ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿԸ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, Ապրիլ 5-ին, հայ եկեղեցին տօնեց Յիսուսի Քրիստոսի յարութեան տօնը:
Յատկապէս Պոլսոյ հայութեան համար, իւրայատուկ էր այս տարուայ նշումը: Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումէն հազիւ քանի մը օր առաջ, Պոլսահայը տօնեց Զատիկը, որ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար մեծ տօներէն մէկն է, կրօնական իմաստով` ամէնէն կարեւորը ամբողջ քրիստոնէական հաւատքը խարսխուած է Քրիստոսի յարութեան հաւատքին վրայ:



Զատկուան նախորդ երեկոյեան` ճրագալոյցի խթման հետ վերջ կը գտնէ Մեծ պահքը:
Բոլոր հայ երդիքներէն ներս, Պոլսահայուն Ընթրիքի սեղանին վրան ալ, անպայմանօրէն տեղ գրաւած էր ձկնեղէնը, կաթնեղէնն ու հաւկիթը: Աւանդաբար զատկական սեղաններուն զարդը կը համարուի կարմիր ներկուած եւ եկեղեցին օրհնուած ձուն, որ ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի, կը խորհրդանշէ աշխարհը:
Արտաքին կեղեւը նման է երկնքին, թաղանթը` օդին եւ սպիտակուցը` ջուրին: Իսկ դեղինը երկրագունդն է: Ներկուած կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի թափած արիւնը:
Նշենք թէ, 13-րդ դարէն ի վեր է, որ ներկուած հաւկիթները իսկապէս յայտնուած են: Անոնք կը փոխանակուէին Մեծ պահքի վերջաւորութեան առիթով` այս ձեւով խորհրդանշելով ձմրան զրկանքներու շրջանին աւարտը:



Քրիստոնէութեան առաջին շրջաններուն Արեւելքի եկեղեցիները Զատիկը կը տօնէին գարնան գիշերահաւասար օրուան յաջորդող լիալուսինէն առաջ վերջին օրը` յիշատակելով Յիսուսի մահը: Յիսուսի յարութեան յիշատակութիւնը տեղի կ՛ունենար երկու օր ետք: Այս տօնը մեր նախահայրերուն կողմէ կոչուած է տօն տօնից` տօներու տօն:
Զատիկ բառը վերջնականապէս ստուգաբանուած չէ եւ տարբեր մեկնաբանութիւններով կը կապուի զատել, ազատութիւն, հատիկ (զհատիկ) զենում եւ այլ բառերու հետ:
Զատիկէն առաջ հաստատուած քառասնօրեայ պահքն ու Աւագ շաբաթը լաւագոյն միջոցն են հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեպէս եւ մարմնապէս պատրաստելու Ս. Յարութեան տօնի արժանաւորապէս դիմաւորման համար:



Սուրբ Յարութեան տօնին նախընթաց, Պոսփորի ափի հայկական եկեղեցիներուն մէջ ալ մատուցուեցաւ ճրագալոյցի սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին պահք պահողները հաղորդութիւն ստացան եւ ապա ազդանշանը տրուեցաւ զատկական տօնակատարութիւնները: Հաւատացեալները իրար ողջունեցին` “Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց“ խօսքով եւ իբրեւ պատասխան ալ ստացան, ակնկալուած` “Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի“ պատասխանը:
Ստորեւ, լոյս կþընծայենք նկարներու շարք մը, որոնք կը պատկանին Լիբանանէն Պոլիս ժամանած Ռէյչըլ Փարթամեանի եւ Ռոյ Սաատէի: Այս երկու լուսանկարիչները, որոշ ժամանակաշրջանով մը այցելած են Պոլիս եւ իրենց ոսպնեակի ետին, պատրաստած է հետաքրքրական եւ գերտպաւորիչ “քլիք“ներ:
Ստորեւ, Սուրբ Զատիկը՝ ՌԷՅՉԸԼ ՓԱՐԹԱՄԵԱՆի եւ ՌՈՅ ՍԱԱՏԷի ոսպնեակի ետին:





