
Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Տիթրոթի Սուրբ
Սարգիս Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ.
Հրանդ Քհնյ. Գէորգեանի եւ հոգաբարձութեան, ուրբաթ երեկոյ
ժամը 7:00ին. Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Սուրիոյ հայ գաղութի խաղաղութեան համար, եւ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին զոհուած 20 հայորդիներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ անհետացած հայորդիներու ազատ արձակման համար
հոգեհանգստեան արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ:
Յատուկ հրաւիրագիրներ ուղղարկուած էին գաղութիս մէջ
գործող յարանուանութեանց հոգեւոր հայրերուն եւ իրենց համայն
քի զաւակներուն: Ներկայ էր Հայ Աւետարանական Համաշխար
հային Խորհուրդի ատենապետ` Տիթրոյիթի Հայ Աւետարանական
Եկեղեցւոյ պատուակալ, եւ ներկայիս գործօն հոգեւոր հովիւ Վերպ.
Դոկտ. Վահան եւ երէցկին Թութիկեան:
Սուրբ. Վարդան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ
Գրպտ.Անտոն Ծ. Վրդ. Ադամեան քաղաքէն բացակութեան պատ
ճառով ներկայ չի կրցաւ գտնուիլ: Ներկայ էին շուրջ հարիւր հաւատաց
եալներ, որոնք մասնակցեցան ՛՛ Սաղմոսներու՛՛ եւ ՛՛Հաւատով Խոտովանիմ՛՛ աղօթքներու ընթերցանութեան:
Խաղաղութեան ժամերգութեան եւ հոգեհանգստեան արարո
ղութենէն ետք, երկու լեզուներով օրուայ պատշաճը հրետո
րաշունչ ոճով իր հայրական պատգամը փոխանցեց Վերպ. Տոքդ. Վա
հան Թութիկեան: Ապա,ի նպաստ Սուրիոյ հայ համայնքի համար եկեղեց
ւոյ մէջ դրամահաւաք տեղի ունեցաւ: Տէունական Աղօթքի երգեցողութեամբ իր աւարտին հասաւ ՛՛Խաղաղական՛՛ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Ապա ժողովուրդը կատարեց մոմավառութիւն: Այնուհետեւ ժողովուրդը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ յարակից ՛՛Լիլիըն Առաքելեան՛՛ սրահը, ուր եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը պատշաճ հիւրասիրութիւն մը պատրաստած էր:
Հիւրասիրութենէ ետք, Շանթ ժամկոչեան սահիկներով
ցոյց տուաւ Հալէպի հայածոյ շրջաններու մէջ գործող եկեղեցական,
ազգային, բարեսիրական, կրթական, եւ մարզական կառոյցները,
ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ռմբակո
ծութեան թիրախ դարձած եւ փուլ եկած շէնքերը եւ վնասուած բնա կարանները:
Ստորեւ, Դոկտ. Վահան Թութիկեանի խօսքը.-
Այս երեկոյ հաւաքուած ենք այստեղ յիշելու հա
մար այն 20 հայորդիներ, որոնք մեռան եւ իրենց կեանքը կորսն
ցուցին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին:
18-ը ամիս, երկար ամիսներ են, մէկուկէս տարիէ ի վեր մեր
ժողովուրդը իր երկրորդ հայրենիք Սուրիոյ մէջ, քաղաքացիական
պատերազմի պատճառով կը տառապի: Ես քաղաքական իրա
վիճակին մասին ոեւէ ակնարկութիւն պիտի չկատարեմ, թէ ով է
մեղաւորը, եւ կամ թէ ով է յաղթողը, այս պահուն մեզ չեն հետա
քրքրեր, մեզ հետաքրքրողը այն է որ ունիք բաւական մեռեալներ, ու
անհետացածներ որոնց ճակատագիրը անորոշ է, անոնց շարքի կը
գտնուի Քեսապցի հայրենակիցներէս մին, եւ ատոր պէս շատեր:
Քաղաքացիական պատերազմի ստեղծած անորոշութեան
պատճառով ստեղծուած է խուճապ, հոգեբանական խուճապ մը
Սուրիոյ հայաշատ շրջաները, մայրաքաղաք Դամասկոս, Հալէպ,
Հասիրճէ, Քամիշլի, Համա, Քէսապ, եւ լաթաքա եւ այլ շրջաններու մէջ:
Սիրելիներ անոնք որոնք տառապանք տեսած են կրնան զգալ
այդ հոգեբանական ծանրութիւնը: Մենք տառապող ժողովուրդ ենք,
կը զգանք ու կը սգանք, որովհետեւ կորուստը որ արձանագրուեցաւ
իրապէս մեզի համար շատ կարեւոր է: Բայց կ`ուզեմ ըսել, թէեւ կը
սգանք, բայց մենք սգացող ժողովուրդ չէնք, մենք գիտենք լալ, սա
կայն լալկան ժողովուրդ չէնք, մենք գիտենք մեր արցունքներէն ծիա
ծաններ շինել: Եւ մենք մեր փոթորկալոյս ծովուն մէջ իսկ կրնանք
երգել ու ըսել.-
Երբ ալեկոծ ծովու վրայ
Իմ մակոյկը խորըտակուի,
Ես փրփրադէզ ալեաց մէջը
Դեռ իմ յոյսը չեմ կտրի…
Մենք այս տեսակ ժողովուրդ ենք ու կը հաւատանք որ փոթոր
կալից ձմեռներէն ետք պիտի գայ պայծառ գարունը: Մութ գիշեր
ներէն ետք անպայման պիտի ծագի արշալոյսը, եւ կը հաւատանք որ
պիտի գայ:
Կ՛աղօթենք որ Աստուած շուտով խաղաղութիւն բերէ մեր
սիրելի երկրորդ Հայրենիքին Սուրիոյ եւ մեր ժողովուրդին, ինչպէս
նաեւ Սուրիոյ հիւրընկալ Արաբ ժողովուրդին: Երկրորդ հայրենիք
կ`ըսեմ որովհետեւ ես Քէսապցի եմ եւ Սուրիացի, կը սիրեմ իմ ծնն
դավայրս Սուրիան, նոյնպէս նաեւ Միացեալ Նահանգները իմ եր
կրորդ հայրենիքս:
Սիրելիներ, Սուրիահայ զոհերը միայն յիշել ու ոգեկոչել չի
բաւէր, մենք այսօր գործ ունինք կատարելիք, որովհետեւ Սուր
իոյ տարածքին ապրող մեր եղբայները եւ քոյրերը տառապանքի
մէջ են, մեզմէ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է օգնութեան
ձեռք երկարել կարօտեալին: Կան հիւանդներ որոնք պէտք ունին
հիւանդանոցի ու բուժումի, կան ընտանիքներ որոնք մնացած են
անտուն, աղքատներ ու անօթիներ որոնց պէտք է կերակրել, կան
զոհուածներ որոնք իրենց ետին թողած են սիրելիներ, որբ եւ այրի
ներ, որբեր ու որբուհիներ: Ինչ տեսակ խիղճ պէտք է ունենայ հայը,
եթէ իր ձեռքը չերկարէ իր կարօտեալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Այս երեկոյ, այս մեր հաւաքը մարտահրաւէր է , ՛՛Ով որ քաջ է
ինչ կը սպասէ՛՛: Այսօր պիտի ըսենք ՛՛Ով որ Հայ է ինչ կը սպասէ՛՛:
Աստուած իմաստութիւն եւ երկնային շնորհք տայ, որպէսզի
կարենանք մեր սիրտը բանալ, մեր գրպաները բանալ եւ մեր կարե
լին տալ մեր սիրելի Սուրիոյ հայրենակիցներուն:
Աստուած օրհնէ մեր սիրելի հայրենիքը որուն վերանկախաց
ման 21-րդ տարեդաձն է այսօր: Աստուած օրհնէ նաեւ մեր երկրորդ
հայրենիքը Սուրիան ուկէ ես, եւ ձեզմէ ոմանք եկած են:Եւ Աստուած
օրհնէ մեր ժողովուրդը Հայրենիք, Արցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի…
Ամէն:
Անդրանիկ Գարատօլեան
ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԻ ՆՈՐ ՀՈՂԱՇԵՐՏԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, Հոկտեմբեր 21, 2012-ին, նախաձեռնութեամբ Տիթրոյթի »Հայ Կեդրոն«ի վարչութեան, եւ Սուրբ Սարգիս Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգե
ւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան, տեղի պիտի ունենայ Նովայ քաղաքէն ներս գտնուող հողա
շերտի օրհնութիւն, ձեռամբ` Հիւսիւսային Ամերիկայի
Արեւելեն Թեմի Բրձրշ. Առաջնորդ` Տ. Օշական Արք.
Չօլոյեանի:
Այս ուրախ առիթով հրաւիրուած է գաղութի հայորդի
ները խուռներամ շարքերով ներկայ գտնուելու ապագայ
սերունդին համար կառուցուող հողաշերտի օրհնութեան
արարողութեան: