
Լենա Հալաճեան
Մօտ մէկ տարի առաջ, երբ սուրիացիներու գլխաւոր հոսքը հասաւ Գանատա, օդակայանին մէջ զիրենք դիմաւորեց երկրի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն` նուիրելով բաճկոններ եւ ձմեռնային կօշիկներ:
Միջազգային ու հայկակական լրատուամիջոցները, հասարակական ցանցերը, ամիսներ շարունակ, բազմալեզու յօդուածներով ու տեսաերիզներով գովքը հիւսեցին վերոնշեալ աննախադէպ նախաձեռնութեան:
Մինչդեռ աշխարհի արեւելեան «խուլ» անկիւն մը, ոչ թէ Գանատայի նման ովկիանոսէ ովկիանոս երկարող տարածքին մէջ, կայ փոքրիկ, նորանկախ երկիր մը` թշնամին իր փակ սահմաններու ետին, որ հինգ տարի է, որ ջանք չի խնայեր տեղահանուած իր զաւակները ամրապնդելու հայրենի հողին վրայ:
Այդ երկրի անունը ՀԱՅԱՍՏԱՆ է` բոլոր հայերուն հայրենիքը:
Բազում եւ բազմապիսի օժանդակութիւններէ` Սեպտեմբեր 1-ին ընդառաջ, այսօր կ’անդրադառնա՛նք միայն Հայաստանի կրթօճախներուն մէջ ուսանող սուրիահայերուն տրուող օժանդակութիւններուն:
Սուրիական պատերազմի հինգերորդ ուսումնական տարեշրջանին Հայաստանի կրթահամալիրներուն մէջ կ՝ուսանին շուրջ 2300 աշակերտներ եւ ուսանողներ` 550 երեխաներ մանկապարտէզներու մէջ, որոնց շուրջ 200-ը ծնած են Երեւանի մէջ: 1200 աշակերտներ հիմնական եւ աւագ դպրոցներու մէջ: 480 ուսանողներ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
Առաջին երկու խումբերուն ծախսերը կը հոգան Երեւանի քաղաքապետարանն ու Հ.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը:
Երրորդ խումբի` համալսարաններու մէջ ուսանողներուն վարձերը կը հոգան երեք կառոյցներ` Հ.Հ. Կառավարութիւն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւն, Հ.Բ.Ը.Մ.։ Ու այս բոլորը կը կատարուի այնպէս, որ աջ ձեռքը չիմանայ ձախին ըրածը, եւ այն աստիճան համեստութեամբ, որ միլիոնաւոր հայեր անգամ անտեղեակ են, հաւանաբար` անտարբեր, եւ կ՝ապրին Չորրորդ իշխանութեան լուծի տակ: