացքներուն՝ փրոֆ. Փավել Վերնիքովի ղեկավարութեամբ, իսկ 2019–2022 տարիներուն մասնակցած է նաեւ Իտալիոյ Պերկամոյի Academia Musicale Santa Cecilia-ի վարպետութեան դասընթացքներուն։

2020-ին ան իր ուսանող ընկերներուն հետ հիմնած է IDEA լարային քառեակը եւ մասնակցած է Գերմանիոյ Պատ Տրիպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած փառատօնին՝ արժանանալով բարձր գնահատանքի։

2022-ի Սեպտեմբերէն սկսեալ Սոֆիա Վարդանեան կը շարունակէ իր ուսումը Վիեննայի Musik und Kunst Privatuniversität (MUK) համալսարանին մէջ՝ ERASMUS ծրագրով։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button