Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօն

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը (ծանօթ է նաեւ իբրեւ Խաղողօրհնէքի տօն) Հայոց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է:
Կը նշուի 15 Օգոստոսին ամէնէն մօտիկ Կիրակի օրը (12-18 Օգոստոս): Տօնը ունի Շաբաթապահք, Նաւակատիք եւ Մեռելոց:
Աստուածածնի Վերափոխման գաղափարը հին է, ինչպէս ցոյց կու տայ Աստուածամօր նուիրուած արձակն ու բանաստեղծութիւնը։ Սակայն, ան եկեղեցական հիմնական վարդապետութիւն չէ դարձած մինչեւ 9-րդ դար, իսկ միայն 12-րդ դարուն է, որ տօնը «Վերափոխում» անունը ստացած է։
Կիրակի օր անուանակոչման տօնն է բոլոր անոնց, որոնք կը կրեն Տիրամօր անունը, այսպէս՝ Մարիամ, Մարի, Մայրենի, Մարուշ, Մարօ, Մաքրուհի, ինչպէս եւ անոր հետ զուգորդուած բոլոր մակդիրները՝ Անթառամ, Արշալոյս, Արուսեակ, Արփի, Արփինէ, Թագուհի, Իսկուհի, Ծաղիկ, Մարգարիտ, Սեդա, Սրբուհի, Վերժին, Տիրուհի։
Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի աւարտին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնը առանձնայատուկ է անով, որ Օգոստոսի այս շրջանը Հայաստանի հեթանոսական օրերէն եկող` հասունցող խաղողի օրհնութէան ծէսով պայմանաւորուած է: Այսինքն` տօնին օրը, Սուրբ Պատարագէն ետք, կը կատարուի խաղողօրհնէք, որմէ ետք միայն կարելի է խաղող ուտել: Այդպիսով կ’օրհնուի տարուան ամբողջ բերքն ու բարիքը: Նոյն օրհնուած խաղողէն օրհնուած գինի կը պատրաստեն, զօր մարդիկ կը պահեն մինչեւ յաջորդ տարուան խաղողօրհնէքը` իբրեւ լիառատութէան ապահովման նշան:
Մինչեւ քրիստոնէութէան մուտքը Հայաստան, հայ ժողովուրդը շատ կը սիրէր Նաւասարդի տօնը։ Նոյնիսկ այդ ամիսը Նաւասարդ կ’անուանէր: Ուրախութեամբ, խինդ ու ցնծումով կը պարէին, կը խաղային, կը մրցէին` այդպէս ոգեկոչելով մեր նահապետին յաղթանակը:
Նաւասարդի տօնակատարութիւններուն մեծ ու կարեւոր տեղ յատկացուած է հայոց ամէնէն սիրելի դիցուհիին` մայր Անահիտին: Անոր մայրական ջերմութիւնն ու անսպառ զօրութիւնը կը հայցէին բոլորը: Նորահարսը մայրական բերկրանքը զգալու երջանկութիւնը կը հայցէր, մարտիկը` զօրութիւն ու եաղթութիւն, մշակը` առատ բերք ու բարեբեր անձրեւներ, հիւանդը` ապաքինում:
Քրիստոնէութէան ընդունումէն ետք, հայերը Անահիտ դիցուհիին վերագրուող հաւատալիքներն ու աղօթքները կ’ուղղէին դէպի Սուրբ Աստուածամայրը: Եւ որովհետեւ նաւասարդէան տօնակատարութիւնները Անահիտ դիցուհիին նուիրուած մեհէաններու մէջ կը կ’ատարուէին, այդ մեհէանները կը քանդուին եւ անոնց փոխարէն կը կառուցուին Սուրբ Աստուածամօր նուիրուած եկեղեցիներ:
Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման դէպքը չէ պատմուած աւետարաններուն մէջ, այլ եկեղեցական աւանդութէան հետ կապուած է եւ կարելի է զայն գտնել յետագային յօրինուած պարականոն աւետարաններուն մէջ: Պարականոն բառը կը գործածենք այն աւետարաններուն համար, որոնք եկեղեցական կանոնէն չեն ընդունուած իբրեւ վաւերական աւետարան: Եւրոպական լեզուով զանոնք կը կոչենք Apocryphe: 1950-ին, Պիոս ԺԲ. Պապը կը հաստատէ, թէ Աստուածածնայ Վերափոխումը մաս կը կ’ազմէ քրիստոնէական հաւատոյ դաւանանքին: Սակայն հին դարերէ ի վեր արդէն ժողովուրդը ընդունած էր այս ճշմարտութիւնը իբրեւ վաւերական:
Սուրբ Աստուածածինը Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ առանցքային տեղ ունի: Մեր եկեղեցւոյ մտածողութէան ու վկայութէան եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ Սուրբ Աստուածածինը եղած է մնայուն ներկայութիւն եւ աղբիւր հոգեւոր կէանքի վերանորոգման: Մեր ժողովուրդը եատուկ երկիւղածութէամբ մօտեցած է Սուրբ. Աստուածածինին` անոր անունով եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր կանգնեցուցած եւ ուխտագնացութիւններ կազմակերպած է:
Օրերով կը պատրաստուէին ուխտագնացութիւններուն. ազգականներով, ընկերներով, բարեկամներով ճամբայ կ’իյնային նախապէս ընտրուած ուխտատեղին, կը քալէին ամբողջ գիշեր մը եւ արեւածագը կը դիմաւորէին ուխտավայրէն, ուր կը սարքուէին սեղանները, կը զոհաբերուէին պտուղները, մատաղներ կը մատուցուէին, երիտասարդները խումբ-խումբ կը պարէին, լախտի, տեղի կ’ունենար ըմբշամարտ եւ տօնը կը շարունակուէր խինդ ու ցնծուն զուարճանքներով։ Մատաղները կ’օրհնուէին ու կը զինուէին, աւանդական հարիսայի պղինձները կը շարուէին ծառին տակ, կրակարաններուն վրայ: Թթենիերուն տակ ուխտաւորները կը բանային իրենց սեղանները, կը փչէին զուռնան, կը թնդար թմբուկը, ու մինչեւ լոյս շուրջպարը կը դառնար: Կիրակի առաւօտ տեղի կ’ունենար հանդիսաւոր պատարագ: Պատարագիչ սրբազանը կ’օրհնէր հերիսան, որ կը բաժնուէր ուխտաւորներուն: Խնճոյքը, կերուխումը, զուռնան ու պարը կը տեւէին մինչեւ երեկոյ:
Խաղողօրհնէքին, նախապէս բերքի օհնութէան ու նուիրաբերութէան ծէս կար: Հասունցած առաջին պտուղները եւ բերքը պէտք էր զոհաբերել ուխտավայրերուն մէջ կամ պաշտամունքի տուներուն մէջ, որմէ ետք միայն կարելի էր ճաշակել այդ պտուղը: Այս սովորութիւնը չէ վերցուած քրիստոնէութէան մուտքով, այլ շարունակուած է: Ամանորին կը զոհաբերուէին զանազան հատեղէն, Տէառնընդառաջին` թարմ ու չոր միրգեր, Սուրբ Զատիկին` հաւկիթ, Համբարձման օրը` կաթ, Վարդավառին` հասկեր ու խնձոր, իսկ Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման օրը խաղող կ’օրհնէին:
Խաղողօրհնէքի օրը քահանան կ’օրհնէր խաղողի առաջին ողկոյզները, որոնք կը տարուէին եկեղեցի: Սակայն աւելի յաճախ քահանաները իրենք կ’այցելէին խաղողի այգիները, մկրատով ողկոյզ մը կը կտրէին, կը բարձրացնէին զայն դէպի արեւը եւ կ’ըսէին. «երկինքի լոյս Թուխ Մանուկներէն ցօղուած են մեր այս այգիին ողկոյզներըէ:
Աստուած օրհնած է մեր այգիները Նոյեան տապանով, Մովսէսի տապանակով, Քրիստոսի Սուրբ Խաչով, Աստուածածնայ արցունքով, Լուսաւորիչի լոյս հաւատքով։
Օրհնուած խաղողի ողկոյզներէն այնուհետեւ կը տարուէին լուսաղբիւրներու ակունքները եւ ուխտավայրերուն վրայ կը դրուէին, որպէսզի թռչուններն ալ անմասն չմնան երկիրի բարեբերութենէն: Օրհնուած խաղողին մէկ մասն ալ կը պահէին մինչեւ յաջորդ խաղողօրհնէք: Նոյն օրհնուած խաղողէն կը պատրաստէին անուշ գինի:
Քեսապի մէջ, Կիրակի օրը, անպայման, սմբուկով ու սիսեռով ճաշ կ’եփէին: Քանի որ սմբուկը սովորաբար տարուան առաջին բերքը կ’ըլլար, այս ճաշատեսակէն այնքան շատ կը պատրաստէին, որ սմբուկի բուրմունքը կը տարածուէր մինչեւ հարեւան թուրքերը, որոնք Աստուածածնայ տօնը «պատընճան պայրամէ (սմբուկի տօն) կ’անուանէին:

